Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանութիւնը Կառավարութեան Առաջնահերթութիւններէն Է» Շեշտեց Կարէն Կարապետեան

August 2, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած է Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան 2017-2019 թուականներու գործունէութեան ծրագիրի համակարգող խորհուրդի առաջին նիստը:

Վարչապետը նշած է, որ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը կը հանդիսանայ կառավարութեան գործունէութեան հիմնական ուղղութիւններէն եւ առաջնահերթութիւններէն մէկը: «Ասիկա բնական է, քանի որ մեր երկրի սահմանադրութեամբ` մարդու իրաւունքները յարգելն ու պաշտպանելը պետական իշխանութեան առանցքային պարտականութիւններէն է», հաստատած է Կարէն Կարապետեան:

Վարչապետին համաձայն, հանրապետութեան գործադիր մարմիններու գործողութիւնները մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան մարզին մէջ առաւել համակարգուած եւ արդիւնաւէտ դարձնելու նպատակով` կառավարութեան կողմէ այս տարուան 4 մայիսին հաստատուած է Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ազգային ռազմավարութենէն բխող 2017-2019 թուականներու գործունէութեան ծրագիրը, որուն մէջ ճշդուած են 96 գործողութիւններ, նաեւ` իւրաքանչիւր գործողութեան իրականացման յստակ ժամանակացոյցը, չափանիշները, ակնկալուող արդիւնքը եւ պատասխանատու մարմինները: Բացի ատկէ, միշտ ծրագիրին հետեւելու եւ համակարգման աշխատանքները կատարելու նպատակով ստեղծուած է համակարգող խորհուրդ, որ բաղկացած է կառավարութեան տարբեր օղակներու եւ պետական մարմիններու ներկայացուցիչներէ:

Վարչապետին համաձայն, համակարգող խորհուրդը ամէն եռամսեակ կը կազմակերպէ քննարկումներ, որոնց ընթացքին կը ներկայացուին գերատեսչութիւններուն կատարած աշխատանքները: Ան կարեւոր նկատած է քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն մասնակցութիւնը համակարգող խորհուրդին կողմէ կազմակերպուող հանրային քննարկումներուն, որոնք կրնան արդիւնաւէտ հարթակ հանդիսանալ շահագրգիռ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն կողմէ ծրագիրին ընթացքին վերաբերեալ իրենց դիտողութիւններու եւ առաջարկներու ներկայացման:

Նիստին ընթացքին քննարկուած են մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան մարզին մէջ նախարարութիւններու, կառավարութեան առընթեր մարմիններու եւ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակին կողմէ 2017-ի առաջին կիսամեակին կատարուած աշխատանքները եւ հետագային առնուելիք քայլերը:

 

Նախորդը

«Անվտանգ Հայաստան» Միջազգային Ցուցահանդէսը` Շուտով Երեւանի Մէջ

Յաջորդը

Ընթացք Առաւ ՀՅԴ Պատանեկան Միութիւններու Համահայկական 3-րդ Բանակումը

RelatedPosts

Ակնարկ.  10 Վայրկեան Եւ 2 Օր
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. 10 Վայրկեան Եւ 2 Օր

November 3, 2026
Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 3, 2026
Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը  Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի  Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.