Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուստամեան. «ԵԽԽՎ-ի Մէջ Առողջացման Լուրջ Գործընթաց Պէտք Է Սկսի»

September 29, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար, Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ Հայաստանի պատուիրակութեան անդամ Արմէն Ռուստամեան «Թերթ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին հաստատած է, որ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) Հայաստանի պատուիրակութիւնը թեր պիտի քուէարկէ ԵԽԽՎ-ի նախագահ Փեթրօ Ակրամունթի հրաժարականի նախաձեռնութեան:

Ան նշած է, որ Հայաստանի պատուիրակութիւնը վաղուց միացած է Փ. Ակրամունթի հրաժարականի պահանջին վերաբերեալ ԵԽԽՎ-ի պատուիրակներու շրջանակին մէջ կայացող ստորագրահաւաքին:

«ԵԽԽՎ-ի մէջ առողջացման լուրջ գործընթաց մը պէտք է սկսի: Եւ ատիկա արդէն տեղի կ՛ունենայ մեր աչքին առջեւ: Ակրամունթի հրաժարականը պիտի ըլլայ այն կարեւոր, լուրջ քայլերէն մէկը, որ պիտի օգնէ առողջացնելու, նոր որակ տալու վեհաժողովին: Բայց առողջացման գործընթացը պէտք է անոր հրաժարականով չսահմանափակուի: Ստեղծուած է համապատասխան մարմին, որ  պիտի հետաքննէ փտածութեան առնչութիւնները», նշած է Ա. Ռուստամեան:

Ըստ անոր, արդէն իսկ կան բաւական լուրջ տուեալներ, որոնք կը փաստեն ո՛չ միայն Փեթրօ Ակրամունթի` փտածութեան խայտառակութիւններու մասնակցութիւնը, այլ նաեւ ուրիշ շատ անձերու:

«Կը կարծեմ, թէ ճիշդ ա՛յս գործընթացն է, որուն մենք կը ձգտէինք երկար ատենէ, որովհետեւ ԵԽԽՎ-ն սկսած էր կորսնցնել իր հեղինակութիւնը, վերածուած էր ազրպէյճանական-թրքական ձեռնածութիւններու գործիք, փտածութիւնը սասանած էր ԵԽԽՎ-ի հեղինակութիւնը: Հիմա ասիկա հեղինակութեան վերականգնման գործընթացն է», նշած է պատգամաւորը:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդար քննութիւն կ՛ակնկալէ՞` Արմէն Ռուստամեան ըսած է, որ իրենք պիտի հետեւին այս գործընթացին, ստեղծուած մարմինը կազմուած է կարելի եղածին չափ առարկայական ու թափանցիկ քննութիւն իրականացնելու համար:

 

Նախորդը

«10 Տարուան Ընթացքին Արցախի Համախառն Ներքին Արտադրութիւնը Աւելցած Է 4 Անգամով» Հաստատած Է Արա Յարութիւնեան

Յաջորդը

Մանոյեան. «Ալիեւի Յայտարարութիւնը Պէտք Է Օգտագործել Եւ Ստորագրել Հայաստան-Արցախ Ռազմաքաղաքական Պայմանագիրը»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.