Ազգային Ժողովի Նախագահին Հետ Հանդիպելէ Ետք. «Պատրաստ Ենք Աջակցելու Փտածութեան Դէմ Պայքարին» Կ՛ըսէ Դեսպան Միլզ
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեան 20 յուլիսին ընդունած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ռիչըրտ Միլզը: Ողջունելով դեսպանը` Արա Բաբլոյեան յոյս յայտնած է, որ նմանատիպ հանդիպումները շարունակական ըլլան: Խորհրդարանի նախագահը ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգները Հայաստանի բարեկամ երկիրն ու կարեւոր գործընկերներէն է եւ առանցքային տեղ ունի մեր երկրի քաղաքական ու տնտեսական կեանքին մէջ: Կարեւոր նկատելով...




















