Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Ներկայացուցիչները Տպաւորուած Են Արցախով

October 3, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին հրաւէրով 29 սեպտեմբերէն 1 հոկտեմբեր  Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութեան անդամ միջազգային երիտասարդական-քաղաքական կազմակերպութիւններու երկու տասնեակէ աւելի ներկայացուցիչներ հասած են Հայաստան եւ 30 սեպտեմբերին այցելած են Արցախի Հանրապետութիւն:

«Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութեան աշխատանքներու ծիրին մէջ կազմակերպած ենք այս ճանաչողական այցելութիւնը: Այցելութիւնը իրագործելու համար մէկ տարիէ աւելի աշխատանք կը կատարենք, եւ այսօր Արցախ կը գտնուին 18 երկիրներու 25  ներկայացուցիչներ: Նպատակը տագնապին մօտէն ծանօթանալն է, առարկայական պատկերացում ձեռք բերելը», նշած է ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Սարգիս Մկրտչեան եւ ընդգծած, որ Արցախ գտնուող երիտասարդները աշխուժօրէն ներգրաւուած են քաղաքական գործունէութեան մէջ եւ անոնք հետագային պիտի դառնան իրենց կուսակցութիւններու կամ երկիրներու պատասխանատու ղեկավարները:

Պատուիրակներ կան Եւրոպայէն (Գերմանիա, Ֆրանսա, Պելճիքա, Փորթուգալ, Աւստրիա, Հոլանտա, Ալպանիա, Իտալիա, Պիելոռուսիա, Պուլկարիա, Մոլտովա, Կիպրոս, Ուքրանիա), Միջին Արեւելք (Լիբանան, Իսրայէլ, Պաղեստին), Միացեալ Նահանգներէն եւ Նոր Զելանտայէն:

Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութեան անդամները 29 սեպտեմբերին հանդիպում ունեցած են ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ  Մանոյեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Շաւարշ Քոչարեանի հետ:

Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութեան անդամները 30 սեպտեմբերին հանդիպում ունեցած են Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանին հետ:

Նախարարը ողջունած է երիտասարդներուն Արցախ այցելութիւնը, գոհունակութիւն յայտնած, որ երիտասարդները հետաքրքրուած են Արցախի մէջ տեղի ունեցող հոլովոյթներով եւ յոյս յայտնած, որ այցելութեան ընթացքին անոնք կը ստանան օգտակար տեղեկութիւններ: Նախարարը ներկայացուցած է Արցախի տագնապին էութիւնը, կարեւոր նկատելով Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը: «Մենք այսօր ունինք կայացած պետական հաստատութիւններ, որոնք ի վիճակի են ապահովելու ժողովուրդին  զարգացումը անվտանգութեան պայմաններուն մէջ», նշած է Մասիս Մայիլեան եւ աւելցուցած, որ Արցախը կողմնակից է, որ բոլոր վէճերը լուծուին բանակցութիւններու սեղանի շուրջ, խաղաղ ճամբով:

Այնուհետեւ նախարարը պատասխանած է երիտասարդ քաղաքական գործիչները յուզող հարցերուն, որոնք կը վերաբերէին Արցախի տնտեսական, քաղաքական, կրթական զարգացումներուն:

Նոյն օրը երիտասարդները Արցախի պետական համալսարանի սրահին մէջ հանդիպում ունեցած են արցախեան շարք մը հասարակական կազմակերպութիւններու հետ:

Կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները ներկայացուցած են իրենց գործունէութիւնը Արցախի մէջ, պատասխանած են երիտասարդներու հարցումներուն:

Այնուհետեւ անոնք խորհրդարանի նիստերու մեծ դահլիճին մէջ հանդիպում ունեցած են Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան անդամներուն հետ:

Ողջունելով երիտասարդները` խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Սարգսեան խօսած է «Դաշնակցութեան»` խորհրդարանին մէջ  ներկայացուած ընկերվարական խմբակցութեան` պետականաշինութեան, խորհրդարանական գործունէութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան բնագաւառներուն մէջ ունեցած դերակատարութեան մասին: Արմէն Սարգսեան ներկայացուցած է արցախեան տագնապը` շեշտելով, որ ոչ թէ տարածքները կը որոշեն ժողովուրդին ճակատագիրը, այլ ինքնորոշումէն կը բխի տարածքային հարցը:

Արմէն Սարգսեան եւ խմբակցութեան անդամ Դաւիթ Իշխանեան, պատասխանելով երիտասարդներուն առաջադրած հարցումներուն, անդրադարձած են Արցախի խորհրդարանի կառուցուածքին, կին եւ  տղամարդ պատգամաւորներու համամասնութեան, խորհրդարանին մէջ  երիտասարդներու ընդգրկուածութեան, քննարկուող օրէնսդրական նախագիծերուն, իշխանութիւն եւ ընդդիմութիւն ներկայացնող խմբակցութիւններու համագործակցութեան:

Երիտասարդները 30 սեպտեմբերին հանդիպում ունեցած են Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ զբօսաշրջութեան փոխնախարար Գայեանէ Գրիգորեանի հետ: Գայեանէ Գրիգորեան ներկայացուցած է երիտասարդական մարզին մէջ տարուող պետական քաղաքականութեան ուղղութիւնները, Արցախի մէջ ապրող երիտասարդներու հիմնական խնդիրները, որոնք, ըստ փոխնախարարին, էականօրէն չեն տարբերիր այլ շրջաններու երիտասարդներու խնդիրներէն:

Ընկերվար քաղաքական գործիչները հետաքրքրուած են Արցախի երիտասարդութեան զբաղուածութեան, մարզի ֆինանսաւորման, զինուորական ծառայութեան, սահմանամերձ շրջաններու բնակիչներու ուսման իրաւունքներուն վերաբերող հարցերով:

Աշխարհի տարբեր երկիրներէ հասած երիտասարդները 30 սեպտեմբերին այցելած են նաեւ «Հալօ Թրասթ» ականազերծման միջազգային կազմակերպութեան արցախեան գրասենեակ, իսկ 1 հոկտեմբերին` Ստեփանակերտի «Թումօ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոն:

Դէպի Արցախ այցելութիւնը եզրափակուած է տեսարժան վայրեր այցելութեամբ:

Լիբանանի Յառաջդիմական երիտասարդութիւն կազմակերպութեան ընդհանուր համակարգող Լամա Արիտին Արցախի խնդիրը կը նմանցնէ միջինարեւելեան շատ խնդիրներու, ուր մեծ պետութիւններուն կողմէ փոքրերուն իշխելու եւ իրենց ենթարկելու ընդհանուր միտումը կայ: «Խնդիրը նաեւ այս շրջանի ջրային պաշարներուն հետ կապուած է, եւ ատոր համար Ազրպէյճան Արցախը կը ցանկայ իր կազմին մէջ տեսնել»,  կը կարծէ Լամա Արիտի, որ մինչեւ իր այցելութիւնը կը մտածէր, որ վտանգաւոր պատերազմական մթնոլորտ պիտի ըլլայ, բայց այստեղ ամէն ինչ խաղաղ է ու հանգիստ:

Կիպրոսի Էտեքս ընկերվարական կուսակցութեան արտաքին յարաբերութիւններու քարտուղար Կիորկոս Իրոտոթու նշած է, որ մինչեւ Արցախ այցելելը քիչ մը կասկածամտօրէն կը վերաբերէր այստեղի իրավիճակին, բայց տեսնելէ ետք հասկցաւ, որ ծաղկման ժամանակաշրջանի մէջ կը գտնուի Արցախը եւ բաւական զարգացած է:

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն. Գումբուրդօ Գիւղի Ս. Համբարձման Եկեղեցու Շուրջ Վէճի Առիթով

Յաջորդը

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ցաւակցական Հեռագիր Յղած Է Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Տանըլտ Թրամփին

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.