Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինասեան. «Խոսրովի Անտառի Հրդեհը Կ՛ընդգրկէ Արգելոցի Էական Մասը Եւ Բնապահպանական Առումով Կը Նկատուի Չափազանց Մեծ Վնաս»

Օգոստոս 17, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան բնապահպանութեան նախարար Արծուիկ Մինասեանի գլխաւորութեամբ նախարարութեան ստորաբաժանումներու աշխատակիցները, հրդեհի վայրին մէջ  գիշերային գործողութենէ ետք 15 օգոստոսի լուսաբացէն վերսկսած են հրդեհաշիջման աշխատանքները: Հրդեհի դէմ պայքարին կը մասնակցին Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ իրավիճակներու  նախարարութեան փրկարարներ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան Արարատի զօրամասի զինուորներ, Հայաստանի  կառավարութեան առընթեր ոստիկանութեան Արարատի մարզային վարչութեան աշխատակիցներ, կամաւոր դէպի վայր մեկնած բնապահպան քաղաքացիներ, Արարատի մարզի համայնքներու  բնակիչներ: 12 օգոստոսէն արգելոցին մէջ բռնկած հրդեհը մարելու ուղղութեամբ աշխատանքները կը շարունակուին նոր թափով: «Խոսրովի անտառ» պետական արգելոցի Խոսրովի տեղամասին մէջ հրդեհի դէմ կը պայքարէին Հայաստանի բնապահպանութեան նախարարութեան 150 աշխատակիցներ: Աշխատանքներուն կը խոչընդոտեն բարդ անտառային տարածքի դժուարութիւնները եւ անոր համապատասխան մեքենաներու բացակայութիւնը: 15 օգոստոսի առաւօտեան աշխատանքներուն մէջ  ներգրաւուած է նաեւ ռուսական արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան ինքնաթիռը:

Հայաստանի բնապահպանութեան նախարար Արծուիկ Մինասեան յայտնած է, որ «Խոսրովի անտառ» պետական արգելոցին մէջ հրդեհը բռնկելէ ետք շատ արագ տարածուած է, անմիջական գործողութիւնները արդիւնք չեն տուած թէ՛ տեղանքի, թէ՛ կլիմայական պայմաններու առանձնայատկութեամբ. «Թէեւ կանխարգելիչ բազմաթիւ գործողութիւններ ձեռնարկուած են, սակայն հրդեհէն կարելի չէ եղած խուսափիլ, որուն պատճառով պետական արգելոցի տարածքին մէջ, ինչպէս նաեւ համայնքային նշանակութեան տարածքներու մէջ հրդեհը բռնկած եւ շատ արագ տարածուած է: Ներկայիս անիկա կ՛ընդգրկէ արգելոցին էական մասը, որ բնապահպանական առումով կը նկատուի չափազանց մեծ վնաս: Անիկա վնաս հասցուցած է թէ՛ բուսական աշխարհին` հարիւրամեայ ծառերուն, թէ՛ կենդանական աշխարհին: Տարածքի առանձնայատկութիւնը նաեւ այն է, որ պետական արգելոցը կը գտնուի բնական միջավայրի միջանցքին մէջ: Եղած մարդկային, թեքնիք կարելիութիւններու սահմաններուն մէջ բոլոր գործողութիւնները ձեռնարկուած են, սակայն տեղանքի առանձնայատկութեամբ պայմանաւորուած անկարելի եղած է կասեցնել հրդեհը: Կը կատարուին  հրդեհաշիջման աշխատանքներ օդային տարածքէ»:

 

 

Նախորդը

Արցախի Եւ Հայաստանի Վարչապետները Մասնակցած Են Քարվաճառի Մէջ Ջուրի Գործարանի Հիմնարկէքին

Յաջորդը

Խոսրովի Արգելոցին Մէջ Բռնկած Հրդեհի Հիմնական Օճախները Մարած Են

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?