Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միշիկըն Դարձաւ Արցախի Անկախութիւնը Ճանչցող Ամերիկեան 8-րդ Նահանգը

Սեպտեմբեր 29, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ձախէն աջ` Ռոպերթ Աւետիսեան, Լարա Ներսիսեան եւ ծերակուտական Տէյվիտ Քնեզեքի

Միշիկըն նահանգի Ծերակոյտը հինգշաբթի, 28 սեպտեմբերին բացարձակ մեծամասնութեամբ (դեմոկրատական եւ հանրապետական միացեալ քուէներով) հաստատեց թիւ 99 բանաձեւը, որ կոչ կ՛ուղղէ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան` Արցախի Հանրապետութիւնը ճանչնալու, անոր հետ տնտեսական եւ մշակութային կապ հաստատելու եւ շրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման վերաբերող ճիգերուն զօրակցելու:

Միշիկընի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Արցախի անկախութիւնը ճանչցող սոյն բանաձեւը ներկայացուած է Միշիկընի թիւ 5 ընտրաշրջանի դեմոկրատական ծերակուտական Տէյվիտ Քնեզեքի կողմէ:

Յանձնախումբի ատենապետ Լարա Ներսիսեան այս առիթով կը յայտնէ. «Արցախի անկախութեան ճանաչման շուրջ Միշիկընի Ծերակոյտին քայլը ամրօրէն կը վերահաստատէ ամերիկեան մեր յամառ յանձնառութիւնը` ժողովրդավարական եւ ինքնորոշման սկզբունքներուն նկատմամբ, միեւնոյն ատեն ուժեղ հարուած տալով այս խաղաղութեան նախանձախնդիր հանրապետութիւնը մնայուն յարձակման ենթարկող Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին: Մեծ Լիճերու նահանգի (Միշիկըն) եւ ամբողջ Միացեալ Նահանգներու տարածքին ապրող հայերը կը գնահատեն ծերակուտական Քնեզեքի եւ իր գործակիցներուն` Արցախի ժողովուրդի կողքին ըլլալու դիրքորոշումը»:

«Արցախի պատմութիւնը իսկակա՛ն ամերիկեան պատմութիւն է. ազատութեան, ինքնորոշման, ժողովրդավարութեան եւ խաղաղութեան ձգտումի պատմութիւն», իր կարգին յայտարարեց ծերակուտական Քնեզեք` աւելցնելով, որ «միշիկընցիք հպարտ են միանալով Արցախին եւ ողջունելով այս հասարակաց արժէքները, մինչ մենք կ՛աշխատինք ընդարձակել Միացեալ Նահանգներ-Արցախ մշակութային ու տնտեսական կապերը եւ կը զօրակցինք այդ շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու ճիգերուն»:

Այս պատմական քուէարկութեան ներկայ եղած է Ուաշինկթընի մէջ Արցախի ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ծերակուտական Քնեզեքին, ինչպէս նաեւ երախտագիտութիւն` Միշիկընի Հայ դատի յանձնախումբին, Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան եւ անոր անկախութեան միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ տարուած աշխատանքներուն համար:

«Կը յուսանք, որ Միշիկընի կողմէ ճանաչումը օրինակ կը դառնայ աշխարհի տարբեր շրջաններու ժողովրդավարական շրջանակներուն», յայտարարեց Աւետիսեան:

Ստորեւ կը ներկայացնենք թիւ 99 բանաձեւին բնագիրը.

«Բանաձեւը կոչ կ՛ուղղէ Միացեալ Նահանգներու նախագահին ու Քոնկրեսին` ճանչնալու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը, որ յայտնի է նաեւ իբրեւ Արցախ, սահմանելու տնտեսական ու մշակութային կապեր ազգին հետ ու աջակցելու Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան:

Նկատի ունենալով, որ Արցախը կը գտնուի Հարաւային Կովկասի մէջ ու պատմականօրէն եղած է հայկական տարածք, որուն բնակչութեան ճնշող մեծամասնութիւնը հայեր են.

Նկատի ունենալով, որ, հակառակ Հայաստանի հետ պատմական ու մշակութային կապերուն, 1921-ին Իոսիֆ Ստալին կամայականօրէն առանձնացուցած է Արցախը Հայաստանէն, ու` խախտելով Արցախի ժողովուրդին ազգային, տարածքային ու մարդու իրաւունքները` Արցախը յանձնած է Խորհրդային Ազրպէյճանին.

Նկատի ունենալով, որ տասնամեակներ շարունակ հայ ժողովուրդին խաղաղ ցոյցերը` յանուն ազգային անկախացման, անձի ազատութեան ու իբրեւ բողոքի արտայայտութիւն Խորհրդային Ազրպէյճանի ճնշումներուն ու խտրականութիւններուն դէմ, բախած են բռնի ճնշումներու` խորհրդային ազրպէյճանական զօրքերուն կողմէ, որոնք մերժած են արտօնել Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշումը, եւ խորհրդային ազրպէյճանական արիւնոտ պատասխանը պատճառ դարձած է հայերու ցեղային մաքրազտումին Սումկայիթի (1988-ի փետրուար), Կիրովապատի (1988-ի փետրուար) ու Պաքուի (1990-ի յունուար) մէջ, եւ Ազրպէյճանէն աւելի քան 350.000 հայերու բռնի արտաքսման: Սումկայիթի ողբերգութենէն ետք Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը միաձայնութեամբ ընդունեց օտարերկրեայ գործարքներու մասին օրինագիծի 2690 ուղղումը ու խորհրդային կառավարութեան կոչ ուղղեց` «յարգելու հայ ժողովուրդին օրինական ձգտումները», նշելով, որ «տասնեակ հայեր սպաննուած եւ վիրաւորուած են վերջին անկարգութիւններուն ժամանակ».

Նկատի ունենալով, որ Արցախի ժողովուրդին ճնշող մեծամասնութիւնը թեր քուէարկած է անկախացման. 10 դեկտեմբեր 1991-ին, հակառակ Արցախի ժողովուրդին դէմ շարունակուող բռնութեան` Խորհրդային Միութեան փլուզման ժամանակ կայացաւ համազգային հանրաքուէ, որ հռչակեց հանրապետութեան անկախութիւնը: Աւելի քան 50 միջազգային դիտորդներու մասնակցութեամբ ու միջազգային չափանիշներու պահպանումով` ընտրողներուն 98 տոկոսը թեր քուէարկեց անկախացման: 6 յունուար 1992-ին ժողովրդավարական ուղիով ընտրուած խորհրդարանը ընդունեց Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան հռչակագիրը.

Նկատի ունենալով, որ, հակառակ Արցախի Հանրապետութեան, Ազրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ կնքուած զինադադարի համաձայնագիրին, որ վերջ տուաւ ռազմական գործողութիւններուն, Արցախի անվտանգութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը առաջուան նման կը մնայ վտանգուած` շրջանային լարուածութեամբ ու թշնամական գործողութիւններով: Արցախի հայերը վճռական կը մնան ինքնորոշման իրաւունքի գործադրութեան վերաբերող իրենց ջանքերուն ու կ՛ապրին առանց բռնութեան ու ճնշումներու,

Ուստի, ճանչնալով Արցախի կառավարութիւնը` միջազգային համայնքը կրնայ օգնել վերջ տալու այդ հակամարտութեան:

Հետեւաբար, Ծերակոյտը որոշած է`

– Կոչ կ՛ուղղենք նախագահին ու Քոնկրեսին` ճանչնալու ազատ ու անկախ Արցախի Հանրապետութիւնը:

– Մենք հանրագիր կը ներկայացնենք ամերիկեան կառավարութեան` Արցախի Հանրապետութեան ու անոր քաղաքացիներուն հետ մեր տնտեսական ու մշակութային կապերու ամրապնդման ու սերտացման, ու կը շարունակենք աջակցիլ շրջանի մարդասիրական ու տնտեսական վերականգնման:

– Մենք կ՛աջակցինք Արցախի Հանրապետութեան շարունակուող ջանքերուն` միջազգային համայնքի մակարդակի վրայ` շրջանային առկայ խնդիրներու երկարաժամկէտ լուծում ապահովելու ու Հարաւային Կովկասի ռազմավարական կարեւոր շրջանին մէջ խաղաղութիւն ու կայունութիւն հաստատելու հարցին մէջ:

– Այս բանաձեւին կրկնօրինակները պիտի յանձնուին նախագահին, Ծերակոյտի նախագահին ու Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներու ղեկավարին, նաեւ` Միշիկընի Ծերակոյտի պատուիրակութեան անդամներուն»:

Յայտնենք, որ նախքան Միշիկընը, Արցախի անկախութիւնը ճանչցած են Միացեալ Նահանգներու հետեւեալ նահանգները` Մեսեչուսեց, Ռոտ Այլընտ, Մէյն, Լուիզիանա, Քալիֆորնիա, Ճորճիա եւ Հաուայի:

 

Նախորդը

Մանոյեան. «Ալիեւի Յայտարարութիւնը Պէտք Է Օգտագործել Եւ Ստորագրել Հայաստան-Արցախ Ռազմաքաղաքական Պայմանագիրը»

Յաջորդը

Թշնամիին Կրակոցէն Բանակային Մը Զոհուած Է

RelatedPosts

‎ԿՈՉ
Գաղութային

ԿՈՉ

Մայիս 17, 2025
Լիբանանի Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական  Ընտրութիւններ-2025
Գաղութային

Վաղը` Պէյրութի Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւնները

Մայիս 17, 2025
Բագրատունի. «Շրջանին Մէջ Ընդհանուր  Հանդարտութիւնը Նաեւ Հայերուն Համար Անհրաժեշտ Է,  Որպէսզի Մենք Ալ Կարենանք Վերագտնել Մեր Ուժերը»
Գաղութային

Բագրատունի. «Շրջանին Մէջ Ընդհանուր Հանդարտութիւնը Նաեւ Հայերուն Համար Անհրաժեշտ Է, Որպէսզի Մենք Ալ Կարենանք Վերագտնել Մեր Ուժերը»

Մայիս 17, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?