Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համագործակցութեան Անդրանիկ Նախաքայլ` Քուէյթի Ազգային Վարժարանին Եւ Հայաստանի «Անանիա Շիրակացի»-ի Անուան Ճեմարանին Միջեւ

Օգոստոս 22, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկուշաբթի, 21 օգոստոս 2017-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան  կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան մասնաշէնքին մէջ Հայաստանի «Անանիա Շիրակացի» Ճեմարանին եւ Քուէյթի Ազգային վարժարանին միջեւ ստորագրուեցաւ համագործակցութեան եւ բարեկամութեան յուշագիր: Սոյն յուշագիրը իր տեսակին մէջ եզակի է այն առումով, որ առաջին համաձայնագիրն է, զոր կը ստորագրուի սփիւռքեան եւ հայաստանեան կրթօճախներու միջեւ: Նշեալ յուշագիրով կողմերը կ՛իրականացնեն շարք մը ծրագիրներ, որոնք պիտի նպաստեն ուսուցիչներու վերապատրաստման աշխատանքին, աշակերտներու ուսման մակարդակի բարելաւման, առցանց ողիմպիականներով եւ ամառնային ճամբարներով: Կը նախատեսուի բոլոր հարցերը քննարկել յատուկ ձեւաւորուած աշխատանքային խումբերով: Յուշագիրը ստորագրեցին Հայաստանի կողմէ «Ա. Շիրակացի» ճեմարանի տնօրէն Աշոտ  Ալիխանեան, իսկ Քուէյթի Ազգային վարժարանին կողմէ տոքթ. Ներսէս Սարգիսեան: Պաշտօնական ձեւակերպումներէն ետք տոքթ. Սարգիսեան իր սրտի խօսքը ուղղեց ներկաներուն` ըսելով. «Քուէյթի Ազգային վարժարանը 1960 թուականէն սկսեալ իբրեւ կրթական հաստատութիւն մեծ ներդրում ունեցած է հայ սերունդներու դաստիարակութեան եւ համալսարանական ուսման պատրաստութեան իմաստով: Ինչպէս գիտէք, որեւէ կրթական հաստատութիւն, յատկապէս սփիւռքի մէջ կը դիմագրաւէ բազում դժուարութիւններ: Այդ դժուարութիւններուն մեծագոյնը կը հանդիսանայ արդիական կրթական եւ ուսումնական չափորոշիչներու հետ քայլ պահելու հրամայականը: Մենք` իբրեւ Ծոցի երկիրներու մէջ գործող միակ ամէնօրեայ հայկական վարժարան, պարտաւոր ենք գործնական քայլ առնել, որպէսզի այս հաստատութիւնը գոյատեւէ, յանուն ապագայ սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան եւ բարձրագոյն ուսման հասնելու նպատակով: Այս աշխատանքին մէջ միայն մեր ճիգերով չէինք կրնար յառաջանալ, սակայն կը գիտակցէինք, որ մեր թիկունքին կայ պետականութիւն: Ուստի մեր առաջին հասցէն եղաւ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը, որ մօտէն հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց, տուաւ ուղղութիւններ, որոնց միջոցով մենք ծանօթացանք «Ա.  Շիրակացի» միջազգային ճեմարանի հրաշալի տնօրէնութեան ու անձնակազմին: Մենք հպարտ ենք «Շիրակացի»-ի նուաճումներով եւ մեզի համար ձգտում մըն է հասնիլ գիտական այդ մակարդակին: Մեզի յատկապէս կը հետաքրքրէ միջազգային պաքալորէայի փորձը եւ այդ փորձի կիրարկումը մեր դպրոցին մէջ, ինչ որ յարատեւ ճիգի եւ աշխատանքի առիթ պիտի ըլլայ մեզի համար, որովհետեւ օրինական դաշտի հետ պատշաճեցումներու խնդիրներու եւ մեր անձնակազմի վերապատրաստման հետ կապուած հարցերու լուծման համար «Ա. Շիրակացի» ճեմարանը իր գործնական ներդրումը պիտի ունենայ: Ինծի համար ուրախալի առիթ է այսօր, որովհետեւ մենք իսկապէս կը զգանք, որ մեր կողքին ունինք հրաշալի մարդիկ ու հրաշալի հաստատութիւններ եւ մեր հարազատ հայրենիքը, որ մեր դժուարութիւնները յաղթահարելու համար ամէն բան տալու տրամադիր է: Մենք կը խոստանանք, որ այս յարաբերութիւնը պարզապէս ձեւական բնոյթ չստանայ, այլ անիկա իրական յարաբերութիւն ըլլայ սփիւռքեան եւ հայաստանեան կրթօճախներու միջեւ` լաւ օրինակ դառնալով այլ հաստատութիւններու համար: Այս առիթով շնորհակալութիւն կ՛ուզեմ յայտնել Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան` յանձինս նախարար Լեւոն Մկրտչեանին եւ ամբողջ անձնակազմին: Նաեւ յատուկ շնորակալութիւն «Ա. Շիրակացի» միջազգային ճեմարանի տնօրէնութեան ու անձնակազմին եւ բոլոր անոնց, որոնք մեծապէս սատարեցին սոյն համաձայնագիրի իրականացման: Յոյսով եմ, որ այս համաձայնութիւնը իր արդիւնաւէտ պտուղները պիտի տայ»:

Ապա «Ա. Շիրակացի» Ճեմարանի տնօրէն Աշոտ Ալիխանեան իր սրտի խօսքը արտասանեց` ըսելով. «Մեր Ճեմարանը Հայաստանի վերանկախացումէն քանի մը օր առաջ ստեղծուած է եւ անիկա անկախութեան տարեկից է: Մենք առաջին Ճեմարանն ենք, որ ազգային ոգին ներառեց իր կրթական համակարգին մէջ: Մեզի համար ուրախալի պատասխանատուութիւն է ստորագրութիւնը նման յուշագիրի մը, որուն համար կ՛ողջունեմ մեր զոյգ համայնքները: Մենք առաջին Ճեմարանն ենք, որ սփիւռքը մեծատառ գրեցինք, որով մեծապէս կը հաւատայինք միասնական ճիգերով ձեռք բերուած յաջողութիւններուն: Մեզի համար մրցակցային տրամադրութիւնները բնաւ ընդունելի չեն, այլ միայն ու միայն համագործակցութեան եւ միասնութեան ոգին է, որ պիտի թեւածէ մեր փոխադարձ յարաբերութիւններուն մէջ»:

Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի տեղակալ Մանուկ Մկրտչեան ողջունելով նախաձեռնութիւնը նշեց, որ օրինակելի է, երբ հայկական վարժարանը Հայաստանէն դուրս կը փորձէ կիրարկել հայկական ուսումնական ծրագիրներ: «Մեր ուսումնական հաստատութիւնները, որոնց շարքին` «Շիրակացի» ճեմարանը, հետաքրքրական գաղափարներ ունին, սակայն մենք միշտ Հայաստանի մէջ խնդիր ունեցած ենք արձանագրուած նուաճումները թէ՛ երկրի ներսը, թէ՛ դուրսը տարածելու թէկուզ այն դպրոցներուն մէջ, ուր հայկական ծրագիրներ կ՛իրականացուին: Յոյսով եմ, որ այս նախաձեռնութիւնը օրինակ կը հանդիսանայ մեր միւս լաւագոյն դպրոցներուն համար` արտերկրի ուսումնական հաստատութիւններուն հետ համագործակցելու եւ իրենց փորձը տարածելու տեսանկիւնէն», նշեց նախարարի տեղակալը:

Հանդիպումը շարունակուեցաւ երկու վարժարաններու պատուիրակութեանց մօտէն ծանօթացումով, գաղափարներու փոխանակումով, յառաջիկային բեղուն գործունէութեան ծաւալումի մաղթանքով եւ սերտ գործակցութեան հեռանկարով:

 

 

 

Նախորդը

Բանակին Սանձազերծած «Բարձունքներու Արշալոյսը» Գործողութիւնը Կը Շարունակուի Ռաս Պաալպեքի Եւ Քաայի Բարձունքներուն Վրայ

Յաջորդը

Արցախի Մէջ Տնտեսական Աշխուժութեան Ցուցանիշը Աճած Է 15 Առ Հարիւրով

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?