18 յուլիսին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան հրաւիրած է աշխատանքային խորհրդակցութեան` Ազգային ժողովի մնայուն յանձնախումբերու, խմբակցութիւններու ղեկավարներու եւ աշխատակազմի պատասխանատուներու մասնակցութեամբ, կը տեղեկացնէ Արցախի խորհրդարանի մամլոյ ծառայութիւնը:
Քննարկումին ներկայացուած են Ազգային ժողովի յատուկ նիստի ընթացքի մասին կանոնակարգային պահանջները: Յատուկ նիստի ընթացքին խորհրդարանը, Սահմանադրութեան 168-րդ յօդուածին համաձայն, պիտի ընտրէ հանրապետութեան նախագահ, որ պիտի պաշտօնավարէ մինչեւ գործող Ազգային ժողովի լիազօրութիւններուն աւարտը:
Աշոտ Ղուլեան պարզաբանած է յատուկ նիստի ընթացակարգը, պատասխանած պատգամաւորներու հարցումներուն եւ անհրաժեշտ յանձնարարականներ տուած աշխատակազմի պատասխանատուներուն:
Խորհրդարանի յատուկ նիստը տեղի պիտի ունենայ այսօր` 19 յուլիսին: