Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Իպրահիմ Ժաաֆարի յայտնեց, որ քիւրտ ղեկավարները պէտք է պատրաստ ըլլան դիմակայելու հետեւանքները, եթէ միակողմանիօրէն յայտարարեն Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի անկախութիւնը:
Իրաքեան դիւանագիտութեան պետը Գահիրէի մէջ արաբ արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին մասնակցութեան ծիրին մէջ նշեց, որ անկախութիւնը գործնական գետնի վրայ նախատեսուածէն դժուար է, եւ քիւրտ ղեկավարներուն կոչ ուղղեց` լաւապէս մտածելու նախքան անջատման քայլին դիմելը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն չի զօրակցիր Քրտական ինքնավար մարզի անկախութեան հանրաքուէին:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հետըր Նոուըրթ կոչ ուղղեց առկախ հարցերու շուրջ Պաղտատի եւ Էրպիլի միջեւ երկխօսութիւնը շարունակելու` աւելցնելով, որ իրաքցիները ՏԱՀԵՇ-ի դիմակայման համար բազմաթիւ զոհողութիւններ կատարեցին, եւ ուշադրութիւնը պէտք է կեդրոնացած մնայ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին վրայ:


