Հարաւային Կովկասի մէջ ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի յատուկ ներկայացուցիչ Քրիսթիան Վիկենին (Պուլկարիա) 29 սեպտեմբերին Երեւանի մէջ ունեցած է տարբեր հանդիպումներ` Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի, արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի, Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի եւ նախորդ տարուան քառօրեայ պատերազմին ազրպէյճանական յարձակումի թիրախ դարձած Թալիշ գիւղի բնակիչներուն հետ:
Հարաւային Կովկասի մէջ ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի յատուկ ներկայացուցիչը այցելած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին, որ ընդգծած է, թէ անոր Հայաստան տուած այցելութիւնը կը փաստէ, որ Խորհրդարանական վեհաժողովը հետաքրքրուած է Հայաստանի հետ քաղաքական երկխօսութեան զարգացմամբ, որուն կարգին` Արցախի տագնապի խաղաղ լուծման անհրաժեշտութեամբ:
Նախագահը դիտել տուած է, որ Հայաստան եւս հետաքրքրուած է այդ երկխօսութեան աշխուժացմամբ եւ շատ կարեւոր կը նկատէ խորհրդարանական դիւանագիտութեան դերը:
Հանրապետութեան նախագահը ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովը կարեւոր հարթակ նկատած է ԵԱՀԿ շրջանին, որուն կարգին Հարաւային Կովկասի մէջ անվտանգութեան խնդիրներու քննարկման եւ երկխօսութեան` ժողովուրդներու ընտրեալ ներկայացուցիչներուն առջեւ դրուած առաջնահերթ խնդիրներէն մէկը նկատելով ԵԱՀԿ շրջանին մէջ վստահութեան ամրապնդման ու հասարակութիւններուն միջեւ կապերուն նպաստելը` այդպիսով նաեւ բարենպաստ պայմաններ ստեղծելով բարդ խնդիրներուն, հակամարտութիւններուն բացառապէս խաղաղ լուծման:
Ըստ նախագահ Սարգսեանի, խորհրդարանականները պէտք է շատ զգուշ ըլլան եւ իրենց առաքելութիւնը կատարելու ատեն երկխօսութեան հարթակները չծառայեցնեն փոխադարձ կշտամբանքներ բարձրաձայնելու, այլ հաշտութեան եզրեր գտնելու համար` նկատել տալով, որ, ցաւօք, երբեմն այնպէս կը պատահի, որ լաւագոյն հարթակներն անգամ, որոշ պարագաներու, կ՛օգտագործուին այլատեացութեան խորացման, ինչ որ անթոյլատրելի է:
Քրիսթիան Վիկենին ընդգծած է, որ Խորհրդարանական վեհաժողովը շատ լաւ յարաբերութիւններ եւ համագործակցութիւն ունի Հայաստանի խորհրդարանական պատուիրակութեան հետ: Ան ներկայացուցած է շրջան կատարած այցելութեան մանրամասնութիւնները:
Քրիսթիան Վիկենին նախարար Նալբանդեանին ներկայացուցած է Ազրպէյճան կատարած իր այցելութեան ընթացքին ունեցած հանդիպումները: Նախարար Նալբանդեան կարեւոր նկատելով խորհրդարանականներուն փափաքը` նպաստելու ղարաբաղեան տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման` շեշտած է Արցախի տագնապին խաղաղ լուծման ուղղութեամբ Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներուն ջանքերուն աջակցելու անհրաժեշտութիւնը:
Նախարար Նալբանդեան ընդգծած է Արցախի իշխանութիւններուն հետ կապեր հաստատելու կարեւորութիւնը` իբրեւ առաջին աղբիւրէն տեղեկատուութիւն ստանալու եւ իրավիճակին ծանօթանալու լաւագոյն միջոց:
Հանդիպում` Աշոտ Ղուլեանին Հետ
Նոյն օրը Հայաստանի մէջ Արցախի մնայուն ներկայացուցչութեան կեդրոնատեղիին մէջ Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան հանդիպում ունեցած է Հարաւային Կովկասի մէջ ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի յատուկ ներկայացուցիչ Քրիսթիան Վիկենինի հետ: Ողջունելով եւրոպացի խորհրդարանականը` Աշոտ Ղուլեան յոյս յայտնած է, որ յաջորդ հանդիպումները տեղի կ՛ունենան Ստեփանակերտի մէջ, ինչ որ աւելի մեծ կարելիութիւն պիտի տայ Հարաւային Կովկասի հարցերով յատուկ ներկայացուցիչին ծանօթանալու տագնապի գօտիին մէջ առկայ իրավիճակին եւ Արցախի պաշտօնական ու հանրային տեսակէտին: Շնորհակալութիւն յայտնելով հանդիպման համար` Քրիսթիան Վիկենին նշած է, որ տեղեակ ըլլալով շրջանին մէջ ստեղծուած բարդ իրավիճակին մասին` այնուամենայնիւ կ’ուզէ վերահաստատել իր համոզումը, որ արցախեան տագնապը պէտք է լուծուի բացառապէս խաղաղ ուղիով: Յատուկ ներկայացուցիչը ընդգծած է, որ կ’առաջնորդուի ԵԱՀԿ-ի վերջին տարիներուն ձեւաւորուած պաշտօնական մօտեցումներով եւ փափաք ունի խորհրդարանական վեհաժողովի կարելիութիւնները ի սպաս դնել տագնապին խաղաղ լուծման:
Աշոտ Ղուլեան եւրոպական կազմակերպութեան ներկայացուցիչին ուշադրութեան յանձնած է այն փաստը, որ հակառակ անկախութեան 26 տարիներուն ընթացքին ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հանրային անվտանգութեան վերաբերեալ Արցախի արձանագրած յաջողութիւններուն, անիկա միակ շրջանն է, որ Ազրպէյճանի քմահաճոյքներուն եւ մերժողական քաղաքականութեան պատճառով դուրս կը մնայ եւրոպական ընտանիքի ծրագրային աջակցութեան շրջանակներէն: Այսուհանդերձ, Արցախի Հանրապետութիւնը կը շարունակէ սեփական միջոցներով ապահովել եւրոպական արժեհամակարգի զարգացումը եւ իր ապագան կը տեսնէ միայն ազատութեան ու անկախութեան իրավիճակին մէջ:
Անկէ ետք տեղի ունեցած է միտքերու փոխանակում` շրջանային անվտանգութեան հեռանկարներու, վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման ուղղութեամբ անհրաժեշտ քայլերու եւ անոնց մէջ խորհրդարանական դիւանագիտութեան դերին շուրջ: Հանդիպման մասնակցած է Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր, ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի հայկական պատուիրակութեան ղեկավար Հերմինէ Նաղդալեան:
Տեսակցութիւն` Թալիշի Բնակիչներուն Հետ
29 սեպտեմբերին Քրիսթիան Վիկենին եւ Հերմինէ Նաղդալեան Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ տեսակցած են նաեւ Արցախի Հանրապետութեան Թալիշ գիւղի բնակիչներուն հետ:
Հանդիպման ընթացքին մանրամասնութիւններ ներկայացուած են 2016 թուականի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ազրպէյճանցիներուն` Թալիշ գիւղին մէջ կատարած ոճրագործութիւններուն մասին:
Թալիշցի Արթուր Նազունց Քրիսթիան Վիկենինին տեղեկացուցած է 2016 թուականի քառօրեայ պատերազմին իր կնոջ ծնողներուն ընտանիքին` Վալերի, Մարուսեա եւ Ռազմելա Խալափեաններուն նկատմամբ ազրպէյճանցիներուն գործած անմարդկային ոճիրներուն մասին:
Ներկայացնելով իրավիճակը` Թալիշի բնակիչներէն Պորիս Մեջլումեան նշած է, որ տակաւին 1992 թուականին բռնի ուժով տեղահանուած գիւղը ազատագրուած է 1994 թուականի ապրիլ 14-ին, իսկ 2016 թուականին թալիշցիները երկրորդ անգամ ըլլալով ստիպուած եղած են լքել գիւղը: Թալիշը ունի մօտ 580 բնակիչ, եւ, Պորիս Մեջլումեանի համաձայն, իրենց մարտունակ ոգին անկոտրում է: «Գիւղը պիտի չկորսնցնենք», հաստատած է ան` նշելով, որ թալիշցիները անհամբեր կը սպասեն հայրենի գիւղ վերադառնալուն: Ներկաները բարձրացուցած են նաեւ խաղաղ բնակչութեան անվտանգութեան երաշխիքներու հարցը:
Հարաւային Կովկասի մէջ ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի յատուկ ներկայացուցիչը իր խօսքին մէջ յատկապէս շեշտած է. «Միշտ ալ շատ դժուար է հանդիպում ունենալ այն մարդոց հետ, որոնք տուժած են պատերազմական բռնութենէն: Իմ առաքելութիւններէս մէկն ալ այդ մարդոց հետ տեսակցիլ ու տեղեկանալ է, թէ իրականութեան մէջ ի՛նչ կատարուած է: Շրջանին մէջ ես տարբեր մարդոց հետ հանդիպումներ ունեցած եմ: 21-րդ դարուն մենք պէտք է ամէն ինչ ընենք, որպէսզի պատերազմներ չըլլան, մարդիկ խաղաղ ապրելու կարելիութիւն ունենան: Ես յոյսով եմ, որ մենք` իբրեւ պատգամաւորներ, ժողովուրդի ներկայացուցիչներ, պէտք է մեր դերակատարութիւնը ունենանք, որպէսզի ժողովուրդը կարենայ խաղաղ ապրիլ»: Ըստ անոր, իր առաքելութեան նպատակն է նպաստել շրջանի երկիրներուն միջեւ երկխօսութեան կայացման, խաղաղութեան հաստատման ու պահպանման:
Հերմինէ Նաղդալեան կարեւոր նկատած է Քրիսթիան Վիկենինի հանդիպումը Արցախի Թալիշ գիւղի բնակիչներուն հետ: Ան նշած է, որ 2-6 հոկտեմբեր 2017-ին Անտորրայի մէջ տեղի ունենալիք ԵԱՀԿ-ի աշնանային նստաշրջանի Միջազգային եւ քաղաքական հարցերու յանձնախումբին Ք. Վիկենինը պիտի ներկայացնէ Հայաստան տուած իր այցելութեան արդիւնքները:


