Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դեմոյեան. «Թուրքիոյ Խորհրդարանի Տխրահռչակ Որոշումը Էրտողանի Կողմէ Շղթայազերծուած Հալածանքներու Ծիրին Մէջ Պէտք Է Դիտել»

August 1, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ «Հայոց ցեղասպանութիւն» եւ այլ արտայայտութիւններու կիրարկումը արգիլող օրէնքի ընդունման փաստը «իսկապէս զաւեշտալի է, նոյնիսկ ծիծաղելի կարելի է նկատել»: Այս մասին «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին ըսաւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան:

Դեմոյեան ընդգծեց, որ «տրամաբանօրէն անիկա կը համապատասխանէ այն բոլոր զարգացումներուն, ինչ որ այսօր տեղի կ՛ունենայ Թուրքիոյ մէջ` Էրտողանի իշխանավարումէն սկսեալ, եւ յատկապէս 2016-ի ամրան տեղի ունեցած անյաջող յեղաշրջման փորձէն ետք, երբ Թուրքիոյ մէջ մեծածաւալ  ընդգրկունութիւն ստացած են հալածանքները` բոլոր մարզերուն մէջ»:

Այդ յեղաշրջման փորձը, ըստ Դեմոյեանի, առիթ տուաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին ամբողջ թափով հալածանքներու մեծ մեքենայ մը ի գործ դնել, որուն իբրեւ հետեւանք տասնեակ հազարաւոր զինուորականներ հեռացուեցան պաշտօններէ: «Շուրջ 8 հազար դասախօսներ եւ ակադեմականներ, այսինքն` հետազօտողներ, հեռացուած են համալսարաններէ, լրագրողները` նոյնպէս հազարներով: Այսինքն` այսպիսի աննախադէպ հալածանքներու ալիք Թուրքիոյ մէջ վերջին 50 տարուան ընթացքին չէր եղած», նշեց ան:

Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի կանոնակարգին մէջ կատարուած վերջին փոփոխութիւններով, որոնք Հայկ Դեմոյեանը «տխրահռչակ որոշում» որակեց, անոր կարծիքով` աւելի շատ ազդակներ կ՛ուղղեն երկրին ներսը` ազատական շրջանակներուն: «Ասիկա տրամաբանօրէն այն շարքին մէջ կարելի է դիտել, որ Էրտողանը սկսած է` վերջին շրջանին ազատական շրջանակները փորձէ ոչնչացնել իր լիակատար մենիշխանութիւնը ապահովելու համար` այս է ամբողջ տրամաբանութիւնը», շեշտեց Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէնը:

 

Նախորդը

Լափշին Խնդրած Է Զինք Արտայանձնել Իսրայէլին

Յաջորդը

Սեպտեմբերին Եւ Հոկտեմբերին Եւրոպական Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի Նիստերուն Պիտի Մասնակցին Հայաստանի Խորհրդարանականները

RelatedPosts

Խմբագրական.   Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի  Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ

September 15, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.