ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին Նուիրուած ՀԱՄԱ-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ Մարզախաղեր
Քանի մը օր ետք սկիզբ կ՛առնեն ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին նուիրուած Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ մարզախաղերը, որոնք տեղի պիտի ունենան 20-էն 29 յուլիս 2017-ին, Երեւանի մէջ: Չորս տարին անգամ մը տեղի ունեցող այս մարզախաղերը մեծ խանդավառութեամբ կը սպասուին բոլորին կողմէ: Իսկ 10-րդ մարզախաղերը իւրայատուկ պիտի ըլլան` նկատի ունենալով, որ անոնցմով սկիզբը պիտի տրուի միութեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն, որոնք պիտի երկարին մինչեւ 2018-ի աւարտ: Մարզախաղերուն կը...




















