Երէկ` 2 օգոստոսին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած է տնտեսական կառավարման համակարգի բարելաւման վերաբերող խորհրդակցութիւն: Ռազմավարական նախաձեռնութիւններու կեդրոնի եւ «Արար» հիմնադրամի ներկայացուցիչները վարչապետին զեկուցած են համակարգի ախտորոշման արդիւնքները եւ գործառութային ստորաբաժանումներու գործունէութեան խոչընդոտները` ներկայացնելով կառուցուածքային նոր առաջարկներ: