Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ճատրակ. Լիբանանի Ա. Դասակարգի Տղոց Խմբային Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Հանդիսացաւ Հայկական Առաջին Խումբը, Որ Լիբանանի Ախոյեան Կը Դառնայ

September 15, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի, 6 սեպտեմբեր 2017-ին սկսան Լիբանանի ճատրակի 2017-ի Ա. դասակարգի տղոց ախոյեանութեան մրցումները` մասնակցութեամբ 10 խումբերու:

Անոնք են` Լիբանանեան բանակ, Անդրանիկ Անթիլիաս, Սովիեթներ, Քֆարշիմա, Անիմասիոն, Թանմիէ, Ֆրերներ, Ահլի Սայտա, Անսար եւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս:

Իւրաքանչիւր օր, երեկոյեան ժամը 18:30-էն սկսեալ, տեղի ունեցան հանգրուանի մը մրցումները, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ, Նաքքաշ:

9-րդ եւ վերջին հանգրուանի ճակատումները տեղի ունեցան երէկ` հինգշաբթի, 14 սեպտեմբերին:

Իրերայաջորդ յաղթանակներու շնորհիւ, ՀՄԸՄ Անթիլիասի տինամիք կազմը ախոյեանութեան տիտղոսը ապահովեց նախքան 9-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները` նկատի ունենալով, որ ընդհանուր դասաւորման մէջ ունեցաւ 4 կէտի բացարձակ առաւելութիւն մը:

ՀՄԸՄ Անթիլիաս յաջորդաբար յաղթեց Ֆրերներուն (5,5-0,5), Թանմիէին (5-1), Անդրանիկ Անթիլիասին (4,5-1,5), Սովիեթներուն (5,5-0,5), Անիմասիոնին (4,5-1,5), Քֆարշիմային (6-0), Լիբանանեան բանակին (4,5-1,5), Անսարին (5,5-0,5):

Վերջին մրցումին, որ տեղի ունեցաւ երէկ` Ահլի Սայտայի դէմ, ՀՄԸՄ արձանագրեց իր 9-րդ յաջորդական յաղթանակը` (5-1) ախոյեանութիւնը աւարտելով առանց պարտութեան:

ՀՄԸՄ Անթիլիասի` Լիբանանի ախոյեան հանդիսանալը եւ տիտղոսին տիրանալը պատահականութեան հետեւանք չեն:

Խումբը վերջին երկու ամիսներուն իր կատարած փորձերը կրկնապատկեց` լաւապէս պատրաստուելու համար այս ախոյեանութեան` նկատի ունենալով, որ անիկա ամբողջութեամբ տարբեր է եւ չի նմանիր պլիթց կամ ռափիտ ախոյեանութիւններուն: Այս ախոյեանութիւնը ժամերու կեդրոնացում կը պահանջէ, ինչ որ կրնայ աւելի դժուարացնել մասնակցողին առաքելութիւնը:

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը եւ ճատրակի յանձնախումբը, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղի բոլոր պատասխանատուները միշտ եղան խումբին կողքին, ներկայ գտնուեցան անոր կատարած փորձերուն: Այսինքն, բառին իսկական առումով, խումբը լաւապէս պատրաստուած էր այս ախոյեանութեան:

Այստեղ տեղին է նշել, որ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի փոխնախագահ, ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ Աւօ Թիւթիւնճեան մօտէն հետեւեցաւ տեղի ունեցող փորձերուն եւ անհրաժեշտութեան պարագային տուաւ անհրաժեշտ ցուցմունքներ:

Անոր զուգահեռ, խումբին մարզիչ Ֆետի Իտ իր ամէն կարելին ըրաւ, յաւելեալ գիտելիքներ փոխանցելու բոլորին:

Խումբին շարքերը եկաւ զօրացնելու հայրենի կրանտմասթըր Գաբրիէլ Սարգիսեան, որուն մասին բոլորը գիտեն, թէ ի՛նչ նուաճումներ արձանագրած է Հայաստանի ազգային հաւաքականին հետ եւ կամ առանձին` միջազգային գետնի վրայ:

Ինչ կը վերաբերի ՀՄԸՄ-ի կազմին այս տիտղոսին տիրանալուն, ՀՄԸՄ բնականաբար յաջողեցաւ լիբանանեան ճատրակի պատմութեան մէջ իր անունը արձանագրել` նկատի ունենալով, որ խումբը իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հանդիսացաւ Լիբանանի ախոյեան:

Կը շնորհաւորենք բոլորը անխտիր եւ ի մասնաւորի ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը` արձանագրուած այս մեծ նուաճումին համար:

Նշենք, որ հայկական երկրորդ խումբը` Անդրանիկ Անթիլիաս, գրաւեց երկրորդ դիրքը, մինչ Անսար հանդիսացաւ երրորդ:

Մրցումներուն աւարտէն կարճ ատեն ետք, տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին անդամներուն ներկայութեան:

Հիւրընկալ ակումբը` Անդրանիկ Անթիլիաս, շնորհաւորելով բոլոր մրցանակակիրները, նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց բոլորին` յառաջիկային տեղի ունենալիք այլ մրցաշարքերու ընթացքին:

Ճանչնա՛Նք ՀՄԸՄ Անթիլիասի Ճատրակի
Ախոյեան Խումբին Խաղացողները

Ստորեւ կու տանք հակիրճ տեղեկութիւններ ՀՄԸՄ Անթիլիասի ճատրակի ախոյեան խումբին խաղացողներուն մասին, որոնք ամէն ջանք ի գործ դրին եւ իրենց առաւելագոյնը տալով հանդիսացան ախոյեան:

ԺԻՐՕ ՕԳՆԱՅԵԱՆ.– Ծնած է 1991-ին եւ 9 տարեկանին սկսած է ճատրակ խաղալ` իրեն մարզիչ ունենալով իր հայրը:

Լիբանանցի ճատրակ խաղացողներուն հետ ան տարիներ շարունակ փորձեր կատարած է եւ բաւական լաւ փորձառութիւն կուտակելով կրցած անոնց դէմ ճակատիլ:

Ան 16 եւ 18 տարեկանէն վար դասակարգերուն մէջ երկու անգամ հանդիսացած է Լիբանանի կրտսերներու ախոյեան:

2006-էն մինչեւ օրս Ժիրօ Օգնայեան մաս կը կազմէ ՀՄԸՄ-ի խումբին:

ԷԼԻ ԱՍՄԱՐ.- Ծնած է 1989-ին, ճատրակի աշխարհ մուտք գործած է 19 տարեկանին եւ ներկայիս ունի վարկանշային 2066 կէտ:

Լիբանանի ազգային խումբին մաս կազմած Էլի Ասմար երեք անգամ (ներառեալ այս տարի` ՀՄԸՄ-ի հետ) հանդիսացած է Լիբանանի Ա. դասակարգի խմբային ախոյեան:

2015-ին ան Լիբանանի անհատական ախոյեանութեան գրաւեց երրորդ դիրքը, իսկ 2017-ին` չորրորդ դիրքը: 2016-ին չմասնակցեցաւ ախոյեանութեան մրցաշարքի:

ՀՐԱՅՐ ՊՐՈՒՆՍՈՒԶԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՊՐՈՒՆՍՈՒԶԵԱՆ.- 1977-ին ծնած Հրայր Պրունսուզեան ճատրակի աշխարհ մուտք գործեց 15 տարեկանին:

Ան առիթով մը համալսարաններու ախոյեանութեան ընթացքին գրաւեց երկրորդ դիրքը` արժանանալով արծաթ մետալի:

Նախորդ ամիս Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած համա-ՀՄԸՄ-ական խաղերու ճատրակի մրցումներուն ան տիրացաւ պրոնզ մետալի:

Պրունսուզեան լիբանանեան ներքին անհատական ախոյեանութիւններուն եւ մրցաշարքերուն ընդհանրապէս չի մասնակցիր:

ՌԱԶՄԻԿ ՕԳՆԱՅԵԱՆ.– Ծնած է 1992-ին, ճատրակի աշխարհ մուտք գործած` 10 տարեկանին:

ՌԱԶՄԻԿ ՕԳՆԱՅԵԱՆ

Երբ 13 տարեկան էր հանդիսացած է Լիբանանի 14 տարեկանէն վար դասակարգի ախոյեան, ապա` 16 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ Լիբանանի ախոյեան, երբ 15 տարեկան էր:

2008-ին ան մասնակցելով «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ՈՒԱՅ. ՍԻ. ՍԻ.»-ին ստացած է իր միջազգային վարկանիշը (15 տարեկանին):

Ան 14 տարեկանէն ի վեր մաս կը կազմէ ՀՄԸՄ-ի խումբին:

ՖԵՏԻ ԻՏ.– 1970-ին ծնած Ֆետի Իտ 5 տարեկանին սկսած էր ճատրակ խաղալ, երբ սկսաւ լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմը:

Ան եղած է առաջին լիբանանցին, որ ստացած է միջազգային վարպետի կոչում: Ան Լիբանանի մէջ դասուած է թիւ 1:

Ան տիրացած է բազմաթիւ ախոյեանութիւններու` Լիբանանի մէջ կամ անկէ դուրս:

ՔՐԻՍԹՈՖԸՐ ՌԵՓՔԱ.- Ծնած է 1998-ին: 2017-ին հանդիսացած է Սլովաքիոյ ճատրակի ախոյեան: Անոր շնորհիւ ան ստացած է կրանտմասթըրի իր երրորդ նորման: Ան շուտով պիտի ստանայ կրանտմասթըրի իր տիտղոսը:

ԱՄՐՕ ԺԱՈՒԻՇ.– Ան հանդիսացաւ ամէնէն երիտասարդ ճատրակ խաղացողը, երբ 15 տարեկանին հանդիսացաւ Լիբանանի անհատական ախոյեանութեան տիտղոսակիր: Ան ներկայիս Լիբանանի ախոյեան է:

Ժաուիշ չորս տարբեր առիթներով մաս կազմած է Լիբանանի ճատրակի ազգային խումբին:

ԳԱԲՐԻԷԼ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ.– Ծնած է 1983-ին եւ կրանտմասթըրի կոչում ունի 2002-էն ի վեր: Ան Հայաստանի ճատրակի ազգային հաւաքականին հետ երեք անգամ տիրացած է ճատրակի համաշխարհային տիտղոսին (2006, 2008 եւ 2012), ինչպէս նաեւ` բազմաթիւ տիտղոսներու:

ՅՈՎԻԿ ԹՈՐՈՍԵԱՆ.- Ան ճատրակ խաղալու սկսած է 14 տարեկանին` ատիկա սորվելով իր հօրմէն: Ան տարիներէ ի վեր մաս կը կազմէ ՀՄԸՄ-ին:

ՀՄԸՄ-ի Արձանագրած 9 Հանգրուանի
Մրցումներուն Արդիւնքները

Ա. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ.- ՀՄԸՄ – ՖՐԵՐՆԵՐ` 5,5-0,5
Գաբրիէլ Սարգիսեան – Հաթեմ Իպրահիմ 1-0
Քրիսթոֆըր Ռեփքա – Սամիր Սըրսոք 1-0
Ֆետի Իտ – Նեպիլ Խըշըն 1-0
Ամրօ Ժաուիշ – Ռալֆ Խէյրալլա 0,5-0,5
Մահմուտ Ապտիւլ Ազիզ – Պեռնար Ժապըր 1-0
Էլի Ասմար – Ժատ Մըտաուար 1-0

Բ. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ.- ԹԱՆՄԻԷ – ՀՄԸՄ` 1-5
Թալալ Զէյմ – Գաբրիէլ Սարգիսեան 0-1
Մայա Ժալլուլ – Քրիսթոֆըր Ռեփքա 0-1
Ղասսան Հոմսի – Ամրօ Ժաուիշ 0-1
Մոհամետ Ֆարհաթ – Մահմուտ Ապտիւլ Ազիզ 0-1
Ռիատ Սայիտ – Հենի Ամմուն 1-0
Պիլալ Շըքէյր – Էլի Ասմար 0-1

Գ. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ.- ՀՄԸՄ – ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԱՆԹԻԼԻԱՍ` 4,5-1,5
Գաբրիէլ Սարգիսեան – Մանուէլ Պետրոսեան 0,5-0,5
Քրիսթոֆըր Ռեփքա – Ֆայսալ Խէյրալլա 1-0
Ֆետի Իտ – Անթուան Քասսիս 1-0
Ամրօ Ժաուիշ – Էլիաս Նատեր 0,5-0,5
Մահմուտ Ապտիւլ Ազիզ – Ռոլան Ախրաս 1-0
Էլի Ասմար – Անթուան Թոհմէ 0,5-0,5

Դ. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ.- ՍՈՎԻԵԹՆԵՐ – ՀՄԸՄ` 0,5-5,5
Մեհտի Քաուրի – Գաբրիէլ Սարգիսեան 0-1
Ատնան Խալիլ – Քրիսթոֆըր Ռեփքա 0-1
Նետիմ Համմուտ – Ամրօ Ժաուիշ 0-1
Ամիր Ապու Հիւսէյն – Մահմուտ Ապտիւլ Ազիզ 0-1
Քարիմ Համաուի – Էլի Ասմար 0,5-0,5
Ֆարիտ Մոհսէյն – Հրայր Պրունսուզեան 0-1

Ե. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ.- ԱՆԻՄԱՍԻՈՆ` 4,5-1,5
Գաբրիէլ Սարգիսեան – Փափեն Վասիլի 1-0
Քրիսթոֆըր Ռեփքա – Մարք Նասսար 1-0
Ամրօ Ժաուիշ – Էլի Հաննա 1-0
Մահմուտ Ապտիւլ Ազիզ – Ռալֆ Ըղնաթիոս 0-1
Էլի Ասմար – Ռոնալտ Մուղամես 1-0
Ռազմիկ Օգնայեան – Ֆիւկաթ Քորթնի 0,5-0,5

Զ. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ.- ՀՄԸՄ – ՔՖԱՐՇԻՄԱ` 6-0
Քրիսթոֆըր Ռեփքա – Տենի Մաթթա 1-0
Ֆետի Իտ – Նեժի Հաննա 1-0
Ամրօ Ժաուիշ – Մոհամետ Ամար 1-0
Մահմուտ Ապտիւլ Ազիզ – Հրակ Լախեան 1-0
Ժիրայր Օգնայեան – Ուիսամ Իտ 1-0
Հրայր Պրունսուզեան – Փիեռ Խուրի 1-0

Է. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ.- ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԲԱՆԱԿ – ՀՄԸՄ` 1,5-4,5
Ժամալ Շամիէ – Քրիսթոֆըր Ռեփքա 0-1
Նետիմ Սլիմ – Ֆետի Իտ 1-0
Տորի Ֆախուրի – Մահմուտ Ապտիւլ Ազիզ 0-1
Ահմետ Ըտըլպի – Էլի Ասմար 0-1
Ժաուատ Ահմետ – Ռազմիկ Օգնայեան 0-1
Էզզէտտին Ապու Տահեր – Հրայր Պրունսուզեան 0,5-0,5

Ը. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ.- ՀՄԸՄ – ԱՆՍԱՐ` 5,5-0,5
Գաբրիէլ Սարգիսեան – Մալեք Քոնիահլի 1-0
Քրիսթոֆըր Ռեփքա – Մարուան Նասսար 1-0
Ֆետի Իտ – Խալետ Լաքքի 1-0
Ամրօ Ժաուիշ – Էլիաս Սայեղ 1-0
Մահմուտ Ապտիւլ Ազիզ – Ճիօ Գալուստ 1-0
Էլի Ասմար – Շաուքի Պրէյտի 0,5-0,5

Թ. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ.- ԱՀԼԻ ՍԱՅՏԱ – ՀՄԸՄ` 1-5
Ալի Մահմուտ – Քրիսթոֆըր Ռեփքա 0-1
Մոհամետ Զէյտան – Ֆետի Իտ 0,5-0,5
Մոհամետ Հապաշ – Հանի Ամմուն 0,5-0,5
Սարա Շամիէ – Ռազմիկ Օգնայեան 0-1
Մուսթաֆա Խալիլի – Հրայր Պրունսուզեան 0-1
Ատիպ Արքատան – Յովհաննէս Թորոսեան 0-1

Ստորեւ` վերջնական դասաւորումը.

Յ. Հ. Պ. ԿԷՏ
1.- ՀՄԸՄ Անթիլիաս 9 0 0 18           (46)
2.- Անդրանիկ Անթիլիաս 6 2 1 14           (35)
3.- Անսար 6 2 1 14           (32,5)
4.- Ֆրերներ 4 3 2 11           (31,5)
5.- Անիմասիոն 5 0 4 10           (29)
6.- Սովիեթներ 3 3 3 9             (28)
7.- Ահլի Սայտա 3 1 5 7             (23,5)
8.- Լիբանանեան բանակ 2 0 7 4             (20)
9.- Թանմիէ 0 2 7 2             (14)
10.- Քֆարշիմա 0 1 8 1             (10,5)

Լուսանկարները տրամադրեց PROFOTO:

 

 

 

Նախորդը

Նշմար. Ֆութպո՞լ… Թէ՞ Քաղաքականութիւն

Յաջորդը

Չինաստան Կը Զօրակցի Միանմարի Արշաւին. Ռոհինկիաներու «Փրկութեան Բանակ»-ը Կը Մերժէ Միջազգային Ահաբեկչական Խմբաւորումներու Բոլոր Օժանդակութիւնները

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.