Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուստամեան. «Ռուսիայէն Ոչ Թէ Պէտք Է Խնդրենք, Այլ Պահանջենք, Որ Յարգէ Մեզ»

September 16, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ խորհրդարանին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան անդրադարձած է քանի մը օր առաջ կատարած իր այն յայտարարութեան, որուն համաձայն, մենք քառօրեայ պատերազմին դատարկ ձեռքերով չենք յաղթած, այլ  ունինք անվտանգութեան երկու հիմնական բաղադրիչ` յարաբերութիւններ Ռուսիոյ հետ եւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութիւնը (ՀԱՊԿ), եւ որ լրատուամիջոցներուն կողմէ տարբեր ձեւով մեկնաբանուած է: «Եթէ ոեւէ մէկը այսօր կրնայ ապացուցել, որ մենք դատարկ ձեռքերով կրնանք պատերազմիլ, ուրեմն ես երեւի ուրիշ մոլորակի վրայ կ’ապրիմ», ըսած է ան` աւելցնելով, որ ինք խօսած է այն մասին, որուն ականատես եղած է, որովհետեւ պատերազմի առաջին իսկ օրէն այցելած է թէժ կէտեր:

«Ատիկա մեր աչքին առջեւ տեղի ունեցած է: Մենք գիտենք մեր շտեմարանները ո՛ւր են: Պէտք չէ ամէն ինչ այդպէս դիտարկել: Եթէ վաղը պատերազմ սկսի, մենք ի՞նչ զինամթերքով ու զէնքով պիտի ապահովենք ամէն բան: Այս բոլորին մասին մարդիկ պատկերացում ունի՞ն, թէ՞ ոչ», հարց տուած է ան:

Ըստ պատգամաւորին,  այսօր չկայ այլընտրանք մեր ռազմական անվտանգութեան առումով, բացի ՀԱՊԿ-ի, Ռուսիոյ կապուած ռազմավարական անվտանգութենէն: «Ասիկա ակնյայտ է: Կան պարզ բաներ, որոնք երեւելի են, սակայն մարդիկ չեն ուզեր տեսնել: Թող ինծի ուրիշ այլընտրանք ցոյց տան, որ առկայ է, ու մենք չենք օգտագործած, այն ատեն ըսեմ` այո՛,  իսկապէս մենք կոյր եղած ենք ու չենք տեսած այս բոլորը», նշած է պատգամաւորը:

Ռուստամեան նաեւ ընդգծած է, որ, այս բոլորով հանդերձ, մենք պէտք չէ սահմանափակուինք այդ համագործակցութեամբ, այլ պէտք է կարենանք այլընտրանքները աւելցնել: «Մենք պէտք է, բացի Ռուսիայէն, ունենանք այլ գործընկերներ, որոնց հետ կրնանք մեր ռազմական անվտանգութեան եւ այլ բնոյթի խնդիրներ աւելի լիարժէք կերպով լուծել», յայտնած է ան:

Պատգամաւորը շեշտած է, որ մենք Ռուսիայէն ոչ թէ պէտք է խնդրենք` մեծ եղբա՛յր, մեզ օգնէ, այլ պէտք է պահանջենք, որ Ռուսիա ինքը յարգէ իր` մեզի հետ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները:

Ըստ անոր, ըլլալով միջնորդ կողմ, եթէ Ռուսիա մեր հակառակորդին X քանակի զէնք կու տայ, մեզի պէտք է տայ X+Y քանակի, որովհետեւ Ազրպէյճան ուրիշ տեղերէ ալ զէնք կը ստանայ, եւ մենք պէտք է կարենանք հաւասարակշռութիւնը պահել:

Ներքին կեանքին վերաբերող հարցում մը ուղղելով` լրագրողներէն մէկը հարցուցած է, թէ  այս խորհրդարանը իբրեւ որակ արդեօք կը զիջի՞ նախորդին, քանի որ ամբողջ քառօրեային ընթացքին ոչ մէկ թէժ քննարկում եղած է: Ռուստամեան պատասխանած է. «Բնական է: Ամէն ինչ նոր հունի մէջ կը մտնէ, կանուխ է եզրակացութիւն ընելու` թէ անորակ Ազգային ժողով է»:

«Ներկայիս շատեր կը վարեն քիչ մը անցումային, սպասողական մարտավարութիւն, քանի որ գիտեն, թէ միւս տարուան ապրիլ 9-էն է, որ էական փոփոխութիւններ պիտի ըլլան խորհրդարանին մէջ: Բոլորը կը սպասեն, թէ վերջնական ինչպիսի՛ դասաւորումներ ու գործընթացներ պիտի ըլլան», աւելցուցած է Ռուստամեան:

Լրագրող մը ուզած է գիտնալ, թէ ժողովին ընթացքին ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչները ինչո՞ւ խօսք չեն առներ եւ ելոյթ չեն ունենար: Արմէն Ռուստամեան յայտնած է, որ ատիկա կախեալ է անկէ, թէ ի՛նչ օրինագիծ կը քննարկուի: Բացի ատկէ, նկատի ունենալով, որ Դաշնակցութիւնը համաձայնական կառավարութեան անդամ է, օրինագիծերուն շուրջ տեսակէտները նախապէս տեղի ունեցող քննարկումներու ատեն կը յայտնուին:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ իրենք մեղաւոր կը զգա՞ն, որ երկրին մէջ նման ծանր իրավիճակ կը տիրէ` պատգամաւորը ըսած է. «Անլուրջ են այն քաղաքական ուժերը, որոնք կը կարծեն, թէ պատասխանատուութիւն կամ մեղքի բաժին չունին: Քաղաքական ուժը չի կրնար մեղքի բաժին չունենալ, եթէ լուրջ ուժ է»:

Այլ լրագրող մը հարցուցած է, թէ հասարակութեան համար ի՞նչ բարեփոխումներ կատարած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը. Ռուստամեան ըսած է, որ իրենց համար բարեփոխումները ակնյայտ են: «Սերժ Սարգսեանը, ըստ էութեան, ընդունեց մեր առաջարկած 7 կէտերը: Ընդհանուր առումով,  Հայաստանի ընթացքին մէջ տեղի կ’ունենայ բեկում, մենք նոր համակարգ որդեգրած ենք, եւ անկէ կը բխի ամէն ինչ: Ղարաբաղի տագնապին, հայ-թրքական յարաբերութիւններուն առնչուած կտրուկ գործողութիւններ ու փոփոխութիւններ եղած են, նոյնը` կառավարութեան գործունէութեան պարագային», ըսած է Ռուստամեան` օրինակ բերելով հարկային ոլորտի դրական փոփոխութիւնները:

Ան նաեւ խօսած է 2018 թուականին «Ծառուկեան» դաշինքի` համաձայնական կառավարութեան մաս կազմելու հաւանականութեան մասին: «Մենք ոեւէ մէկուն հետ յարաբերութիւն հաստատելու առումով թապու չունինք: Մեր երկրին մէջ մենք որեւէ թշնամի չունինք: Մենք ունինք հաւանական գործընկերներ, կրնանք ունենալ նաեւ գաղափարական հակառակորդներ: Եթէ որեւէ դաշտէն մեր մօտեցումները պաշտպանողներ ըլլան, մենք այսօր իսկ պատրաստ ենք համագործակցելու», ըսած է Ռուստամեան` յիշեցնելով, որ վերջերս ՀՅԴ-ն փտածութեան դէմ պայքարող մարմինի ստեղծման շուրջ համակարծիք էր «Ելք» ու «Ծառուկեան» խմբակցութիւններուն հետ:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ նոր համախոհութիւն կազմելու կարիք կա՞յ կամ արդեօք այս ծիրին մէջ նոր ուժեր ներգրաւելու կարիք կա՞յ` Ռուստամեան հաստատած է. «Մենք հիմա ամբողջ ժողովուրդին աջակցութեան կարիքը ունինք»:

Նախորդը

«Առանց Հայաստանի Համաձայնութեան Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Թուրքիոյ Անդամակցութիւնը Կարելի Չէ» Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան

Յաջորդը

«Ռուսիոյ Հետ Համագործակցութիւնը Օթան-Ի Հետ Յարաբերութիւններուն Այլընտրանք Չէ» Կ՛ըսէ Քալըն

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.