«Խոսրովի անտառ»-ի հրդեհաշիջման աշխատանքներուն հետեւող պետական կառոյցներուն տուեալներով, 16 օգոստոսի ժամը 17:30-ին անոնք յաջողած են մարել մնացած 2.5 քիլոմեթր պարագիծին մէջ շարունակուող հրդեհի հիմնական օճախները: Արգելոցին մէջ կը կատարուին յետմարման աշխատանքներ:
Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան օգտագործած «ԻԼ-76» օդանաւը կը շարունակէ օդային հրդեհաշիջման աշխատանքները` ստեղծելով անվտանգութեան գօտիներ եւ խոնաւ միջավայր` օճախներու կրկնակի բռնկումը բացառելու նպատակով:
Օդանաւի հետագայ թռիչքներուն եւ լայնածաւալ աշխատանքներուն իրականացման վերաբերեալ որոշումը պիտի տրուի այսօր առաւօտեան` հետախուզական տուեալներու ուսումնասիրութիւններու արդիւնքներուն հիման վրայ: