Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Պատուիրակութիւնը Այցելեց Սփիւռքի Նախարարութիւն

Սեպտեմբեր 16, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

13 սեպտեմբերին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան պատուիրակութիւնը` ատենապետ Քարոլին Շմաւոնեանի գլխաւորութեամբ: ՀՕՄ-ի պատուիրակութեան կազմին մէջ էին` փոխատենապետ Նայիրի Տէրտէրեան, ատենադպիր Ռիթա Հինթլեան, գանձապահ Սիլվա Գույումճեան, ինչպէս նաեւ անդամներ Լիզա Աւագեան, Նելլի Վէքիլեան, Աննա Տէր Յակոբեան, Վարսենիկ Սարգիսեան, Սոնիա Աքէլեան, Ալեսիա Պեճանեան, Օժիկ Գրիգորեան եւ Նելլի Նարկիզեան:

Նախարարը շնորհաւորեց կառոյցին անդամները` ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան 25-ամեակին եւ 6 սեպտեմբերին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած ՀՕՄ-ի «Սօսէ» մանկապարտէզի հանդիսաւոր բացման առիթով: Ան կարեւոր նկատեց սփիւռքի մէջ ՀՕՄ-ի հայանպաստ գործունէութիւնը, յատկապէս` առողջապահական, կրթական, ընկերային եւ ինքնութեան պահպանման մարզերուն մէջ:

Նախարարը նաեւ ներկայացուց «Սահմանապահ գիւղերին աջակցութիւն» ծրագիրը եւ առաջարկեց 43 գիւղերէն մէկը ընտրել ու շէնցնել` զայն դարձնելով «ՀՕՄ-ի գիւղ»-ը:

Քննարկուեցան նաեւ Հայաստան-սփիւռք Համահայկական 6-րդ համաժողովի մասնակցութեան, ինչպէս նաեւ սփիւռքի նախարարութեան եւ ՀՕՄ-ի միջեւ համագործակցութեան զարգացման ու ամրապնդման վերաբերող հարցեր:

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամները, իրենց կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեցին ջերմ ընդունելութեան եւ բարձր գնահատանքին համար, ապա ներկայացուցին ՀՕՄ-ին իրականացուցած աշխատանքները` պատրաստակամութիւն յայտնելով մասնակցելու «Սահմանապահ գիւղերի աջակցութիւն» ծրագիրին եւ աշխուժացնելու իրենց մասնակցութիւնը նախարարութեան այլ ծրագիրներուն:

ՀՕՄ-ը Հայաստանի մէջ արձանագրուած է 1991-ին, եւ մօտաւորապէս 600 անդամուհիներով կը գործէ Հայաստանի 48 համայնքներու մէջ: ՀՕՄ-ի առաքելութիւնն է նպաստել Հայաստանի մէջ իրաւական, ժողովրդավարական պետութեան ձեւաւորման եւ քաղաքացիական հասարակութեան կերտման հոլովոյթին, ինչպէս նաեւ օժանդակել հայ ժողովուրդի ընկերային, կրթական, առողջապահական եւ բարեսիրական ծրագիրներու իրականացման:

 

Նախորդը

«Ապագայ Լրագրողներ»-ը Շարունակեցին Հետեւիլ Լրագրութեան Վարժողական Ծրագիրին

Յաջորդը

Այնճարի Մէջ. Վերաբացում` «Ռուբէն Նագեան» Գեղարուեստի Ակադեմիայի

RelatedPosts

ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի Մասնաճիւղի 2025-2026 Տարեշրջանի Սկաուտական Պաշտօնական Վերամուտ
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի Մասնաճիւղի 2025-2026 Տարեշրջանի Սկաուտական Պաշտօնական Վերամուտ

Դեկտեմբեր 8, 2025
Հեռու մնացէք Եկեղեցին պառակտելու ազգակործան փորձերէն
Գլխաւոր լուրեր

Հեռու մնացէք Եկեղեցին պառակտելու ազգակործան փորձերէն

Դեկտեմբեր 8, 2025
Երեւանի Մէջ Հանդիսաւոր Արարողութիւն`  Նուիրուած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան  Հիմնադրութեան 135-Ամեակին
Գլխաւոր լուրեր

Երեւանի Մէջ Հանդիսաւոր Արարողութիւն` Նուիրուած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հիմնադրութեան 135-Ամեակին

Դեկտեմբեր 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?