Հայկական երկու հանրապետութիւններու պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ գոյութիւն ունեցող համագործակցութեան եւ գործողութիւններու համադրման ծրագիրի ծիրին մէջ 15-էն 17 յուլիսին աշխատանքային այցելութեամբ Արցախ կը գտնուէր Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան:
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութենէն կը յայտնեն, որ այցելութեան առաջին օրը նախարար Վիգէն Սարգսեան Արցախի իր պաշտօնակից Լեւոն Մնացականեանի ընկերակցութեամբ այցելած է հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական յենակէտերէն մէկը, տեղւոյն վրայ ծանօթացած իրադրութեան, դիրքապահներու ընկերային, կենցաղային պայմաններուն:
Յաջորդ օրը պաշտպանութեան բանակի հրամանատարութեան մէջ պաշտպանութեան բանակի հրամանատարական կազմին, անոր բաժանմունքներու եւ ծառայութիւններու պետերուն մասնակցութեամբ հրաւիրուած է խորհրդակցութիւն, որուն ընթացքին պաշտպանութեան բանակի հրամանատարը համապարփակ զեկուցումով ներկայացուցած է ընթացիկ տարուան ձեռքբերումները, իրականացուած եւ տակաւին ընթացքի մէջ գտնուող աշխատանքները:
Եռօրեայ այցելութեան վերջին օրը հայկական երկու հանրապետութիւններու պաշտպանութեան նախարարները այցելած են հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական դիրքեր, ծանօթացած թշնամիին հաւանական ոտնձգութիւններուն աւելի նպատակային հակազդելու ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն, հանդիպումներ ունեցած հրամանատարական կազմին եւ ժամկէտային զինուորական ծառայողներու հետ:
Արցախ կատարած այցելութեան ծիրին մէջ նախարար Վիգէն Սարգսեան ունեցած է նաեւ շարք մը անհատական հանդիպումներ, այցելած է Հատրութի մէջ կազմակերպուած համահայկական ուսանողական ճամբար եւ պատասխանած ճամբարականներու հարցումներուն: