Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանցի Պատանիները` Մասնակցեցան «Ասպետ» Մարզահայրենասիրական Ճամբարին

July 19, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ապառաժ»-ի լրագրողներէն Լուսինէ Թեւոսեան կը գրէ, թէ 10-էն 17 յուլիսին Լիբանանէն Արցախ հասած 15 հայ պատանիներ իրենց ամառնային արձակուրդը անցուցած են Ասկերանի շրջանի Այգեստան գիւղին մէջ կազմակերպուած «Ասպետ» մարզահայրենասիրական ճամբարին մէջ:

«Նարնջագոյն» դասակի պատանիները 7 օրուան ընթացքին գիտելիքներ ձեռք բերած են` ռազմահայրենասիրական դաստիարակութեան, զինուորական ծառայութեան եւ ֆիզիքական առողջութեան ուղղութիւններով, ինչպէս նաեւ մասնակցած են մշակութային եւ մարզական հետաքրքրական ձեռնարկներու:

Լիբանանահայ պատանիներու խումբին աւագը` Միսաք Գանտահարեան, 2-րդ անգամն է, որ կը մասնակցի ճամբարին: Ան կ՛ըսէ, որ Արցախը իրենց երկիրն է, իրենց երազը, եւ իրենք իրենց տունը եկած են:

«Լիբանանի մէջ ստացած մեր տեսական գիտելիքները կրցանք գործնականօրէն կիրարկել: Ծանօթացանք հայ զինուորի առօրեային: Մենք մեր կամքով եկած ենք Արցախ, եւ շատ ուրախ ենք, որ ունեցած ենք ղարաբաղցի նոր ընկերներ», կ՛ըսէ 16-ամեայ Միսաքը եւ հպարտ-հպարտ կ՛աւելցնէ. «Լիբանանի մէջ ապրող բոլոր հայերուն երազը հայրենիքի մէջ ապրիլն է: Այս ճամբարը երազը իրականացնելու կարելիութիւնը քայլ մը առջեւ կը տանի: Ես երկրորդ անգամն է, որ կը մասնակցիմ, հետեւաբար` երկու քայլ առջեւ եմ»:

«Ճամբարին ընթացքին ստացած գիտելիքներուն որոշ չափով կը տիրապետէի. ինծի համար նորութիւնը առաւօտեան կանուխ արթննալն ու անկողին հաւաքելն էր: Իմ մէջս նոր տաղանդ բացայայտած եմ», ժպիտը դէմքին կ՛ըսէ Արի Աւետիսեան:

Արցախ առաջին անգամ այցելած Սարգիս Աբգարեանի համար ճամբարի խստութիւնը եւ տիրող կարգ ու կանոնը խորթ չէին:

«Լիբանանի մէջ հայ ծնողները երեխաներուն փոքր տարիքէն հայրենասիրութիւն կը ներարկեն: Մենք ծնած ենք ու մեծցած հայրենասիրական երգեր եւ հայրենիքի մասին պատմութիւններ լսելով: Ուրախ եմ, որ ինծի կարելիութիւն ընծայուեցաւ գալու եւ տեսնելու հայրենիքս: Թէեւ քանի մը օրէն պէտք է վերադառնամ Լիբանան, բայց իմ հոգիս պիտի մնայ Ղարաբաղի մէջ», կ՛ըսէ հայ պատանին:

Ճամբարային եօթնօրէքը յագեցած եւ բովանդակալից դարձուցած են նաեւ մարզական բազմաթիւ միջոցառումները, վկայութիւնը` բազմաթիւ մրցանակները եւ պարգեւները, զորս ստացան ճամբարականները տարաբնոյթ մրցանքներուն ընթացքին յաղթելու եւ աշխուժ մասնակցութեան շնորհիւ:

Յարութ Մարկոսեան բազմիցս այցելած է հայրենիք, սակայն ան կը խոստովանի, որ ճամբարին իր մասնակցութիւնը առանձնայատուկ է` նախ այն պատճառով, որ իր 19-ամեակը տօնած է Արցախի մէջ, նոր ընկերներուն հետ, եւ երկրորդը` առիթ ունեցած է ծանօթանալու սահմանն ու երկիրը պահող զինուորներուն:

««Կարօտ» ու «սփիւռքահայ» բառերը հոմանիշ են: Հայրենիքէն դուրս ապրողները կը կարօտնան իրենց հողերը: Կը խմեն հայրենիքի կենացը, բայց չեն տեսներ հայրենիքը. անոնք հեռու են: Հիմա մենք մեր կարօտը առինք», կ՛ըսէ Յարութ Մարկոսեան` շարունակելով. «Կ՛ուզեմ, որ Ղարաբաղը միշտ կանգուն մնայ եւ խաղաղ` իր բնութեամբ ու հիւրընկալ ժողովուրդով»:

16-ամեայ Մհեր Ճենանեանը Արցախ բերած են անոր եղբօր` «Ասպետ» ճամբարին մէջ անցուցած օրերուն պատմութիւնները: Հետաքրքրութիւն ու նախանձախնդրութիւն յառաջացնող արկածները 5 տարի ապրած է նաեւ Մհերը:

«Առաջարկ ստանալէս ետք վայրկեան մը իսկ չմտածեցի: Այստեղ մէկ առ մէկ ապրեցայ եղբօրս պատմած պահերը: Շնորհակալ եմ «Արցախ ֆոնտ»-ին եւ մեր խմբապետներուն` մեզի իրենց հարազատ զաւակներուն պէս ընդունելնուն համար», ըսաւ Մհեր:

Դասակի հրամանատար, լէյտենանտ Վրէժ Գրիգորեան տղաներուն հետ 8-օրեայ աշխատանքը գնահատեց պատուական:

«Ինծի համար պատիւ էր անոնց հետ համագործակցիլը: Տղաներուն հայրենասիրութիւնը տարբեր է, խօսքը տարբեր է, մարդկային որակները տարբեր են: Անոնք բարձր պահեցին մեր դասակի պատիւը», նշեց Վ. Գրիգորեան:

Լիբանանցի պատանիները Արցախի զարկերակը շօշափելէ ետք փաստեցին` Լիբանանը կանաչ չէ, Արցախն է կանաչ` իր ժողովուրդով, իր հայկական խօսքով ու աւանդութիւններով:

«Այսօր բոլորս աւարտած ենք դպրոցը եւ ընդունուած ենք համալսարաններ` օտարութեան մէջ ձեռք բերած մեր  գիտելիքները եւ փորձը հետագային հայրենիքին ծառայեցնելու համար: Այդ օրինակը մենք` իբրեւ լիբանանահայեր, ունինք. Վիգէն Զաքարեան, Մհեր Ջուլհաճեան: Պիտի գայ այդ օրը, եւ մենք` իբրեւ նոր հերոսներ, պիտի իրականացնենք հայոց երազներն ու նպատակները», շեշտեց խումբի աւագ Միսաք Գանտահարեան:

«Ասպետ» մարզահայրենասիրական ճամբարը 9-րդ տարին ըլլալով է, որ կը կազմակերպուի Արցախի մէջ, 4 հերթափոխով եւ 8 օրուան տեւողութեամբ:

Ճամբարը կը կազմակերպուի Արցախի կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան ու պաշտպանութեան նախարարութիւններուն կողմէ: Մարզահայրենասիրական ճամբարին կը մասնակցին Ստեփանակերտի դպրոցներու աշակերտները, Հայաստանի Հանրապետութեան «Մխիթար Սեբաստացի» կրթահամալիրի սաները եւ  լիբանանահայ աշակերտներ:

 

Նախորդը

Լիբանանահայ Ոսկերիչներու Հաւաք-Ընթրիք` Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեանի Հովանաւորութեամբ

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Խմբագրական.  Պետականութեան Յարատեւութեան  Կարգախօսին Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Պետականութեան Յարատեւութեան Կարգախօսին Տակ

October 24, 2026
Յարձակումը` Միջանկեալ  Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք.  Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ  Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Յարձակումը` Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք. Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»

October 24, 2026
Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով  Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.