Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալեն Տանքըն. «Բրիտանիա Հայոց Ջարդը Դատապարտող Առաջին Երկիրներէն Է»

September 28, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հրաւէրով,  26-28 սեպտեմբերին Հայաստան կ՛այցելէ Բրիտանիոյ Եւրոպայի եւ Ամերիկաներու հարցերով պետական նախարար Ալեն Տանքըն:

27 սեպտեմբերին տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Ալեն Տանքըն հաստատած է, որ Բրիտանիա դատապարտած է վայրագութիւններն ու ջարդերը տակաւին հարիւր տարի առաջ: Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք կը կարծէ՞, թէ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը պիտի կանխէր շարք մը ոճիրներ` Ողջակիզումը, Ռուանտան եւ այսօրուան բազմաթիւ ահաբեկչութիւններ, ան ըսած է. «Մենք եղած էինք առաջիններէն, որոնք դատապարտած են այս ոճիրը տակաւին այն ժամանակ: Ես այցելեցի յուշահամալիրի թանգարան, ինծի համար ատիկա յուզիչ պահ էր: Հոս` Երեւանի մէջ, կան յստակ ապացոյցներ, բրիտանական խորհրդարանի ցուցանմուշներ` հարիւր տարի առաջ մեր կողմէ ջարդերը դատապարտելու վերաբերող», յայտնած է ան:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանն ալ աւելցուցած է, որ 1915 թուականի մայիսին Մեծն Բրիտանիան` Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի հետ, որդեգրած են համապատասխան յայտարարութիւն, որով Հայոց ցեղասպանութիւնը բնորոշած են իբրեւ մարդկութեան դէմ գործուած ոճիր:

Լրագրողները Էդուարդ Նալբանդեանին հարցուցած են քանի մը օր առաջ Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած Նալբանդեան-Մամետեարով հանդիպման մասին, որմէ ետք ազրպէյճանական կողմը յայտարարած է, որ կ՛աջակցի համանախագահներուն հետաքրքրական առաջարկներուն, արդեօք ի՞նչ են անոնք: «Արտաքին գործոց նախարարութիւնը արդէն յայտարարած էր, որ Նիւ Եորքի մէջ նախարարները` եռանախագահներուն հետ միասին, խօսած են նախագահներու մակարդակով մօտիկ ապագային հանդիպման կազմակերպման մասին, ինչպէս նաեւ եռանախագահներուն` շրջան այցելութեան վերաբերեալ: Հայաստանի մէջ համանախագահներուն կը սպասենք հոկտեմբերի առաջին կիսուն. իրենք պիտի գան ու նախապատրաստեն  նախագահներու հանդիպումը», ըսած է ան:

Խօսելով Հայաստան-Բրիտանիա յարաբերութիւններուն մասին` Ալեն Տանքըն ըսած է, որ Բրիտանիա կ՛ուզէ ընդլայնել Հայաստանի հետ առեւտրաշրջանառութեան ծաւալը, եւ ինք Հայաստան գտնուած ժամանակաշրջանին այդ հարցին գծով քննարկումներ պիտի կատարէ համապատասխան մարմիններուն հետ: «Կան քանի մը մօտեցումներ: Նախ, կ՛ուզենք աշխատիլ Հայաստանի կառավարութեան հետ, որպէսզի այս երկիրը գրաւիչ ըլլայ առեւտուրի համար, քանի որ լաւ գործարար միջավայր ունենալու պարագային ներդրողները կը սկսին հետաքրքրուիլ եւ գալ տուեալ երկիր: Կայ լաւ քայլ մը, որ դուք կը փորձէք առնել: Ատիկա Արդիւնահանող ոլորտներու թափանցիկութեան նախաձեռնութեան միանալու հոլովոյթն է, կ՛ակնկալէք յառաջիկայ տարի արդէն իսկ միանալ: Ասիկա աշխարհին ցոյց կու տայ, որ յատկապէս հանքարդիւնաբերական բնագաւառին մէջ դուք շատ բարձր չափանիշ պիտի ունենաք, ինչ որ շատ բարենպաստ պիտի ըլլայ»: Անոր համաձայն, արդէն իսկ նշանակած են առեւտուրի ներկայացուցիչ, որ Հայաստան պիտի գայ, ուսումնասիրէ այս բնագաւառը եւ Հայաստանէն տեղեկատուութիւն ու գաղափարներ պիտի տանի Բրիտանիա, թէ` ինչպէ՛ս կարելի է այստեղ ներդրումներ կատարել:

Ալեն Տանքըն յոյս յայտնած է, որ Հայաստանի հետ համագործակցութիւնը կ՛ընդարձակուի տարբեր բնագաւառներուն մէջ` առեւտուր, քաղաքական երկխօսութիւն եւ այլն: Ան նշած է, որ Հայաստան բերած է վարչապետ Թերեզա Մէյի բարեմաղթութիւնը, ինչպէս նաեւ պատգամ մը, որուն համաձայն, Բրիտանիա պիտի հեռանայ Եւրոպական Միութենէն, սակայն ո՛չ Եւրոպայէն, ո՛չ ալ` աշխարհէն: «Մենք պիտի շարունակենք լիակատար դերակատարութիւն ունենալ միջազգային բեմահարթակի վրայ` ՄԱԿ-ի, ԵԱՀԿ-ի, ՕԹԱՆ-ի միջոցով եւ յատկապէս հետաքրքրութիւն պիտի ցուցաբերենք աշխարհի այս շրջանին նկատմամբ` պաշտպանութեան, անվտանգութեան եւ առեւտուրի բնագաւառներուն առնչուող», նշած է ան:

Նոյն օրը Բրիտանիոյ Եւրոպայի եւ Ամերիկաներու հարցերով պետական նախարար Ալեն Տանքըն հանդիպում ունեցած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ, որ շեշտած է, թէ Հայաստան մեծապէս հետաքրքրուած է Բրիտանիոյ հետ միջպետական յարաբերութիւնները խորացնելու: Ըստ անոր, դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն անցած են 25 տարիներ, սակայն երկու երկիրներուն միջեւ առկայ համագործակցութեան ներուժը տակաւին լիարժէքօրէն չէ օգտագործուած` յոյս յայտնելով, որ հայ-բրիտանական միջպետական յարաբերութիւնները որակական նոր մակարդակի կը բարձրանան:

Ալեն Տանքըն եւս յայտնած է, որ իր երկիրը փափաք ունի զարգացնելու եւ ամրապնդելու Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները` ընդգծելով, որ Բրիտանիա պատրաստակամ է օժանդակութիւն տրամադրելու Հայաստանի կառավարութեան` երկրի տնտեսութեան առաջնահերթութիւններէն մեկնելով զայն օգտագործելու համար: Ան յոյս յայտնած է, որ երկկողմանի ջանքերով փոխադարձ գործակցութիւնը զարգացնելու շնորհիւ պիտի աւելնան առեւտրաշրջանառութեան ծաւալները Հայաստանի եւ Բրիտանիոյ միջեւ: Ան շեշտած է, որ իրենք բարձր կը գնահատեն Հայաստանի մէջ կատարուած սահմանադրական բարեփոխումները:

 

Նախորդը

Ռուստամեան. «Այսօր Կանգնած Ենք «Ե՛ւ, Ե՛ւ»-ի Ճամբուն Վրայ, Ինչո՞ւ Ընտրենք «Կա՛մ, Կա՛մ»-ի Ուղին»

Յաջորդը

Ճատրակ. Լեւոն Արոնեան` Աշխարհի Կրկնակի Բաժակակիր

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.