Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Ժողովի Նախագահին Հետ Հանդիպելէ Ետք. «Պատրաստ Ենք Աջակցելու Փտածութեան Դէմ Պայքարին» Կ՛ըսէ Դեսպան Միլզ

Յուլիս 21, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեան 20 յուլիսին ընդունած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ռիչըրտ Միլզը:

Ողջունելով դեսպանը` Արա Բաբլոյեան յոյս յայտնած է, որ նմանատիպ հանդիպումները շարունակական ըլլան: Խորհրդարանի նախագահը ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգները Հայաստանի բարեկամ երկիրն ու կարեւոր գործընկերներէն է եւ առանցքային տեղ ունի մեր երկրի քաղաքական ու տնտեսական կեանքին մէջ:

Կարեւոր նկատելով խորհրդարանական դիւանագիտութեան դերը  երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ` Հայաստանի Ազգային ժողովի  նախագահը անհրաժեշտ նկատած է համալրել խորհրդարանականներու  փոխադարձ այցելութիւններն ու կապերու ամրապնդումը:

Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին` Արա Բաբլոյեան կարեւոր նկատած է Միացեալ Նահանգներու` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկրի շարունակական ջանքերը` ուղղուած տագնապի խաղաղ լուծման, շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` Ռիչըրտ Միլզ վստահեցուցած է, որ Միացեալ Նահանգներու նոր վարչակազմը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ Մինսքի խմբակի հոլովոյթին մասնակցելու յանձնառութեան:

«Խորհրդարանական հարթակին վրայ Հայաստանի քաղաքացիներուն  յոյսերն ու երազանքները, մտահոգութիւններն ու մարտահրաւէրները  արտացոլող բովանդակալի բանավէճ ծաւալելու հարցով առանցքային է բազմակարծութիւնը: Մենք պատրաստ ենք փտածութեան դէմ պայքարին մէջ պետական հաստատութիւններու նկատմամբ վստահութեան մակարդակի բարձրացման եւ մեր երկու մեծ ազգերուն միջեւ երկկողմանի կապերու ամրապնդման աշխատանքներուն մէջ աջակից ըլլալու ձեր ու ձեր գործընկերներուն ջանքերուն», իր խօսքին մէջ ըսած է դեսպան Ռիչըրտ Միլզ:

Զրուցակիցները գոհունակութեամբ փաստած են, որ հայ-ամերիկեան համագործակցութիւնը այս տարիներուն ընթացքին զարգացած են  տարբեր մարզերու մէջ:

Հանդիպումին անդրադարձ կատարուած է խորհրդարանական կառավարման համակարգին, Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան զարգացման եւ փտածութեան դէմ պայքարի հարցով իրականացուող քայլերուն:

 

Նախորդը

Շարմազանով. «Եւրասիական Տնտեսական Միութենէն Հայաստանի Դուրս Գալը Հայաստանի Շահերէն Չի Բխիր»

Յաջորդը

Ուաշինկթընի Մէջ. Ամերիկացի Քոնկրեսականներ Մասնակցած Են Թուրքիոյ Դեսպանատան Առջեւ Հայ, Քիւրտ Եւ Եզիտի Համայնքներու Կազմակերպած Ցոյցին

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը
Հայկական

Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»
Հայկական

Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?