Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզին անկախութեան շուրջ հանրաքուէէն ետք լարուածութիւնը մեղմացնելու համար իրաքցի քիւրտերուն եւ Պաղտատի միջեւ բանակցութիւններու դիւրացման օժանդակելու:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հետըր Նոուըրթ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են երկու կողմերուն միջեւ բանակցութիւններու դիւրացման օժանդակելու, եթէ իրենցմէ ատիկա խնդրուի:
Ան յիշեցուցած է, որ ամերիկեան կառավարութիւնը վերոնշեալ հանրաքուէին կազմակերպման դէմ արտայայտուած է` զայն նկատելով «ապակայունացնող»: «Ուաշինկթըն այժմ ալ յանձնառու է այդ դիրքորոշումին», յայտարարած է Նոուըրթ, սակայն նաեւ նշած, թէ հանրաքուէի կայացումը, որ Քրտական մարզին նկատմամբ յառաջ բերաւ սահմանափակիչ միջոցառումներու կիրարկում, մասնաւորաբար Իրաքի, Իրանի եւ Թուրքիոյ կողմէ, պիտի չազդէ Էրպիլի եւ Ուաշինկթընի յարաբերութիւններուն վրայ:
«Մենք կը ցանկայինք, որ բոլոր կողմերը զսպուածութիւն ցուցաբերէին: Միացեալ Նահանգներ չեն ուզեր ընել որեւէ բան, որ հրահրէր լարուածութիւնը», հաւաստած է ան` աւելցնելով, որ Ուաշինկթըն աշխուժ հաղորդակցութեան մէջ է թէ՛ Պաղտատի, թէ՛ ալ Էրպիլի հետ:
Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Իպրահիմ Ժաաֆարիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին լիկայի օժանդակութիւնը առաջարկեց Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզին շուրջ ստեղծուած կացութեան լուծման համար:
«Զրոյցը կը վերաբերէր հանրաքուէէն ետք Իրաքի մէջ ստեղծուած կացութեան: Ընդհանուր քարտուղարը հետաքրքրուած է այդ հարցին վերաբերեալ Իրաքի կառավարութեան դիրքորոշումով, ինչպէս նաեւ ճշդած է, թէ Արաբական լիկան ի՛նչ կրնայ ընել Իրաքի միասնութիւնը պահպանելու նպատակով… Ընդհանուր քարտուղարը լիակատար պատրաստակամութիւն յայտնեց գործօն դեր խաղալու այդ հոլովոյթին մէջ», նշուած է Արաբական լիկայի տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
Իրաքի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յայտնեց, որ ՄԱԿ իր միջնորդութիւնը առաջարկած է` Իրաքի եւ Քրտական ինքնավար մարզի կառավարութիւններուն միջեւ տագնապի լուծման համար:
Նշենք, որ Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Իպրահիմ Ժաաֆարի հանդիպում ունեցած էր Իրաքի մէջ ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչ Եան Քոփթիչի հետ, եւ վերջինս ընդգծած էր, որ միջազգային ընտանիքը կը զօրակցի Իրաքի միութեան եւ հողերու ապահովութեան:


