Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բանակին Տօնը Աւելի Նշանակալի Պիտի Ըլլայ Առեւանգուած Բանակայիններուն Տունդարձով

Օգոստոս 1, 2017
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ

1 օգոստոսը այս տարի տարբեր պիտի ըլլայ նախորդ երեք տարիներէն` նկատի ունենալով նախագահական թափուր աթոռը եւ հանրապետութեան նախագահին չգոյութեան պատճառով Ֆայատիէի «Շուքրի Ղանեմ» սպայից վարժարանին մէջ վարժարանը աւարտող սպաներուն սուրերը ստանալու արարողութեան ջնջումը:

Այսօր` երեքշաբթի, 1 օգոստոսին բանակը պիտի նշէ իր հիմնադրութեան 72-ամեակը` «Քու փառքովդ պաշտպանուեցայ» կարգախօսին ներքեւ:

Բանակի տօնը պիտի ստանայ իր հանգամանքը,  ներկայութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Բանակի նահատակներէն Սուպհի Աքուրիի անունով կոչուած սպաներուն սերունդը, աւելի քան 200 սպաներ, իրենց սուրերը պիտի ստանան նախագահ Աունէն` ներկայութեամբ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի:

Այսքանը կը վերաբերի բանակի տօնի նշումի ձեւական բաժինին, իսկ խորքային առումով, այդ առիթը եկող օրերուն ինքզինք պիտի փաստէ` նկատի ունենալով բանակին տրամադրուելիք ամերիկեան զինուորական օժանդակութիւնը, որ երաշխաւորուեցաւ վարչապետ Հարիրիի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփի հանդիպումին ընթաքին: Այս  հանդիպումին Թրամփ դրուատած  էր լիբանանեան բանակին իրագործումները, որոնք արձանագրուած էին վերջին տարիներուն ընթացքին: Ան շեշտած էր նաեւ, որ Մ. Նահանգներ հպարտ կը զգան` օժանդակելով ահաբեկչութեան դէմ պայքարող լիբանանեան բանակին, ինչպէս նաեւ բաւարարուած ու գոհունակ կը զգան, որովհետեւ իրենց օժանդակութեամբ պիտի կարենան երաշխաւորել, որ բանակը ըլլայ Լիբանանը պաշտպանող միակ կառոյցը:

Կը նախատեսուի նաեւ, որ լիբանանեան բանակին տրամադրուելիք զինուորական օժանդակութիւնը գործնական դառնայ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի Մ. Նահանգներ կատարելիք այցելութեան ընթացքին: Զօր. Աուն 12 օգոոստոսին պիտի մեկնի Ուաշինկթըն` ընդառաջելով իր աւարտած համալսարանին` Ուաշինկթընի ամերիկեան համալսարանին կողմէ իր զինուորական, քաղաքական ու քաղաքացիական մարզերու մէջ պաշտօններ կրող շրջանաւարտներու մեծարանքի հրաւէրին:

Վստահելի աղբիւրներու համաձայն, լիբանանեան բանակին պիտի տրամադրուին «Սուփըր Թոքանօ» ուղղաթիռներ, որոնց կարիքը ունի լիբանանեան բանակը` ահաբեկչութեան դէմ իր մղած պատերազմին շրջագիծին մէջ:

Այս առիթով նոյն աղբիւրները կը հաստատեն, որ Ռաս Պաալպեքէն Քաայի բարձունքներ երկարող ահաբեկչութիւնը մաքրագործելու արշաւը պիտի գործադրուի լիբանանեան բանակին կողմէ եւ ոչ թէ` Հըզպալլայի, ինչպէս էր պարագան Արսալի բարձունքներուն:

Ինչ կը վերաբերի Ռաս Պաալպեքի եւ Քաայի բարձունքներուն ճակատամարտը սկսելու ժամկէտին, ապա այդ մէկը կը մնայ անորոշ` նկատի ունենալով, որ բանակը տակաւին չէ ամբողջացուցած գետնի վրայ իր որդեգրած զինուորական միջոցառումները: Կը նախատեսուի, որ այդ ճակատամարտը ամիսներ ետք յայտարարուի, բացի եթէ այլ տուեալներ պատճառ դառնան, որ անմիջական ճակատամարտ մը բռնկի:

Ինչ որ մտահոգութիւն կը փարատէ բանակին կողմէ բազմիցս կատարուած հաստատումներն են, թէ ՏԱՀԵՇ-ին դէմ մղուելիք պատերազմին յաղթանակը կրնան ապահովել եւ ՏԱՀԵՇ-ը տապալել երկրին արեւելեան սահմաններուն վրայ` պաշտպանելով լիբանանեան հողն ու լիբանանցիները եւ ահաբեկչութեան վտանգը հեռացնելով Լիբանանէն:

Բանակի յատուկ աղբիւրներ շեշտեցին, որ ամերիկեան զինուորական օժանդակութիւնները իրենց իսկական ու գործնական ներդրումը պիտի ունենան ահաբեկչութեան յաղթելու եւ երկիրը պաշտպանելու իրենց պարտականութիւնը գերազանց կերպով աւարտելու:

Ամերիկեան զինուորական օժանդակութեան կողքին, շատ կարեւոր պիտի ըլլայ բանակին վայելելիք քաղաքական բացարձակ զօրակցութիւնը, որ յստակօրէն իր արտայայտութիւնը գտաւ վարչապետ Հարիրիի յայտարարութիւններով` բանակի հրամանատարին հետ անոր ունեցած հանդիպումէն ետք: Հանդիպումը տեղի ունեցած էր Արսալի սուրիացի տեղահանուածներու Նուր եւ Քարիէ գաղթակայաններուն մէջ բանակին խուզարկութիւններուն եւ կատարած ձերբակալութիւններու լոյսին տակ:

Այս շրջագիծին մէջ բանակին դէմ ցեխարձակումներու եւ ամբաստանութիւններու տարափ մը արձանագրուեցաւ կարգ մը լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններու կողմէ, երբ բանակին ձերբակալած յանցագործներէն չորսը մահացաւ: Սակայն այդ մասին բացուած հետաքննութեան վերջերս հրապարակուած արդիւնքները փաստեցին, որ ձերբակալուած սուրիացիները առողջական հարցերու պատճառով մահացած էին, եւ թէ` բանակը իր գործած ներխուժումին ընթացքին բոլոր օրէնքները յարգած էր:

Բանակին օժանդակութիւն ապահովելու նպատակով վարչապետ Հարիրի յայտնած էր նաեւ, որ յառաջիկայ 11 օգոստոսին պիտի այցելէ Մոսկուա եւ հանդիպում մը ունենայ Ռուսիոյ նախագահ  Վլատիմիր Փութինի հետ:

Այս օժանդակութիւններուն զուգահեռ,  հաւանաբար մնայուն կերպով մոռացութեան  կը փորձեն ենթարկել Իրանի կողմէ լիբանանեան բանակը զինելու պատրաստակամութիւնը, որ հաւանաբար ամէնէն ճոխը պիտի ըլլայ` նկատի ունենալով հզօր լիբանանեան բանակ զինելու պատրաստելու Իրանի յանձնառութիւնը:

Լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ տարօրինակ չէ տեսնել հակասութիւններ եւ հակադրութիւններ: Ինչ որ բանակին կը վերաբերի, այդ հակասութիւններուն գագաթնակէտն է, որովհետեւ բանակին հզօրացումը պահանջող կողմերը ընդհանրապէս այն անձնաւորութիւններն են, որոնք կը մերժեն Իրանի օժանդակութիւնները: Անոնք յաճախ նաեւ նոյն անձնաւորութիւններն են, որոնք ոչ մէկ առիթ կը փախցնեն հարուածելու եւ ամբաստանելու բանակը:

Հոս հարկ է հաստատել, որ բանակը երկրին ապահովական կայունութեան հսկող եւ ժողովուրդին ամբողջական զօրակցութիւնը վայելող միակ հաստատութիւնն է, հետեւաբար պէտք է գուրգուրալ բանակին եւ հզօրացնել զայն այն միջոցներով, որոնք առատաձեռն նուիրատուութիւն կ՛ապահովեն եւ արագօրէն կրնան տրամադրուիլ:

Իսկ լաւագոյն տարբերակը պիտի ըլլայ Դիմադրութեան մարտիկներուն` բանակին միաձուլումը: Ճի՛շդ է, որ բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն ոսկեայ տարազը իր բարիքները  բերած է Լիբանանեան եւ այդ բարիքներէն էին վերջերս Արսալի բարձունքներուն վրայ ցուցաբերուած հերոսական կռիւները, որոնք մաքրագործեցին Ժապհաթ Նուսրայի ահաբեկիչները եւ հաւատադրժողական անոնց զինեալներուն մնացորդացը վտարեցին Լիբանանէն:

Սակայն իտէալականը պիտի ըլլայ բանակն ու Դիմադրութիւնը միախառնել եւ ահաբեկչութիւնը տապալած Լիբանանն ու անոր բանակը հզօրացնել` ամրապնդելով լիբանանեան պետութիւնը:

Այս բոլորը կը մնան հեռակայ նպատակներ,  ծրագիրներ եւ կարելիութիւններ, իսկ ներկայ փուլին բանակին տօնը աւելի նշանակալի պիտի  ըլլայ առեւանգուած բանակայիններուն տունդարձով, որովհետեւ ան վերջ պիտի տայ անոնց հարազատներուն ցաւին, որ վերածուած է նաեւ լիբանանցիներուն ցաւին:

 

 

Նախորդը

Բրիտանիա Պիտի Աջակցի Հայաստանի Մէջ Հակափտածութեան Ռազմավարութեան Իրականացման

Յաջորդը

Խմբագրական. Լիբանանեան Բանակի Աւանդական Եւ Նոր Գործառոյթները

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?