14 սեպտեմբերին տեղի ունեցած Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան Գերագոյն մարմինի հերթական նիստէն ետք ՀՀԿ-ի բանբեր Էդուարդ Շարմազանով անդրադարձած է քննարկուած բազմաթիւ հարցերուն, որոնցմէ նշած է վարչապետ Կարէն Կարապետեանի վարչապետութեան մէկ տարուան հաշուետուութիւնը:
«Կուսակցութիւնը դրական կը նկատէ Կարապետեանի համաձայնական կառավարութեան մէկ տարուան գործունէութիւնը: Ամրագրուած են յստակ թիւեր, եւ մեր նախատեսած ուղիով կ՛ընթանայ ամէն բան: Կայ 6 տոկոսէն աւելի տնտեսական աշխուժութիւն, արտածման եւ ապրանքաշրջանառութեան ծաւալներու կտրուկ աճ կայ, զբօսաշրջութեան աճ կայ, իսկ այս բոլորը ցոյց կու տան, որ մեր տնտեսութիւնը կ՛ընթանայ զարգացման ուղիով», յայտնած է Շարմազանով` աւելցնելով, որ պետական պիւտճէի նախագիծով նախատեսուած միւս բաները եւս պիտի գործադրուին:
Ըստ անոր, նախընտրական արշաւին ընթացքին խոստացուած 830 միլիոն տոլարի ներդրումներուն շուրջ 45 տոկոսը արդէն իրականութիւն է` առանց հաշուելու այն մասնաւոր ներդրումները, որոնք կառավարութեան գործառոյթներուն հետ կապ չունին:
Լրագրող մը հարցուցած է Ազգային ժողովի պատգամաւոր Գագիկ Ծառուկեանի այն յայտարարութեան մասին, թէ չէ բացառուած ՀՀԿ-ին հետ համաձայնական կառավարութեան կազմութիւնը:
«Տրամաբանական յայտարարութիւն էր, քանի որ քաղաքականութիւնը կարելիի արուեստ է, եւ քաղաքականութեան մէջ ոչինչ կարելի է բացառել: Այսօր մեր օրակարգին վրայ, կարծեմ նաեւ «Ծառուկեան» դաշինքին, համաձայնական կառավարութիւն կազմելու հարց չկայ: Ապագային` մէկ-երկու տարի ետք ի՛նչ կ՛ըլլայ, չեմ կրնար ըսել: Ներկայիս մեր օրակարգին վրայ համաձայնական ձեւաչափի փոփոխութեան հարց չի քննարկուիր: Ժամանակը կու գայ եւ կը ճշդուի, թէ 2018-ի կառավարութիւնը ի՛նչ ձեւաչափ պիտի ունենայ», յայտնած է Շարմազանով:


