Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համահայկական Համագումարին Պիտի Քննարկուի Համահայկական Խորհուրդ Հիմնելու Գաղափարը

August 17, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

18-էն 20 սեպտեմբեր Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն» խորագիրով Հայաստան-սփիւռք հերթական 6-րդ համահայկական համաժողովը:

Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրտուս Զաքարեան, զեկուցելով համագումարին մասին` «Թերթ»-ի թղթակիցին յայտնած է. «Մենք 8-9 տարիներու ընթացքին կատարած ենք հաշուառում սփիւռքեան տարբեր համայնքներու մէջ: Մենք գիտենք, թէ ուր որքան բժիշկ, իրաւաբան, պատմաբան եւ այլ մասնագիտութիւններու հայրենակիցներ ունինք: Մենք բոլոր այդ նշանաւոր հայերուն ուղարկած ենք դիմումներ եւ ներկայացուցած ենք, թէ ի՛նչ տեղի պիտի ունենայ եւ խնդրած ենք պատասխանել իրենց հաւանական մասնակցութեան վերաբերեալ: Ստացած ենք 1200 պատասխան, ուր անոնք հաստատած են, որ ներկայ պիտի գտնուին»:

Զաքարեան նաեւ յայտնած է, որ համաժողովին պիտի մասնակցին պետական, քաղաքական, հասարակական գործիչներ, համահայկական կառոյցներ եւ համայնքներու մէջ գործող կազմակերպութիւններու ղեկավարներ եւ անդամներ, լրագրողներ, կրթութեան, մշակոյթի եւ հոգեւոր մարզերու ներկայացուցիչներ սփիւռքէն, Հայաստանէն եւ Արցախէն: Ներկայ պիտի ըլլան նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան պետական բարձրաստիճան այրեր եւ հոգեւոր առաջնորդներ:

Ֆիրտուս Զաքարեան նշած է, որ համաժողովին ընդառաջ իրենք սփիւռքի տարբեր ներկայացուցիչներու հետ շփումներ ունենալով` փորձած են պարզել, թէ ի՛նչ հարցեր կը մտահոգեն զանոնք, ճշդած են անոնց կարիքները:

«Այս տարուան համաժողովը յատկանշական է այն փաստով, որ պիտի քննարկուի Համահայկական խորհուրդ ստեղծելու գաղափարը: Թէ ինչպիսի՛ լուծումներ կը տրուին անոր, ի՛նչ ժամանակի ընթացքին կը ստեղծուի անիկա, տակաւին յստակ չէ», ըսած է ան:

Ֆիրտուս Զաքարեանի համաձայն, համաժողովի կարեւորագոյն նպատակներէն է պարզել համահայկական այն օրակարգը, որուն շուրջ պէտք է հայկական բոլոր կառոյցները համախմբուին:

«Առաջնային խնդիրներէն է արցախեան տագնապի խաղաղ լուծման շուրջ աշխատանքներու քննարկումը, երկրորդը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն է եւ այլն: Քանի մը կարեւորագոյն խնդիրներ կան, որոնք պէտք է քննարկուին, անոնց լուծումներ առաջարկուին», աւելցուցած է ան:

 

Նախորդը

Խոսրովի Արգելոցին Մէջ Բռնկած Հրդեհի Հիմնական Օճախները Մարած Են

Յաջորդը

Լիբանանցի Նախարարներ Կ՛այցելեն Դամասկոսի Միջազգային Ցուցահանդէս

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.