ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կը հաղորդէ, թէ 20 օգոստոս 2017-ին Ծաղկաձորի մէջ աւարտեցաւ Երիտասարդական գրասենեակին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ՀՅԴ ԱՊՀ երկիրներու ուսանողական առաջին բանակումը, որուն կը մասնակցէին 100 ուսանողներ` զանազան երկիրներէ:
Բանակումի ընդհանուր բնաբանն էր «Կազմակերպուածութիւնը ուժ է»:
Հնգօրեայ բանակումի ընթացքին մասնակիցները առիթ ունեցան իրարու ծանօթանալու եւ տեղեկանալու մասնակից շրջաններու ուսանողութեան խնդիրներուն մասին:
Դասախօսութիւններով հանդէս եկան ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, ինչպէս նաեւ Կիրօ Մանոյեան, Հրաչ Թադէոսեան, Սարգիս Մկրտչեան, Լեւոն Մկրտչեան, Խաչատուր Ստեփանեան, Արա Նռանեան եւ Գեղամ Մանուկեան:
Աշխատանոցներու ճամբով մասնակիցները քննարկեցին դասախօսութիւններուն ընթացքին արծարծուած միտքերը եւ ձեւակերպեցին իրենց տեսակէտները, զորս ներկայացուցին բանակումին վերջին օրը:
Տեղի ունեցաւ արշաւ դէպի Կեչառիս եկեղեցի եւ մօտակայ սարի գագաթ:
«ԱՊՀ երկիրներու հայ ուսանողութեան առջեւ ծառացած խնդիրները եւ առաջարկներ հետագայ ընելիքներու վերաբերեալ» նիւթին առնչութեամբ տեղի ունեցաւ միտքերու փոխանակում, որուն ընթացքին հնչեցին բազմաթիւ առաջարկներ:
Խարոյկահանդէսներն ու խրախճանքները նպաստեցին ուրախ մթնլորոտի ձեւաւորման: Բանակումը անցաւ ընկերային ջերմ մթնոլորտի մէջ:
ՀՅԴ ԱՊՀ երկիրներու ուսանողական առաջին բանակումի գնահատման օրակարգին ներքեւ մասնակիցները շեշտեցին նմանատիպ բանակումներու կազմակերպման անհրաժեշտութիւնը` առաջարկելով, որ անիկա կրէ շարունակական բնոյթ եւ ընդգրկէ նոր շրջաններ:
Փակման խօսքով ելոյթ ունեցան մասնակից տարբեր շրջաններու ներկայացուցիչներ, բանակումի ընդհանուր պատասխանատու Խաչատուր Ստեփանեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Սարգիս Մկրտչեան:



