21 օգոստոս 2017-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի վեհարանին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի երկու ներկայացուցիչները: Սոյն հանդիպման ներկայ էր նաեւ Լիբանանի քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան հայ համայնքի ներկայացուցիչ դոկտ. Ժան Սալմանեան: Հիւրերը, նախ եւ առաջ, վեհափառ հայրապետին ներկայացուցին խորհրդարանի նախագահին ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները, ապա յանձնեցին պաշտօնական հրաւէր մը` սէյիտ Մուսա Սատրիի նուիրուած յիշատակի հանդիսութեան:
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ քննարկելու Լիբանանի ներքին կեանքը յուզող հարցեր եւ յատկապէս Պեքաայի ու Արսալի շրջաններուն մէջ տիրող ապահովական ընդհանուր կացութիւնը: Այս առիթով վեհափառ հայրապետը ողջունեց լիբանանեան բանակին արի կեցուածքը` ի խնդիր Լիբանանի անկախութեան, պաշտպանութեան ու բոլոր շրջաններուն մէջ ապահովութեան ամրապնդման:
Յայտնենք, որ վերոյիշեալ հանդիսութեան, յանուն վեհափառ հայրապետին, պիտի մասնակցին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանն ու դոկտ. Ժան Սալմանեանը:
Նոյն օրը, վեհափառ հայրապետը հեռաձայնային կապ հաստատելով շնորհաւորեց Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Միշել Ժալխը` Անտոնեան համալսարանի նախագահ ընտրուելուն առիթով: Դոկտ. Ժալխ վեհափառ հայրապետը հրաւիրեց համալսարան դասախօսութիւն տալու: