Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բանակին Սանձազերծած «Բարձունքներու Արշալոյսը» Գործողութիւնը Կը Շարունակուի Ռաս Պաալպեքի Եւ Քաայի Բարձունքներուն Վրայ

Օգոստոս 22, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան բանակը երրորդ օրն ըլլալով Ռաս Պաալպեքի եւ Քաայի բարձունքներուն վրայ շարունակեց իր սանձազերծած «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութիւնը:

Լիբանանեան բանակը իր երրորդ օրուան աշխատանքը կեդրոնացուց ականներու վնասազերծումին եւ ազատագրուած տարածքները ականներէ մաքրագործելու վրայ:

Հաւանաբար այս աշխատանքը նախապատրաստութիւն էր բանակին իրականացնելիք գործողութեան երրորդ փուլին, որուն շնորհիւ ՏԱՀԵՇ-ի վերջին անդամը պիտի սպաննուի կամ դուրս շպրտուի Լիբանանի սահմաններէն:

Պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան բանակին գործողութիւններուն մասին մամլոյ ասուլիսի մը չհրաւիրեց, մինչ Զահլէ եւ Աքքար իրենց վերջին հրաժեշտը տուին նահատակ բանակայիններ Օսման Շտիտի, Էլի Ֆրայժէի եւ Պասեմ Մուսայի:

Ռաս Պաալպեքի եւ Քաայի բարձունքներուն վրայ բանակի սակրաւորներուն կողմէ ականներու վնասազերծումին զուգահեռ բանակը թնդանօթներով եւ «Սեսնա» տիպի օդանաւերով ռմբակոծեց ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերը` անոնց պատճառելով հսկայ վնասներ:

Բանակին յառաջխաղացքը համեմատաբար դանդաղեցաւ Ռաս Պաալպեքի եւ Քաայի բարձունքներուն մէջ` ականներու վնասազերծումին պատճառով:

Անկարգելաւորներու ջոկատէն խումբ մը զինուորներ երէկ այցելեցին Ռաս Պաալպեքի բարձունքները եւ նախորդ երկու տարիներուն ՏԱՀԵՇ-ի դէմ մղուած գործողութիւններուն ընթացքին նահատակուած իրենց զինակիցներուն լուսանկարները բարձրացուցին ազատագրուած բարձունքներուն վրայ:

Ազատագրուած շրջաններուն մէջ ականներու վնասազերծումին կողքին, բանակը բացայայտեց նաեւ քարայր մը, որ կը նկատուէր ՏԱՀԵՇ-ի զէնքի ու զինամթերքի պահեստանոցը: Հոն կը գտնուէին նաեւ բանակի տարազներ, պայթուցիչներ, նռնականետեր, հրթիռներ, պայթուցիկ նիւթեր, գնդացիրներ, ձեռնառումբեր, քամերաներ, հեռաձայնային սարքեր, ինչպէս նաեւ խթանիչ դեղեր:

Բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը Ուատի Արնապի (Արսալ) մէջ ձերբակալեց ՏԱՀԵՇ-ի պատասխանատուներէն սուրիացի Պասել Մոհամետ Ապտել Քատերը (ծանօթ` Ապու Անաս Սահլի կեղծանունով):

Ան մեղսակցած է 2014-ին լիբանանեան բանակի Հոսնի կեդրոնին դէմ գործուած յարձակումին, ինչպէս նաեւ բանակայիններու սպանութեան եւ առեւանգումին:

Բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ ուղղուեցաւ Սեն Ժորժ եւ Ժեհթաուի հիւանդանոցները, ուր այցելեց վիրաւոր բանակայիններուն:

Զօր. Աուն դրուատեց զինուորներուն զոհողութիւնները եւ քաջութիւնը` անոնց մաղթելով շուտափոյթ ապաքինում:

Նշենք, որ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Միացեալ Նահանգներ հպարտ կը զգան լիբանանեան բանակին մատուցած իրենց օժանդակութիւններով` զայն նկատելով Լիբանանը պաշտպանող միակ զինեալ ուժը եւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կռուող իրենց դաշնակիցը:

Միւս կողմէ, սուրիական բանակն ու Դիմադրութեան մարտիկները Ժարաժիրի բարձունքներուն վրայ շարունակեցին սուրիական հողերը ՏԱՀԵՇ-էն ազատագրելու պայքարը:

Արեւմտեան Քալամունի մէջ սուրիական բանակն ու Հըզպալլայի մարտիկները կրցան ազատագրել Շաապաթ Ըքքօ բարձունքը, որ ռազմավարական նշանակութիւն ունի եւ կը գտնուի Ժարաժիրի բարձունքներուն վրայ, 2364 մեթր բարձրութեան վրայ:

Սուրիական բանակն ու Դիմադրութեան մարտիկները ռմբակոծեցին Ժապալ Հալիման եւ Քըրնեթ Աժլունը, ինչպէս նաեւ Մարթպայա անցքը` ուղղակի թիրախ դարձնելով ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերը:

Նախորդը

Հանրապետութեան Նախագահը Վաւերացուց Աշխատավարձի Յաւելումներու Եւ Տուրքերու Օրէնքները

Յաջորդը

Համագործակցութեան Անդրանիկ Նախաքայլ` Քուէյթի Ազգային Վարժարանին Եւ Հայաստանի «Անանիա Շիրակացի»-ի Անուան Ճեմարանին Միջեւ

RelatedPosts

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու  «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ»  Համախոհական Ցանկի Ներկայացում
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ» Համախոհական Ցանկի Ներկայացում

Մայիս 10, 2025
Ռաժժի. «Նախագահ Աունի Քուէյթ Այցելութիւնը  Խորհրդանշական Մեծ Իմաստ Ունի»
Լիբանանեան

Ռաժժի. «Նախագահ Աունի Քուէյթ Այցելութիւնը Խորհրդանշական Մեծ Իմաստ Ունի»

Մայիս 10, 2025
Մըթրի. «Լիբանանը Հակադարձութեան  Կամ Յարձակումի Հարթակի Վերածուիլը  Պիտի Չարտօնենք»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Հակադարձութեան Կամ Յարձակումի Հարթակի Վերածուիլը Պիտի Չարտօնենք»

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?