Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան 14 սեպտեմբերին ընդունած է Ռուսիոյ նախագահի միջազգային մշակութային համագործակցութեան հարցերով ներկայացուցիչ Միխայիլ Շուիտքոն, որ Երեւան կ՛այցելէ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի 200-ամեակին նուիրուած տօնական նախաձեռնութիւններուն մասնակցելու նպատակով:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են կրթութեան եւ գիտութեան բնագաւառին մէջ հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր: Նախարար Մկրտչեան ներկայացուցած է կրթութեան բնագաւառին մէջ իրականացուող բարեփոխումները` նշելով, որ օտար լեզուներու ուսուցումը եւ բնագիտական ուղղուածութեան զարգացումը առաջնահերթութիւն կը նկատուին: Նախարարութեան կողմէ այժմ հանրային քննարկման ներկայացուած են օտար լեզուներու եւ ռուսաց լեզուի զարգացման հայեցակարգերը: «Մենք լեզուներու ուսուցման զարգացումը կը նկատենք իբրեւ տուեալ քաղաքակրթութեան համարկման, ինչպէս նաեւ գիտութեան` մասնաւորապէս բնագիտական եւ թեքնիք ուղղութիւններու բարելաւման բաղադրիչ», նշած է Լ. Մկրտչեան` աւելցնելով, որ հայկական կողմը կարեւոր կը նկատէ ռուսական կողմին աջակցութիւնը ռուսաց լեզուի բարձրակարգ ուսուցիչներու պատրաստութեան առումով:


