Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արմէն Ռուստամեան. «Մեզի Համար Կարեւորը Գաղափարներն Ու Ծրագիրներն Են»

September 13, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ խորհրդարանին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ Դաշնակցութիւնը դէմ է «Ելք»-ի` Եւրասիական տնտեսական միութենէն  դուրս գալու առաջարկին:

Լրագրողները հետաքրքրուեցան` արդեօք վերջին պահուն Եւրոպական Միութեան հետ  համաձայնագիրը կրկին պիտի չստորագրուի՞: Ռուստամեան պատասխանեց, որ այս անգամ նման բան պիտի չըլլայ: «Այն պատճառը, որուն հետեւանքով համաձայնագիրը չստորագրուեցաւ, այլեւս գոյութիւն չունի: Բոլոր բանակցութիւնները ընթացած են այն տրամաբանութեամբ, որ Հայաստանը արդէն Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ է, եւ ատիկա կը նշանակէ, որ այդ հանգամանքը հաշուի առնելով է, որ այդ հոլովոյթը սկսած է, այսինքն` անոնք իրար հակառակ չեն», նշեց ան:

ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանի կարծիքով` Կարէն Կարապետեանի վարչապետ նշանակումով իսկապէս նոր շունչ մտաւ կառավարման համակարգին մէջ: Զրոյցին ընթացքին, պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ դրական փոփոխութիւններ կարելի է նշել վարչապետի միամեայ  գործունէութեան ընթացքին, ան նշեց, որ նորարարութիւններու  արդիւնքները տեսնելու համար ժամանակ պէտք է:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կը փափաքի՞ք, որ Կարէն Կարապետեանը շարունակէ իր սկսած գործը յառաջիկայ տարիներուն, ան արձագանգեց. «Մեզի համար կարեւորը գաղափարներն ու ծրագիրներն են, որոնք պէտք է շարունակութիւն ունենան, այդ նպատակով մենք ընդունած ենք կառավարութեան ծրագիր, որ 2017-2022 թուականներուն հետ կապուած է: Անձի հետ կապուած չէ: Իրականացնողը ո՞վ կ՛ըլլայ, մեզի համար, վստահաբար, կարեւոր է, որ իր հոգուով-սրտով այս գործը կարենայ  կատարել, բայց այդպիսի մարդիկ շատ կան, եւ մեզի համար, այդ առումով, անձը այնքան ալ կարեւորութիւն չունի»:

«Խաւարում» Խորագիրով Ցուցահանդէսին Փակումը Վրդովեցուցիչ Է»

Արմէն Ռուստամեան անդրադարձաւ մշակոյթի նախարարութեան կողմէ Թումանեանի տուն-թանգարանի տնօրէն Նարինէ Թուխիկեանի կազմակերպած ցուցահանդէսի փակման:

«Ասիկա, վստահաբար, վրդովեցուցիչ է: Ես նոր տեղեկացած եմ այդ  մասին: Հանգամանքներուն քանի որ ծանօթ չեմ, չեմ կրնար պատասխանել, բայց ցուցահանդէս փակելը բնական բան չէ», ըսաւ ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ խնդիրը նի՞ւթն էր, պատգամաւորը արձագանգեց. «Ես չեմ գիտեր, մանաւանդ` եթէ խօսքը 1937-ի զոհերուն կը վերաբերի, ապա մշակոյթի նախարարութիւնը ինք պէտք է խրախուսէ նման ցուցահանդէսներու  կազմակերպումը: Մենք մեր պատմութիւնը պէտք է լաւ  ուսումնասիրենք»:

Ան անգամ մը եւս նշեց, որ իրեն համար ատիկա վրդովեցուցիչ է: «Մարդը ուսումնասիրութիւն կատարած, անոր վերաբերեալ ցուցահանդէս կազմակերպած է, իսկ մենք գիտենք, որ Յովհաննէս Թումանեանի երեք զաւակները զոհեր եղած են, այսինքն` կապ կայ այդ բոլորին մէջ»,  ըսաւ Ռուստամեան:

Նշենք, որ 4 օգոստոսին Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանի բացօթեայ տարածքին մէջ տեղի ունեցաւ «Խաւարում» խորագիրով ցուցադրութեան բացումը, որ նուիրուած էր խորհրդային բռնատիրութեան զոհերուն: Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի փոխնախարար Արեւ Սամուէլեանի պահանջով ցուցահանդէսը փակուեցաւ: Ցուցահանդէսի փակման առնչութեամբ Սամուէլեանը նշած էր. «Ճիշդ է, նիւթը այժմէական է, մենք պէտք է պատմութեան պարզ երեսով նայինք, բայց կը կարծեմ, որ անիկա քիչ մը քաղաքականացուած էր: Այժմ սկսած են փողոցներու անուանափոխութեան հետ կապուած հոլովոյթներ, եւ այդ ցուցահանդէսն ալ ընկալուած է այդ շրջագիծին մէջ»:

 

Նախորդը

Արցախի Մէջ. Նախագահ Սահակեանը Հանդիպում Ունեցած Է Ազգային Ժողովի Խմբակցութիւններուն Հետ

Յաջորդը

«Գերմանիան Սառեցուցած Է Թուրքիոյ Զէնք Մատակարարելու Գործարքներուն Մեծ Մասը» Կ՛ըսէ Կապրիէլ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.