2 օգոստոսին Շիրակի մարզպետը հիւրընկալուեցաւ «Փիւնիկ» կեդրոնին մէջ: Մարզպետ Արթուր Խաչատրեան շրջեցաւ, ծանօթացաւ կատարուած աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն:
Տարիներ շարունակ կեդրոնը ամրան շրջանին կը կազմակերպէ ներառական բակային ճամբար: Այս տարի բակային ճամբար կազմակերպուած է 6-էն 14 տարեկանի շուրջ 120 պատանիներու համար:
Նպատակն է փոքրիկներուն ամառնային արձակուրդը աւելի հետաքրքրական դարձնել: Օրուան մեծ մասը պատանիները կ՛անցընեն մարզանքով, բակային ու զանազան խաղերով, թատերական ներկայացումներով, դաստիարակչական ծրագիրներ-խաղերով:
Մարզպետ Արթուր Խաչատրեան ողջունեց կեդրոնի անդամներն ու պատանիները, կարեւոր նկատեց նմանօրինակ ձեռնարկներու իրականացումը. «Ես ուրախ եմ, որ դուք այսքան կարեւոր գործով կը զբաղիք եւ մեր փոքրիկներուն առօրեան հետաքրքրական եւ բովանդակալից կը դարձնէք, կը վստահեցնեմ` մենք ձեր կողքին կանգնած ենք եւ կարելիութիւններու սահմաններուն մէջ պիտի աջակցինք ձեր նախաձեռնութիւններուն իրականացման»: