Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մանոյեան. «Ալիեւի Յայտարարութիւնը Պէտք Է Օգտագործել Եւ Ստորագրել Հայաստան-Արցախ Ռազմաքաղաքական Պայմանագիրը»

September 29, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան 28 սեպտեմբերին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն հնչած` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու ելոյթներուն:

Ան նշեց, որ Սերժ Սարգսեան ՄԱԿ-ի ամպիոնէն երկու հիմնական հարցերու մասին խօսեցաւ` Արցախի եւ Թուրքիոյ հետ 2009 թուականին ստորագրուած արձանագրութիւններուն: Մանոյեան կարեւոր նկատեց նախագահին այն շեշտադրումը, որ Արցախի տագնապի լուծումը պէտք է հիմնուած ըլլայ Արցախի ինքնորոշման ճանաչման եւ անվտանգութեան երաշխիքներուն վրայ:

Անդրադառնալով նախագահին այն յայտարարութեան, թէ մինչեւ գարուն Հայաստան առ ոչինչ պիտի յայտարարէ այդ արձանագրութիւնները, քանի որ անոնք սին են, Կիրօ Մանոյեան շատ կարեւոր նկատեց այդ մէկը եւ միեւնոյն ատեն նշեց. «Մենք ըսած ենք, կը կրկնենք, որ ասիկա նոյնիսկ ուշացած քայլ է, որովհետեւ Թուրքիան այս ամբողջ ընթացքին ցոյց տուաւ, որ ինք անկեղծ չէր այդ բանակցութիւններուն մէջ եւ հիմնական նախապայման կը դնէ Արցախի հարցը: Այդ պատճառով ալ արձանագրութիւնը առ ոչինչ յայտարարելու համար կարիք չկայ նոյնիսկ մինչեւ գարուն սպասելու»:

Ալիեւի ռազմատենչ ելոյթին մասին Կ. Մանոյեան ըսաւ, որ համաձայն չէ, թէ ատիկա կատարուած է ներքին լսարանին համար, ապա ընդգծեց, որ այդ ելոյթը պէտք է օգտագործել եւ ստորագրել Հայաստանի եւ Արցախի ռազմաքաղաքական պայմանագիրը:

«Այդ յայտարարութիւնը առիթ էր: Տակաւին ուշ չէ, եւ այդ առիթը կարելի է օգտագործել ու ստորագրել Հայաստան-Արցախ ռազմաքաղաքական պայմանագիրը, որ նախորդ տարուան ապրիլէն յանձնարարուած է նախագահին կողմէ, եւ որ պատրաստուած է: Անհրաժեշտ է ատիկա ստորագրել` ցոյց տալու համար, որ կարելի չէ այսպիսի բաներ ընել», հաստատեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը:

Մանոյեանի համաձայն, այդ կը նշանակէ, որ Ալիեւ կրնայ լուրջ գործողութիւններու դիմել, արդարեւ, ասիկա միայն այդ յայտարարութեան պարունակին մէջ պէտք չէ դիտել: «Այն ամբողջ պատրաստուածութիւնը, զոր իրենք կը կատարեն Նախիջեւանի, Հայաստանի հետ սահմանային շրջաններուն, Արցախի հետ շփման գիծին մէջ կը վկայեն, որ իրենք կը պատրաստուին զինուորական մեծ գործողութեան», ըսաւ Մանոյեան եւ աւելցուց, որ ատիկա չի նշանակեր, թէ անպայման պիտի սկսին ռազմական գործողութիւններու:

Նախորդը

Ռուստամեան. «ԵԽԽՎ-ի Մէջ Առողջացման Լուրջ Գործընթաց Պէտք Է Սկսի»

Յաջորդը

Միշիկըն Դարձաւ Արցախի Անկախութիւնը Ճանչցող Ամերիկեան 8-րդ Նահանգը

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.