12 օգոստոսին «Խոսրովի անտառ» պետական արգելոցի տարածքին մէջ բռնկած հրդեհը 17 օգոստոսին մարած է: Հայաստանի բնապահպանութեան նախարար Արծուիկ Մինասեանը, լրագրողներուն ներկայացնելով հրդեհաշիջման աշխատանքներուն ընթացքը, նշած է. «13 օգոստոսին պարզելով հրդեհի ծաւալները` Հայաստանի նախագահին եւ վարչապետին դիմելու անհրաժեշտութիւն յառաջացաւ, որպէսզի անոնց որոշումով միջազգային օժանդակութիւն խնդրենք: Միջազգային օժանդակութեան առաջարկ եղաւ, որուն արձագանգեց Ռուսիան եւ համապատասխան օդանաւը հասաւ Հայաստան: 16 օգոստոսի երեկոյեան հրդեհին հիմնական օճախները վերացած էին, որուն նպաստեց նաեւ տեղացած, թէկուզ ոչ յորդառատ, անձրեւը: Հիմա կան իրականացուելիք աշխատանքներ, որովհետեւ կան ծխացող օճախներ, որոնք պէտք է հիմնաւորապէս վերացնել: Այս գործողութիւնները կը շարունակուին, եւ անոնց մէջ ընդգրկուած են Հայաստանի զինուժի ծառայողները, որուն համար կը յայտնեմ իմ շնորհակալութիւնը:
Վնասի մասին խօսելով, պէտք է նկատի ունենալ, որ «պետական արգելոց» կարգավիճակը կը նշանակէ, որ կենսաբազմազանութիւնը այնտեղ սուղ կը գնահատուի պետութեան համար: Եթէ այլ տարածքներու մէջ նման կորուստը մէկ միաւորով կը գնահատուի, ապա յատուկ պահպանուող տարածքներու մէջ անիկա նիւթականի վերածած` կը բազմապատկուի 5-ով: Գիհիի պարագային, մեր կորուստին առանձնայատկութիւնը այն է, որ այս ծառատեսակները դժուար աճող են, գրեթէ անկարելի` վերականգնման տեսակէտէ եւ այս առումով, այս վնասին չափման միաւոր չկայ: Միւս կողմէ, գիհին իր կենսամիջավայրին մէջ կարելիութիւն կու տայ առանձին անասուններու տեսակներու գոյութեան, օրինակ սեւ անգղն է, որ արձանագրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան անասուններու Կարմիր գիրքին մէջ եւ կ՛ապրի այս կենսամիջավայրին մէջ: Նոյնը նաեւ կովկասեան ընձառիւծն է:
Կան սողուններու կորուստներ, մեծ անասուններու կորուստներու մասին դէպքեր չունինք, յուրախութիւն մեզ, բայց ունինք տեղափոխութիւն այլ վայր, բայց այս պահուն դժուար է ըսել, թէ ուր: Այս պատճառով մեր երկրորդ կարեւոր գործողութիւնը եղած է, որ Բնապահպանական պետական տեսչութեան յանձնարարուած է հսկողութիւն իրականացնել «Խոսրովի անտառ» պետական արգելոցի յարակից տարածքներուն մէջ, այն որսի յատուկ վայրերուն մէջ, ուր կարելի է տեղափոխել այդ անասունները, որպէսզի որսի սահմանափակումներ կիրարկենք եւ թոյլ չտանք, որ այս աղէտին պատճառով լուրջ վնաս պատճառուի մեր կենդանական աշխարհին:
Միջազգային կազմակերպութիւններէ արդէն ունինք աջակցութեան առաջարկներ, բնական վերականգնման շրջանակներու մէջ, հակահրդեհային միջոցառումները աւելի ուժեղացնելու, թեքնիք զինուածութիւնը աւելի հզօրացնելու առումով, եւ ատիկա միայն «Խոսրովի անտառ» պետական արգելոցին չի վերաբերեր, այլ բոլոր յատուկ պահպանուող տարածքներուն:
® Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել այն անհատներուն, կազմակերպութիւններուն, որոնք այս օրերուն աշխուժ, սրտցաւ վերաբերմունք ցուցաբերած են այս աղէտը կանխելու եւ հետեւանքները կարելի եղածին չափ նուազեցնելու նպատակով: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ նաեւ մեր հրամանատարներուն, զինուած ստորաբաժանումներուն, մեր զօրքերուն, որոնք մէկ մարդու նման փայլուն աշխատանք կատարեցին այս օրերուն ընթացքին եւ անգնահատելի ներդրում ունեցան մեր ժողովուրդի, պետականութեան, ապագայ սերունդներու սեփականութիւնը պաշտպանելու գործին մէջ:
Հրդեհին պատճառները յառաջիկային քննութեան միջոցով պիտի պարզուին: Չի բացառուիր որեւէ վարկած, նաեւ` մարդկային գործօնը, քանի որ հրդեհը բռնկած է այն հատուածին մէջ, ուր համայնքային եւ մասնաւոր տարածքներէ տեղաշարժը շատ է»:
Նախարարը կարեւոր նկատած է հակահրդեհային արհեստագիտութեան զինուածութիւնը եւ շեշտած, որ յառաջիկայ տարիներուն խիստ հսկողական դիտարկումները պիտի շարունակուին, պիտի մշակուի վերականգնման ծրագիր` ներգրաւելով տեղական եւ միջազգային գործընկերներ եւ այնպէս մը պիտի կատարուի, որ յառաջիկայ տարիներուն ունենանք «Խոսրովի անտառ» պետական արգելոցի կարելի եղածին չափ վերականգնուած կենսաբազմազանութեան ամբողջական պատկերը:
Նախարար Մինասեանը Պարգեւատրած Է «ԻԼ-76» Օդանաւին Անձնակազմը
Հայաստանի Հանրապետութեան բնապահպանութեան նախարար Արծուիկ Մինասեան պարգեւատրած է «Խոսրովի անտառ» պետական արգելոցի հրդեհաշիջման աշխատանքներուն մասնակից Ռուսիոյ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան յատուկ նշանակութեան «ԻԼ-76» օդանաւին անձնակազմը:
Նախարար Արծուիկ Մինասեան շնորհակալութիւն յայտնած է օդանաւի անձնակազմի բոլոր անդամներուն սրտցաւ վերաբերմունքին, ամենայն պատասխանատուութեամբ իրականացուցած աշխատանքին համար:
Նախարարին հրամանով` Հայաստանի Հանրապետութեան բնապահպանութեան նախարարութեան «Խոսրովի անտառ» պետական արգելոցի տարածքին մէջ բռնկած հրդեհի շիջման աշխատանքներուն մէջ բացառիկ ծառայութիւն մատուցելու եւ ցուցաբերած բարձր մակարդակի աշխատանքին համար «ԻԼ-76» յատուկ նշանակութեան օդանաւի հրամանատար Եւկենի Սերիխին շնորհած է Հայաստանի Հանրապետութեան բնապահպանութեան նախարարութեան «Բնապահպանութեան բնագաւառին մէջ նշանակալի աւանդին համար» նախարարութեան ոսկիէ մետալ:
Հրդեհաշիջման աշխատանքներուն մասնակցած «ԻԼ-76» յատուկ նշանակութեան օդանաւի անձնակազմի բոլոր անդամները պարգեւատրուած են նախարարութեան շնորհակալագիրերով եւ անհատոյց ու ցմահ Հայաստանի բնապահպանութեան նախարարութեան բնութեան յատուկ պահպանուող տարածքներ այցելելու վկայականով:
Նշենք, որ «ԻԼ-76» յատուկ նշանակութեան օդանաւի անձնակազմին նախարարութեան մետալներով պարգեւատրած է նաեւ արտակարգ իրավիճակներու նախարար Դաւիթ Տօնոյեան: