Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բակօ Սահակեան Վերընտրուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ

July 20, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` 19 յուլիսին, Արցախի Ազգային ժողովի յատուկ նիստին 28 կողմ ձայնով Բակօ Սահակեանը  ընտրուած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ: Ան պիտի պաշտօնավարէ մինչեւ 2020:

Արցախի Ազգային ժողովի երեք` «Հայրենիք», «Ժողովրդավարութիւն» եւ «Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւնները առաջադրած էին գործող նախագահ Բակօ Սահակեանի թեկնածութիւնը: Նախագահութեան մրցակից թեկնածու Էդուարդ Աղաբեկեան ստացած է 4 ձայն:

Շնորհակալութիւն յայտնելով վստահութեան համար` հանրապետութեան վերընտրուած նախագահը նշած է, որ պիտի շարունակէ իր աշխատանքը նոր եռանդով ու նոր ծրագիրներով` յանուն Արցախի զարգացման եւ բարգաւաճման:

Նախագահ Սերժ Սարգսեանը
Շնորհաւորած Է Բակօ Սահակեանը

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ շնորհաւորական ուղերձ յղեց Բակօ Սահակեանին Արցախի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին  ընտրուելուն առիթով: Նախագահ Սարգսեանի ուղերձին մէջ կը նշուի.

«Յարգելի՛ պարոն Սահակեան,

Ջերմօրէն կը շնորհաւորեմ ձեզ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին ընտրուելու առիթով:

Պետական կառավարման մարմիններու ժողովրդավարական եւ սահուն ձեւաւորման ընթացքը կը վկայէ Արցախի ժողովուրդին ազատ ապրելու օգտին կատարած ընտրութեան անշրջելի բնոյթը: Ատիկա մարդու հիմնարար իրաւունքները եւ ազատութիւնները անշեղօրէն իրագործելու ուղին է: Այդ ճամբուն վրայ Արցախի աննկուն եւ քաջարի ժողովուրդին  ստեղծած հանրապետութեան ապագային եւս պիտի սատարեն եւ աջակցին Հայաստանի պետական բոլոր կառոյցները եւ աշխարհասփիւռ հայութիւնը:

Վստահ եմ, որ դուք պիտի շարունակէք ձեր ազնիւ ծառայութիւնը մատուցել Արցախին` յանուն մեր ընդհանուր յառաջընթացի եւ բարօրութեան: Խաղաղասէր եւ հերոսական մեր ժողովուրդին  արշալոյսները թող մշտապէս խաղաղ ըլլան»:

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Շնորհաւորէ
Բակօ Սահակեանի Վերընտրութիւնը

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի վերընտրութենէն անմիջապէս ետք, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հեռաձայնային կապ հաստատած է վերընտրեալ նախագահին հետ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ իր անունով ջերմօրէն շնորհաւորած է անոր վերընտրութիւնը` վերահաստատելով կաթողիկոսութեան եւ անոր թեմերուն ամբողջական զօրակցութիւնը Արցախի անկախութիւնը ամրապնդող բոլոր աշխատանքներուն:

Արամ Ա. կաթողիկոս շնորհաւորական գիր մը յղած է նախագահին, որուն մէջ ըսուած է. «Անցնող տարիներուն դուք բարձրագոյն աստիճանի նուիրումով ու ամբողջական յանձնառութեամբ ծառայեցիք Արցախի  Հանրապետութեան սահմաններուն մէջ հաստատուած մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Դուք ձեր գերագոյնը կատարեցիք Արցախի  Հանրապետութեան անկախութեան առաւել ամրապնդման, ժողովուրդի տնտեսական կեանքին բարելաւման, ինչպէս նաեւ մեր քաջարի բանակին հզօրացման համար: Միջազգային քաղաքական ու դիւանագիտական յարաբերութեանց ծիրին մէջ, դուք ամրօրէն պաշտպանեցիք Ղարաբաղի մեր ժողովուրդի ինքնորոշման արդար իրաւունքը: Այս խոր համոզումէն մղուած, Ղարաբաղի ժողովուրդը ներկայացնող պատգամաւորները ձեզ հրաւիրեցին շարունակելու ձեր հայրենանուէր ծառայութիւնը»:

Նոյն նամակին մէջ վեհափառ հայրապետը շեշտած է, թէ «Արցախի Հանրապետութեան ամուր պահպանումը Հայաստանի Հանրապետութեան ու ընդհանրապէս մեր ժողովուրդի պահանջատիրութեան համար ճակատագրական կարեւորութիւն ունի: Վստահ ենք, որ այս խոր գիտակցութենէն առաջնորդուած, ձեր կողքին ունենալով պետական մարմինները եւ հայոց արի բանակը, վերանորոգ հաւատքով ու վճռակամութեամբ պիտի շարունակէք ձեր ազգաշէն առաքելութիւնը` Ղարաբաղի ժամանակակից պատմութեան այս վճռադրոշմ հանգրուանին»:

Նախորդը

ՀՅԴ Բիւրոյի Եւ Գերագոյն Մարմնի Միացեալ Նիստի Յայտարարութիւնը

Յաջորդը

Սպանիոյ Ֆութպոլի Ֆետերասիոնին Նախագահը Ձերբակալուեցաւ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.