Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնած են, որ «Թերթ»-ին խնդրանքով մեկնաբանելով Միշիկընի կողմէ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին սատարող բանաձեւի որդեգրումը` նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Անի Սարգսեան ըսած է, որ Արցախի ճանաչումը եւ միջազգային հոլովոյթներուն մէջ անոր ներգրաւումը պիտի ապահովեն հանրապետութեան քաղաքացիներուն կողմէ իրենց իրաւունքներու եւ ազատութիւններու լիարժէք օգտագործումը, ինչպէս նաեւ թոյլ պիտի տան կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը պահպանելու շրջանին մէջ:
«Արցախի ճանաչման շարունակուող հոլովոյթը կը վկայէ, որ Արցախի ժողովուրդին կողմէ ընտրուած ինքնորոշման ուղին համարժէք կերպով կ՛ընկալուի եւ կը գնահատուի աշխարհի մէջ: Արցախի միջազգային ճանաչումը անշրջելի հոլովոյթ է եւ ասկէ ետք եւս պիտի մնայ մեր արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններէն մէկը», յայտնած է ան` երախտագիտութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը ունեցած են այս բանաձեւի որդեգրման մէջ:


