ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ 14-15 յուլիսին Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի Բազմակուսակցական ժողովրդավարութեան հոլանտական հիմնարկին (NIMD) հրաւէրով տեղի ունեցաւ Հարաւային Կովկասի եւ Ուքրանիոյ երիտասարդ քաղաքական գործիչներու 5-րդ հաւաքը: Հաւաքին ՀՅ Դաշնակցութեան երիտասարդականը մասնակցեցաւ երեք ներկայացուցիչներով` Գէորգ Ղուկասեան, Անուշ Յովհաննիսեան եւ Արշակ Մեսրոպեան:
Ժողովի բացման ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Բազմակուսակցական ժողովրդավարութեան հոլանտական հիմնարկի ներկայացուցիչ Լեվան Տուսքիրիծէ: Բացման ներկայ էին նաեւ Վրաստանի մէջ Հոլանտայի դեսպան Եոհաննէս Տոումա եւ Հոլանտայի պաշտպանութեան նախկին նախարար Էյվեն վան Միտելքոփ: Վերջինս կարեւոր նկատեց նմանատիպ հանդիպումներու դերը շրջանային տագնապներու խաղաղ լուծման հարցին մէջ` նշելով, որ արդէն 5 տարի է ներկայ կը գտնուի այս հաւաքին, նկատած է յարաբերական աճ երիտասարդներու շրջանակին մէջ թէ՛ գիտելիքներու եւ թէ՛ հանդուրժողականութեան տեսանկիւնէն:
Ժողովի բուն ընթացքը սկսաւ աշխատանքային խումբերու կազմութեամբ. անոնք քննարկեցին ժողովրդավարական արժէքներու հաստատման եւ ընդլայնման, ապատեղեկատուութեան եւ կեղծ լուրերու դէմ պայքարի մասին հարցեր: Մասնակից երկիրներու պատուիրակութիւնները հանդէս եկան վերը նշուած նիւթերու մասին զեկուցումներով եւ ներկայացուցին առկայ իրավիճակը իրենց երկիրներուն մէջ:
Իր ելոյթին ընթացքին ՀՅԴ Երիտասարդականի պատուիրակութեան անդամ Գէորգ Ղուկասեան խօսեցաւ ժողովրդավարական արժէքներու կարեւորութեան մասին Հայաստանի մէջ եւ ընդհանրապէս` մասնաւորապէս առանձնացնելով ժողովրդավարական մեքանիզմներու կենսագործման համար անհրաժեշտ նախապայմաններու արձանագրումը, ժողովրդավարութեան եւ պետութիւններու ու հասարակութիւններու զարգացման փոխյարաբերութիւններուն միջեւ ուղղակի կապը եւ տագնապներու պարագային ժողովրդավարական կարգերու հաստատման վտանգը:
Աշխատանքային խումբերու շրջագիծին մէջ ՀՅԴ Երիտասարդականի ներկայացուցիչ Անուշ Յովհաննիսեան իր ելոյթին ընթացքին կարեւոր նկատեց կեղծ լրատուութեան դէմ պայքարը` ժողովրդավարական զարգացումներ արձանագրելու ճամբուն վրայ: Ան անդրադարձաւ նաեւ արդի աշխարհաքաղաքական հոլովոյթներուն մէջ ապատեղեկատուութեան դերին ու նշանակութեան, անոր դէմ պայքարի եւրոպական մեթոտաբանութեան:
Հաւաքին երկրորդ օրը ներկաները ծանօթացան Եւրոպայի մէջ քաղաքական գաղափարախօսութիւններուն, կուսակցութիւններու գաղափարախօսական փոխակերպումներուն եւ արդիականացումներուն վերաբերող հարցերուն, ինչպէս նաեւ կուսակցութիւններու ներքին եւ արտաքին գործունէութեան ընթացքին թուային գործիքներու կիրարկման կարեւորութիւններուն:
Մասնակիցները կարեւոր նկատեցին նման հաւաքներու կազմակերպումը եւ շարունակական ընթացքը շրջանի երիտասարդ քաղաքական գործիչներու շրջանակին մէջ` շեշտը դնելով փորձի փոխանակման դերի բարձրացման եւ նոր գիտելիքներու ձեռքբերման վրայ:
ՀՅԴ Երիտասարդականը նոյնպէս կարեւոր կը նկատէ միջազգային, եւ յատկապէս շրջանային ծրագիրները, որոնք միտուած են տարբեր ձեւաչափերով համագործակցութեան եզրերու ստեղծման եւ ընդլայնման: