Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբը երէկ շարունակեց քննարկել Եւրասիական տնտեսական միութենէն (ԵՏՄ) դուրս գալու համար ժամանակաւոր յանձնախումբ ստեղծելու «Ելք» խմբակցութեան առաջարկը:
ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան այս մասին խօսելով նշեց, որ «Ելք»-ին նախաձեռնութիւնը օգտակար է, բուն հարցին քննարկումը` նոյնպէս, քանի որ, ըստ անոր, «մենք պէտք է հասկնանք` ո՛ւր հասած ենք եւ ի՛նչ հարցեր ունինք»:
«Բերուած են լաւ փաստարկներ, զորս մենք կրնանք մեր ԵՏՄ-ի գործընկերներուն ներկայացնել, նոյն Պիելոռուսիոյ, Ղազախստանի մասով բերուած փաստարկներ, որ անոնք տարօրինակ կեցուածք դրսեւորած են այս ընթացքին», յայտնած է Ռուստամեան` աւելցնելով, որ այս փաստարկները անհրաժեշտ է ներկայացնել, որպէսզի Եւրասիական տնտեսական միութեան մէջ հասկնան, որ ԵՏՄ-ի փոխարէն Եւրոպական Միութեան հետ մեր համագործակցութիւնը զգալիօրէն կը մեծնայ:
Ռուստամեանի համաձայն, բայց եւ այնպէս ճիշդ պիտի ըլլար, որ «Ելք»-ը տնտեսական հաշուեկշիռը բերելու զուգահեռ բերէր նաեւ ռազմավարական հաշուեկշիռը, որ չկար:
«Պէտք է նայէինք պարտքերուն, տեսնէինք` մէկ կողմը ԵՏՄ-ն է, միւս կողմը Եւրոպական Միութիւնը: Տեսնէինք` ի՞նչ ռազմական աջակցութիւն ցուցաբերած են Հայաստանին: Եւ հոս է, որ պիտի տեսնէինք, որ ասիկա անհամեմատելիօրէն մեծ է: Ի հարկէ, ասոր մէկ մասը պետական գաղտնիք է, իսկ ինչ որ հրապարակուած է` անհամեմատելի թիւեր են: Այդ ցուցանիշները շատ կարեւոր են», ըսած է Ռուստամեան եւ նշած, որ ատոր առնչուած է այն, որ ԵՏՄ-ին անդամակցութիւնը կը կապուի նաեւ անվտանգութեան խնդիրներու:
Արմէն Ռուստամեան շեշտած է, որ տնտեսութիւնը Դաշնակցութեան համար միջոց է, ուստի պէտք է լուծել տնտեսական խնդիրները: «Մենք միշտ կը նշենք, որ պէտք է զարգանանք` չզիջելով: Շատ դիւրին է տնտեսութիւնը զարգացնել` զիջելով, օրինակ` տուրք տալ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի պահանջներուն: Ուստի պէտք է հասկնալ` ինչը ինչի հետ կը համատեղենք», յայտնած է ան:
Սակայն Ռուստամեան այն կարծիքին է, որ գոյութիւն ունեցող վիճակը պէտք չէ մեզ պատանդի վիճակին մէջ դնէ: «Պէտք է կարենանք այլընտրանքներ գտնել, բայց արդեօք նպատակայարմա՞ր է հիմա վերջնական որոշումներ տալը: Կը կարծեմ` ո՛չ ժամանակի եւ ո՛չ ալ ձեւի ճիշդ ընտրութիւն կատարուած է», ըսած է ան:
Ըստ պատգամաւորին, այսօր կանգնած ենք «Ե՛ւ ե՛ւ»-ի շեմին, ուրեմն ինչո՞ւ ընտրենք «կամ, կամ»-ի ուղին: «Յանձնախումբի ստեղծումը կը նշանակէ մեծամասնութեան համաձայնութիւն: Եթէ մեծամասնութիւնը ընդունի, այս կը նշանակէ, որ ինք աւելի կը սրէ «կա՛մ, կա՛մ»-ի քաղաքականութիւնը: Այսօր ընդդիմութիւնը ունի քննիչ յանձնախումբ ստեղծելու կարելիութիւն, ինչո՞ւ այդ ուղիով չ՛ընթանար», ըսած է Ռուստամեան` աւելցնելով. «Ճիշդ չէ վերջնական որոշում կայացնել եւ երկիրը դնել կացութեան առջեւ»:



