Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Առանց Հայաստանի Համաձայնութեան Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Թուրքիոյ Անդամակցութիւնը Կարելի Չէ» Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան

September 16, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Նիուզ»-ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան ըսած է, որ առանց Հայաստանի համաձայնութեան անկարելի է Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) Թուրքիոյ անդամակցութիւնը:

Ըստ անոր, ԵՏՄ-ին Թուրքիոյ անդամակցութեան հեռանկարը իրատեսական չէ հետեւեալ հասարակ պատճառով` ԵՏՄ-ին միանալը կը նշանակէ յատուկ յարաբերութիւններ մաքսային ոլորտին մէջ: «Թուրքիան Եւրոպական Միութեան Մաքսային միութեան անդամ է: Ես չեմ կարծեր, թէ Եւրոպական Միութիւնը կը համաձայնի, որ Թուրքիան միաժամանակ ըլլայ իր մաքսային միութեան եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ: Իսկ եթէ Թուրքիան որոշէ դուրս ելլել Եւրոպական Միութեան Մաքսային միութենէն, ատիկա արդէն այլ հարց է, որ պէտք է քննարկուի: Հասկնալի է, որ առանց Հայաստանի համաձայնութեան, ԵՏՄ-ին Թուրքիոյ անդամակցութիւնը անկարելի է», ըսած է Մանոյեան:

Պատասխանելով լրագրողին այն հարցումին, որ արդեօք հաւանակա՞ն է, որ Թուրքիան Ռուսիոյ եւ ԵՏՄ-ին նկատմամբ իր արտաքին քաղաքական ուղղութիւնը կրնայ փոխել, Կիրօ Մանոյեան ըսած է. «Իր վարքագիծով Թուրքիան կը փորձէ ոչ թէ փոխել ուղղութիւնը, այլ աւելի շատ ճնշում գործադրել Արեւմուտքի վրայ: Դիտարկենք, թէկուզ Չինաստանէն կամ հիմա արդէն նաեւ Ռուսիայէն այդ նոյն սպառազինութիւններու գնումը` ՕԹԱՆ-ի մասնակից երկիրը Ռուսիայէն կը գնէ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր: Ասիկա պարզապէս ճնշում է Արեւմուտքի վրայ, քանի որ այսպէս մէկ օրուան ընթացքին կարելի չէ արտաքին քաղաքականութեան ուղղութիւնը փոխել: Ատիկա մեծ խնդիրներու առնչուած է: Այսինքն` Թուրքիան չի փոխեր իր ուղղուածութիւնը: Իսկ Ռուսիան կը փորձէ օգտուիլ Թուրքիոյ տրամադրուածութենէն, որպէսզի սեպ խրէ Արեւմուտքին հետ անոր յարաբերութիւններուն մէջ: Այսուհանդերձ, որքան ալ տարակարծութիւններ ըլլան Թուրքիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ,  Թուրքիան ու ՕԹԱՆ-ը եղած են ու պիտի ըլլան միասին»:

 

 

Նախորդը

Պլոկըրը Անձնասպան Ըլլալ Չէ Փորձած. «Եթէ Հայաստանի Կեցուածքներու Թուլացման Իբրեւ Հետեւանք Կորսնցնէք Արցախը, Գիտցէ՛ք, Որ Անոնք Ձեզ Կը Մորթեն» Գրած Է Լափշին

Յաջորդը

Ռուստամեան. «Ռուսիայէն Ոչ Թէ Պէտք Է Խնդրենք, Այլ Պահանջենք, Որ Յարգէ Մեզ»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.