Քանաքեռաւանէն Մարիա Սարգիսեան կը հաղորդէ, որ 2 օգոստոս 2017-ին երրորդ օրն ըլլալով շարունակուեցաւ ՀՅԴ պատանեկան միութիւններու «Խանասորից Շուշի, յաղթանակից յաղթանակ» խորագրեալ համահայկական բանակումը, ուր նկատելի է արդէն, որ բանակողները շատ լաւ յարմարած են բանակավայրի մթնոլորտին ու դարձած անոր հարազատ բնակիչները:
Այսօրուան ուղեւորութիւնը եղաւ դէպի Գառնի եւ Գեղարդ. պատանիները շրջագայեցան պատմամշակութային այս կառոյցներուն մէջ եւ ծանօթացան անոնց ենթաբաժիններուն ու ճարտարապետական իւրայատկութիւններուն:
Ապա անոնք մեկնեցան «Արամ Մանուկեան» կեդրոն, ծանօթացան անոր կառուցուածքին ու հոն գործող միութիւններու աշխատանքներուն, այնուհետեւ անոնք երկու խմբակի բաժնուեցան, եւ անոնց մատուցուեցաւ դասախօսութիւն` «Հայաստանի ներքին եւ արտաքին մարտավարութիւնը» խորագիրով: Դասախօսներն էին Արտակ Սարգիսեան եւ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Արմէնուհի Կիւրեղեան:
Օրուան վերջին յայտագիրով յեղափոխաշունչ երգերով ելոյթ ունեցաւ Սուրէն Աճէմեան, որ դարձեալ իր ճոխ երգացանկով խանդավառեց բանակողները` նոր թափով սկսելու համար բանակումի 4-րդ օրը:
«Աւարայրից Ջանք Առանք, Այստեղ Մի Պահ Կանգ Առանք,
Որ Շունչ Առած Շունչերնիս Տանք Սարդարապատի Պատի Տակ»
Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան 100-ամեակին նախօրեակին ՀՅԴ պատանեկան միութիւններու «Խանասորից Շուշի, յաղթանակից յաղթանակ» 3-րդ համահայկական բանակումին մասնակիցները, իրենց աշխատանքային երկրորդ օրուան ընթացքին, հաւատարիմ նախնեաց կտակին, ուղղուեցան դէպի Սարդարապատի յուշակոթող, որ հայ ժողովուրդի լինելութեան խորհրդանիշն ու յաղթանակներու թագն ու պսակն է: Բանակողները նախ այցելեցին տեղւոյն թանգարանի մասնաբաժինները եւ ստացան համապատասխան բացատրութիւններ, ապա անոնք Սարդարապատի վիթխարի կառոյցի զանգերու ղօղանջին ներքեւ յիշատակի խմբանկարով մը անմահացուցին իրենց այցելութիւնը, որ ինքնին նոր նուաճուած յաղթանակ մըն է, կերտուած` նոր սերունդի մը հսկայ նման բանակով:
Բանակողներու յաջորդ կանգառը եղաւ Ս. Էջմիածնի մայր տաճարը, որ այլ խորհուրդ մը կը պարփակէր իր մէջ եւ կ՛ապացուցէր, որ Հայ եկեղեցին է՛ ու կը մնայ այն ամրակուռ ամրոցը, որ մեզ պաշտպանած է կեանքի փոթորիկներուն դէմ ու առաջնորդած դէպի խաղաղ նաւահանգիստ:
Բանակավայր վերադարձով, ճաշի եւ դադարի օրակարգերէն ետք, տեղի ունեցաւ ներքին ցուցահանդէս, ուր բանակումին մասնակից երկիրներուն ներկայացուցիչները ցուցադրեցին տպագրուած գիրքեր, պրոշիւրներ, էջադիրներ, թի-շըրթներ, խտասալիկներ, գրպանի օրացոյցեր եւ այլ տիպի իրեր, որոնք կը մարմնաւորեն իւրաքանչիւրի ծաւալած ազգանուէր ծառայութիւնը իր ապրած գաղթօճախին մէջ: Ապա իւրաքանչիւր շրջան ներկայացուց իր պատանեկան միութեան պատմականը, ծննդոցէն մինչեւ օրս, ինչ որ մեծապէս կը նպաստէ հայապահպանման վեհ գործին:
Օրակարգի յաջորդ կէտով բանակողները իրենց խմբակներով մասնակցեցան հետաքրքրական մարզական խաղերու, որոնք իրենց հաճելի անդրադարձը ունեցան` ընկերային մտերմիկ մթնոլորտ մը ստեղծելով:
Հուսկ, օրակարգի վերջին կէտով տեղի ունեցաւ յեղափոխական երեկոյ` մասնակցութեամբ հայրենասիրական երգերու մեկնաբան Սամուէլ Երանեանի, որ իր իւրայատուկ ոճով խրախուսեց պատանիները` ազգային եւ յեղափոխական երգերու գեղեցիկ ծաղկաքաղով: