Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. ՀՅԴ Եւրոպայի Եւ Միջին Արեւելքի Մարմիններու Ռայոնական Ժողով

October 3, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի հրաւէրով, 30 սեպտեմբեր եւ 1 հոկտեմբեր 2017-ին, Աթէնքի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի տարածաշրջաններու ՀՅԴ մարմիններու Ռայոնական ժողովը, որուն կը մասնակցէին երկու տասնեակ երկիրներէ ներկայացուցիչներ:

Ժողովին ներկայ էր ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը, Բիւրոյի անդամներ եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը:

Երկու օր տեւած քննարկումներուն ընթացքին, առաջին հերթին ՀՅԴ  Բիւրոն ներկայացուց նախորդ մարմիններու խորհրդաժողովէն մինչեւ օրս երկարող իր գործունէութեան միամեայ գործունէութեան տեղեկագիրը, որուն լոյսին տակ կատարուեցաւ համապարփակ քննարկում:

Ապա ժողովը հանգամանօրէն զբաղեցաւ շրջաններու կազմակերպական, քաղաքական եւ յարաբերական օրակարգերով:

Ժողովը անդրադարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով կազմակերպուելիք ձեռնարկներուն եւ նախաձեռնութիւններուն ու այս իմաստով նաեւ ներկայացուց առաջարկներ:

Ռայոնական ժողովը իրազեկ դարձաւ Հայաստանի ներքաղաքական կեանքի վերջին զարգացումներուն եւ այս ծիրին մէջ գնահատեց համախմբական կառավարութեան մասնակցութիւնը եւ ցարդ ձեռք բերուած արդիւնքը, իսկ յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձան արցախեան հարցի վերջին զարգացումները:

Կարեւոր նկատուեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի բանակներու հզօրացման անհրաժեշտութիւնը` շեշտը դնելով բանակին հանդէպ ցուցաբերուելիք համաժողովրդային նեցուկի ու զօրակցութեան ամրապնդման վրայ: Նաեւ կարեւոր նկատուեցաւ Հայաստանի տնտեսական հզօրացումի եւ ընկերային կենսամակարդակի բարձրացման անհրաժեշտութիւնը:

Ռայոնական ժողովը կենսական նկատեց Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն նոր որակ ու հնչեղութիւն տալու առաջադրանքը եւ այս ծիրին մէջ` Հայաստանի ու Արցախի դիմագրաւած խնդիրներն ու մարտահրաւէրները համահայկական մնայուն ուշադրութեան կեդրոն դարձնելու հանգամանքը:

Ժողովը անդրադարձաւ նաեւ նոր ծրագիրներու եւ վերջին շրջանին ստեղծուած աշխատանքային նոր գործադաշտերուն: Կազմակերպական յաւելեալ հզօրացման ուղղութեամբ ժողովը ներկայացուց նոր առաջարկներ:

 

ՀՅԴ ՄԱՄԼՈՅ ԴԻՒԱՆ

 

Նախորդը

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ցաւակցական Հեռագիր Յղած Է Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Տանըլտ Թրամփին

Յաջորդը

Ակնարկ Սեւ Ցուցակի Բաղադրութիւնը Շեշտակի Կ՛երանգաւորուի

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.