Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Լեւոն Մկրտչեան Հանդիպում Ունեցած Է Սփիւռքահայ Ուսուցիչներու Հետ

July 18, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խ. Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանին մէջ կը շարունակուի սփիւռքահայ ուսուցիչներու  վերապատրաստման միամսեայ ծրագիրը, որուն մասնակիցներուն հետ երէկ հանդիպում ունեցած է Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան:

Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնած է ուսուցիչներուն անոնց ստանձնած առաքելութեան` սփիւռքահայ գաղթօճախներուն մէջ հայապահպանութեան միտուած աշխատանքին համար: Ըստ նախարարին, այս տարի ուսուցիչներու մասնակցութեան աշխարհագրութիւնը ընդլայնած է, իսկ որոշ համայնքներէ նաեւ բաւական մեծաքանակ մասնակցութիւն արձանագրուած է:

Նախարար Լեւոն Մկրտչեանի համաձայն, սփիւռքահայ ուսուցիչներու  վերապատրաստման ծրագիրը շատ հեռանկարային է, հետեւաբար կարեւոր է ճիշդ բանաձեւ գտնել` հայեցի կրթութեան հիմնահարցերը փոխանցելու սփիւռքի հայկական դպրոցներուն:

«Սփիւռքի տարբեր համայնքներու մէջ որակապէս տարբեր վիճակներ են. իւրաքանչիւրը ունի իր իւրայատկութիւնը, հետեւաբար կարելի չէ բոլորին համար մէկ ծրագիր ունենալ: Մեր աւանդական դպրոցական ծրագիրներով այլեւս կարելի չէ չորրորդ սերունդի հայեցի դաստիարակութիւն իրականացնել, եւ հայագիտական նիւթերու  նկատմամբ հետաքրքրութեան պակասը նաեւ համապատասխան ծրագիրի պակասի հետեւանք է», նշած է նախարարը` անդրադառնալով նաեւ Հայաստանի մէջ բնակող սուրիահայ աշակերտութեան կրթութեան հարցին:

Ըստ նախարարին, վերջիններս ունին ներառման խնդիր ո՛չ միայն լեզուական, այլ նաեւ աշխարհընկալման տեսանկիւնէ: «Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին մօտ տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ընթացքին յանձնարարուած է մշակել փորձնական ծրագիր` արեւմտահայերէնի պահպանման եւ զարգացման ուղղութեամբ: Անիկա կ՛ենթադրէ երկու հարթութիւններու վրայ աշխատանք` Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ: Մենք պիտի փորձենք քանի մը տարուան ընթացքին  հասնիլ անոր, որ համալսարանական ընդունելութեան քննութիւններու  մեր ծրագիրները արեւմտահայերէնով մատչելի ըլլան սփիւռքահայ աշակերտութեան», նշած է նախարարը` ուսուցիչներուն ներկայացնելով Հայաստանի Հանրապետութեան կրթական համակարգին մէջ ընթացող բարեփոխումները: Լեւոն Մկրտչեան վստահեցուցած է, որ նախարարութիւնը պիտի փորձէ լուծում գտնել սփիւռքահայ ուսուցիչներուն կողմէ ներկայացուած բոլոր հարցերուն, ինչպէս նաեւ պիտի քննարկէ վերապատրաստումներու ձեւաչափի եւ բովանդակութեան վերաբերեալ բոլոր առաջարկներն ու կարծիքները:

Հանդիպումին ընթացքին սփիւռքահայ ուսուցիչները, իրենց գոհունակութիւնը յայտնելով ընթացող վերապատրաստումներուն  վերաբերեալ, շարք մը հարցումներ ուղղած են նախարարին:

 

 

Նախորդը

Արցախի Մէջ. Նախագահ Բակօ Սահակեան Ընդունած Է Նախարար Վիգէն Սարգսեանը

Յաջորդը

Ժորժ Քեփենեկեանը` Լիոնի Նոր Քաղաքապետ

RelatedPosts

Ակնարկ.  10 Վայրկեան Եւ 2 Օր
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. 10 Վայրկեան Եւ 2 Օր

November 3, 2026
Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 3, 2026
Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը  Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի  Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.