Հայաստանի Ազգային Ժողովը Դէմ Չէ Իրաքի Մէջ Եզիտիներու Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Փաստաթուղթի Ընդունման
3 օգոստոսին Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորները այցելած են Արմաւիրի մարզի Ակնալիճ գիւղին մէջ գտնուող եզիտիական սրբատեղի եւ յարգանքի տուրք մատուցած 3 օգոստոս 2014-ին ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ Իրաքի Շանկալ եզիտիաբնակ նահանգին մէջ իրականացուած ոճրագործութեան շուրջ 12 հազար անմեղ զոհերու յիշատակին: Ներկաները ծաղիկներ զետեղած են յուշակոթողին, այնուհետեւ այցելած են եզիտիական տաճար: Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Արփինէ Յովհաննիսեան լրագրողներու հետ զրոյցի մը...




















