«Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած լրագրութեան վարժողական ծրագիրը շաբաթական իր հերթականութեամբ կը շարունակուի:
Այս ծրագիրին հետեւող հայկական վարժարաններու միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու 12 աշակերտները հինգշաբթի, 14 սեպտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին,
«Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ հետեւեցան լրագրութեան վերաբերող յատուկ դասախօսութեան:
«Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժագ Յակոբեան հանդիպեցաւ «Ապագայ լրագրողներ»-ուն հետ` անոնց ներկայացնելով ամբողջական տեղեկութիւններ լուրերու տեսակներուն, լուրերու կարեւորութեան, օգտագործուած աղբիւրներուն, ապատեղեկատուութեան ծուղակներուն, էջադրումի դասական ձեւին եւ արտակարգ իրադարձութիւններ ընդգրկող օրերու ընթացքին խմբագրութեան որդեգրած քայլերուն մասին` էջադրումի իմաստով:
Այս մասին Ժ. Յակոբեան յաւելեալ բացատրութիւններ եւ «Ազդակ»-ի զանազան թիւերու ընդմէջէն շօշափելի օրինակներ ցոյց տուաւ վարժողական ծրագիրի հետեւող աշակերտներուն եւ ուսանողներուն:
Ժ. Յակոբեան շեշտը դրաւ պաշտօնական լրատուութեան եւ տեղեկութիւնները ճիշդ աղբիւրներէ քաղելու կարեւորութեան վրայ: Ան անդրադարձաւ նաեւ թղթակցութիւններուն` բաղդատութիւն մը կատարելով թղթակցութեան եւ սովորական լուրին միջեւ:
Ժագ Յակոբեան «Ապագայ լրագրողներ»-ուն բացատրեց նաեւ, թէ «Ազդակ» ո՛ր լրատու գործակալութիւններէն, ելեկտրոնային կայքերէն եւ զանգուածային լրատուամիջոցներէն կ՛օգտուի` իբրեւ իր հրապարակած լուրերուն հիմնական աղբիւրները: