Գլխաւոր լուրեր

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան  Պատուիրակութիւնը Այցելեց  Սփիւռքի Նախարարութիւն

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Պատուիրակութիւնը Այցելեց Սփիւռքի Նախարարութիւն

13 սեպտեմբերին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան պատուիրակութիւնը` ատենապետ Քարոլին Շմաւոնեանի գլխաւորութեամբ: ՀՕՄ-ի պատուիրակութեան կազմին մէջ էին` փոխատենապետ Նայիրի Տէրտէրեան, ատենադպիր Ռիթա Հինթլեան, գանձապահ Սիլվա Գույումճեան, ինչպէս նաեւ անդամներ Լիզա Աւագեան, Նելլի Վէքիլեան, Աննա Տէր Յակոբեան, Վարսենիկ Սարգիսեան, Սոնիա Աքէլեան, Ալեսիա Պեճանեան, Օժիկ Գրիգորեան եւ Նելլի Նարկիզեան: Նախարարը շնորհաւորեց կառոյցին անդամները` ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան 25-ամեակին...

«Ապագայ Լրագրողներ»-ը Շարունակեցին  Հետեւիլ Լրագրութեան  Վարժողական Ծրագիրին

«Ապագայ Լրագրողներ»-ը Շարունակեցին Հետեւիլ Լրագրութեան Վարժողական Ծրագիրին

«Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած լրագրութեան վարժողական ծրագիրը շաբաթական իր հերթականութեամբ կը շարունակուի: Այս ծրագիրին հետեւող հայկական վարժարաններու միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու 12 աշակերտները հինգշաբթի, 14 սեպտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ հետեւեցան լրագրութեան վերաբերող յատուկ դասախօսութեան: «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժագ Յակոբեան հանդիպեցաւ «Ապագայ լրագրողներ»-ուն հետ` անոնց ներկայացնելով ամբողջական տեղեկութիւններ լուրերու տեսակներուն, լուրերու կարեւորութեան, օգտագործուած աղբիւրներուն, ապատեղեկատուութեան ծուղակներուն, էջադրումի դասական...

«Մենք Կը Գտնուինք Նոր Որակի  Անցումային Շրջանի Մէջ»  Ըսած Է Նախագահ Սերժ Սարգսեան

«Մենք Կը Գտնուինք Նոր Որակի Անցումային Շրջանի Մէջ» Ըսած Է Նախագահ Սերժ Սարգսեան

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 14 սեպտեմբերին Պորիս Մինցի հիմնարկին եւ Հայ-ռուսական համալսարանին կազմակերպած «Փոքր անցումային տնտեսութիւններ. տեղական պատասխաններ համընդհանուր մարտահրաւէրներու» նիւթով նստաշրջանին առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ շեշտը դրած է Հայաստանի ապրած ներկայ զարգացումներուն վրայ: Ըստ անոր, անկախութեան տարիներու իր փորձառութեամբ Հայաստան, անկասկած, հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ քաղաքագիտութեան եւ տնտեսագիտութեան ժամանակակից տեսաբաններուն համար, մանաւանդ որ Հայաստան յետխորհրդային երկիրներէն առաջինն էր, որ...

Կրթութեան Եւ Գիտութեան Նախարարութիւնը Կարեւոր Կը Նկատէ Օտար Լեզուներու Ուսուցումը

Կրթութեան Եւ Գիտութեան Նախարարութիւնը Կարեւոր Կը Նկատէ Օտար Լեզուներու Ուսուցումը

Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան 14 սեպտեմբերին ընդունած է Ռուսիոյ նախագահի միջազգային մշակութային համագործակցութեան հարցերով ներկայացուցիչ Միխայիլ Շուիտքոն, որ Երեւան կ՛այցելէ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի 200-ամեակին նուիրուած տօնական նախաձեռնութիւններուն մասնակցելու նպատակով: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են կրթութեան եւ գիտութեան բնագաւառին մէջ հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր: Նախարար Մկրտչեան ներկայացուցած է կրթութեան բնագաւառին մէջ իրականացուող բարեփոխումները` նշելով, որ օտար լեզուներու ուսուցումը եւ...

ՀՀԿ-ն Դրական Կը Նկատէ Կարապետեանի  Կառավարութեան 1 Տարուան Աշխատանքը

ՀՀԿ-ն Դրական Կը Նկատէ Կարապետեանի Կառավարութեան 1 Տարուան Աշխատանքը

14 սեպտեմբերին տեղի ունեցած Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան Գերագոյն մարմինի հերթական նիստէն ետք ՀՀԿ-ի բանբեր Էդուարդ Շարմազանով անդրադարձած է քննարկուած բազմաթիւ հարցերուն, որոնցմէ նշած է վարչապետ Կարէն Կարապետեանի վարչապետութեան մէկ տարուան հաշուետուութիւնը: «Կուսակցութիւնը դրական կը նկատէ Կարապետեանի համաձայնական կառավարութեան մէկ տարուան գործունէութիւնը: Ամրագրուած են յստակ թիւեր, եւ մեր նախատեսած ուղիով կ՛ընթանայ ամէն բան: Կայ 6 տոկոսէն աւելի տնտեսական աշխուժութիւն, արտածման եւ...

Ուաշինկթըն Չի Զօրակցիր Իրաքի Քրտական  Ինքնավար Մարզի Անկախութեան Հանրաքուէին

Ուաշինկթըն Չի Զօրակցիր Իրաքի Քրտական Ինքնավար Մարզի Անկախութեան Հանրաքուէին

Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Իպրահիմ Ժաաֆարի յայտնեց, որ քիւրտ ղեկավարները պէտք է պատրաստ ըլլան դիմակայելու հետեւանքները, եթէ միակողմանիօրէն յայտարարեն Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի անկախութիւնը: Իրաքեան դիւանագիտութեան պետը Գահիրէի մէջ արաբ արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին մասնակցութեան ծիրին մէջ նշեց, որ անկախութիւնը գործնական գետնի վրայ նախատեսուածէն դժուար է, եւ քիւրտ ղեկավարներուն կոչ ուղղեց` լաւապէս մտածելու նախքան անջատման քայլին դիմելը: Միացեալ Նահանգներու արտաքին...

Ճատրակ. Լիբանանի Ա. Դասակարգի Տղոց Խմբային Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս Հանդիսացաւ Հայկական Առաջին Խումբը,  Որ Լիբանանի Ախոյեան Կը Դառնայ

Ճատրակ. Լիբանանի Ա. Դասակարգի Տղոց Խմբային Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Հանդիսացաւ Հայկական Առաջին Խումբը, Որ Լիբանանի Ախոյեան Կը Դառնայ

Չորեքշաբթի, 6 սեպտեմբեր 2017-ին սկսան Լիբանանի ճատրակի 2017-ի Ա. դասակարգի տղոց ախոյեանութեան մրցումները` մասնակցութեամբ 10 խումբերու: Անոնք են` Լիբանանեան բանակ, Անդրանիկ Անթիլիաս, Սովիեթներ, Քֆարշիմա, Անիմասիոն, Թանմիէ, Ֆրերներ, Ահլի Սայտա, Անսար եւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս: Իւրաքանչիւր օր, երեկոյեան ժամը 18:30-էն սկսեալ, տեղի ունեցան հանգրուանի մը մրցումները, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ, Նաքքաշ: 9-րդ եւ վերջին հանգրուանի ճակատումները տեղի ունեցան երէկ` հինգշաբթի, 14 սեպտեմբերին:...

Նախարար Նալբանդեան. «Լափշինի Գործը  Ազդեցութիւն Պիտի Չունենայ, Շուտով  Բազմաթիւ Պլոկըրներ Պիտի Այցելեն Արցախ»

Նախարար Նալբանդեան. «Լափշինի Գործը Ազդեցութիւն Պիտի Չունենայ, Շուտով Բազմաթիւ Պլոկըրներ Պիտի Այցելեն Արցախ»

Երէկ կառավարութեան հետ հարց-պատասխանի նիստին ընթացքին, Ազգային ժողովի «Ծառուկեան դաշինք» խմբակցութեան պատգամաւոր Վահէ Էնֆիաջեան հարց ուղղեց արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանին: Ազրպէյճանի լրատուամիջոցներու մէջ պլոկըր Ալեքսանտր Լափշինի կողմէ յայտարարութիւն մը հրապարակուած է, որուն մէջ  մեղանչական դիրքերէ հանդէս եկած է: «Ինչպէ՞ս եղաւ, որ այս հարցով այսպիսի հանգուցալուծում կատարուեցաւ», հարցուց Էնֆիաջեան: Նալբանդեան նշեց. «Թէ ինչպէս Պաքուն այդպիսի մեղանչական նամակներ կը կորզէ, կ՛երեւի...

Վարդանեան. «Քաղաքականութեան Մէջ  Որեւէ Բան Բացառուած Չէ»

Վարդանեան. «Քաղաքականութեան Մէջ Որեւէ Բան Բացառուած Չէ»

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը տեսականօրէն չի բացառեր «Ծառուկեան» դաշինքին հետ համաձայնական կառավարութեան կազմութեան հաւանականութիւնը: «Քաղաքականութեան մէջ որեւէ բան բացառուած չէ», «Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Աղուան Վարդանեան: Աղուան Վարդանեան նշեց, որ պէտք չէ աճապարել, ժամանակը կու գայ` բոլոր հարցումներուն պատասխանները կը տրուին: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կը տեսնէ՞ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան կարիքը համաձայնական կառավարութեան մէջ, Աղուան Վարդանեան...

«Մեր Ռազմաարդիւնաբերական Համալիրը  Այսօր Կը Գտնուի Վերելքի Վրայ»  Կ՛ըսէ Վիգէն Սարգսեան

«Մեր Ռազմաարդիւնաբերական Համալիրը Այսօր Կը Գտնուի Վերելքի Վրայ» Կ՛ըսէ Վիգէն Սարգսեան

Երէկ կառավարութեան հետ հարց-պատասխանի ժամանակ Ազգային ժողովի «Ելք» խմբակցութեան պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեան հարցում  ուղղեց պաշտպանութեան մարզի խնդիրներուն վերաբերեալ: Փաշինեանի համաձայն, տարիներ շարունակ Ազգային ժողովին մէջ եղած է լուռ համաձայնութիւն պաշտպանութեան մարզի խնդիրներուն առնչութեամբ, որ զանոնք պէտք չէ քննարկել եւ հրապարակայնացնել` «թուրքը չլսէ» տրամաբանութեամբ: Սակայն, ըստ Փաշինեանի, ապրիլեան պատերազմը ցոյց տուաւ, որ ատիկա սխալ մօտեցում է, եւ բոլոր խնդիրները պէտք է...

Կարօ Փայլան Ամերիկայի Հայ Դատի  Յանձնախումբի «Խաղաղութեան  Մրցանակ»-ի Կ՛արժանանայ

Կարօ Փայլան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի «Խաղաղութեան Մրցանակ»-ի Կ՛արժանանայ

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան պիտի ստանայ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի «Խաղաղութեան մրցանակ»-ը: Պարգեւատրման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Լոս Անճելըսի մէջ, 8 հոկտեմբեր 2017-ին` Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի կալա ընթրիքին ընթացքին: «Կարօ Փայլան իսկական ժամանակակից հայ հերոս է, որ  իշխանութիւններուն անվախ եւ քաջութեամբ կ՛ըսէ ճշմարտութիւնը, քանի որ ան ամէնուր հայերուն համար արդարութիւն կը փնտռէ», նշած է Ամերիկայի Հայ դատի...

«Հայութեան Համար Նահատակութեան Գաղափարը Սուրբ Է  Եւ Ոեւէ Նահատակ Ազգին Կը Պատկանի,  Պայմանով Որ Ան Եղբայրասպան Կռիւներու  Մասնակցած Չըլլայ»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Հայութեան Համար Նահատակութեան Գաղափարը Սուրբ Է Եւ Ոեւէ Նահատակ Ազգին Կը Պատկանի, Պայմանով Որ Ան Եղբայրասպան Կռիւներու Մասնակցած Չըլլայ» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Ազգային սուգի օրուան վերաբերող ամէնէն ազդեցիկ իրականութիւնը բանակայիններուն նահատակութիւնն է, հեռու` ըսի-ըսաւներէ եւ յաւելեալ մեկնաբանութիւններէ, որոնք երբեմն թունաւոր պատգամներ կ՛ընդգրկեն, սակայն մեծաւ մասամբ պոռոտախօսութիւններ են: «Իբրեւ սովորական քաղաքացիներ` լիբանանցիներ, մենք այսօր կրնանք կատարեալ հպարտութեամբ ըսել, որ ահաբեկչութեան դէմ կռիւի ճակատներուն վրայ մեր...

Արմէն Ռուստամեան. «Մեզի Համար  Կարեւորը Գաղափարներն Ու Ծրագիրներն Են»

Արմէն Ռուստամեան. «Մեզի Համար Կարեւորը Գաղափարներն Ու Ծրագիրներն Են»

Երէկ խորհրդարանին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ Դաշնակցութիւնը դէմ է «Ելք»-ի` Եւրասիական տնտեսական միութենէն  դուրս գալու առաջարկին: Լրագրողները հետաքրքրուեցան` արդեօք վերջին պահուն Եւրոպական Միութեան հետ  համաձայնագիրը կրկին պիտի չստորագրուի՞: Ռուստամեան պատասխանեց, որ այս անգամ նման բան պիտի չըլլայ: «Այն պատճառը, որուն հետեւանքով համաձայնագիրը չստորագրուեցաւ, այլեւս գոյութիւն...

Արցախի Մէջ.  Նախագահ Սահակեանը Հանդիպում Ունեցած Է  Ազգային Ժողովի Խմբակցութիւններուն Հետ

Արցախի Մէջ. Նախագահ Սահակեանը Հանդիպում Ունեցած Է Ազգային Ժողովի Խմբակցութիւններուն Հետ

Նախագահ Բակօ Սահակեան 11 եւ 12 սեպտեմբերին ունեցած է քաղաքական խորհրդակցութիւններ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Հայրենիք», «Ժողովրդավարութիւն», «Դաշնակցութիւն», «Շարժում-88» եւ «Վերածնունդ» խմբակցութիւններուն հետ: Քննարկուած են հանրապետութեան ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող շարք մը հարցեր: Յատուկ  ուշադրութեան արժանացած է նոր Սահմանադրութեան հետ կապուած իրականացուելիք բարեփոխումներուն ընթացքը: Նախագահը կարեւոր նկատած է նման հանդիպումները քաղաքական եւ գործնական տեսանկիւններէ` զանոնք նկատելով ներքաղաքական կառուցողական երկխօսութեան...

Բանակին Նուիրուած Յաղթանակի  Փառատօնը Առկախուեցաւ

Բանակին Նուիրուած Յաղթանակի Փառատօնը Առկախուեցաւ

Երէկ յետմիջօրէին պաշտպանութեան եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւններուն կողմէ հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատուեցաւ, որ բանակին նուիրուած յաղթանակի փառատօնը, որ տեղի պիտի ունենար վաղը, առկախուած է, զուտ գումակային պատճառներով: Միւս կողմէ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանը եւ նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Նատա Սարտուքը` ընկերակցութեամբ զբօսաշրջութեան մարզին մաս կազմող հաստատութիւններու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան անձնակազմը...

Պուրճ Համուտի Ժողովուրդը Իր Հաւատարմութիւնը  Եւ Գնահատանքը Կ՛արտայայտէ Լիբանանեան Բանակին

Պուրճ Համուտի Ժողովուրդը Իր Հաւատարմութիւնը Եւ Գնահատանքը Կ՛արտայայտէ Լիբանանեան Բանակին

Արեան տուչութեան արշաւէն եւ Ազգային սուգի օրուան առիթով հայկական վաճառատուներու ու հաստատութիւններու ամբողջական փակումէն ետք, Պուրճ Համուտի հայութիւնը բանակին զօրակցութեան իբրեւ արտայայտութիւն, անոր կը նուիրէ զինուորական ռէյնճըրներ եւ թի-շըրթներ: Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ եւ Պուրճ Համուտի ժողովուրդին կողմէ, նախանցեալ օր Պաալպեքի մէջ բանակի 6-րդ վաշտին նուիրուեցաւ 300 զինուորական ռէյնճըր (Desert Ranger) եւ 500 հատ զինուորական թի-շըրթ` գնահատելու համար Լիբանանի արեւելեան...

Ակնարկ.  Նուրբ Դիրք` Պրիւքսելի  Եւ Մոսկուայի Միջեւ

Ակնարկ. Նուրբ Դիրք` Պրիւքսելի Եւ Մոսկուայի Միջեւ

Համաեւրոպական մակարդակի վրայ Պաքուի ուղղութեամբ բացասական մթնոլորտի տարածման միտումները թափով զարգանալու նախադրեալներ կը փոխանցեն: Խաւիարային դիւանագիտութեան ծալքերու բացայայտման դրսեւորումները, ամբողջացման կարգով արձանագրած են Փարիզի մէջ պաշտօնական Պաքուի բացած դատը երկու լրագրողներու դէմ, որոնք ալիեւեան իշխանութիւնը որակած էին բռնատիրութիւն. պուլկարական մամուլին կատարած բացայայտումները ազրպէյճանական զինամթերքի ահաբեկչութեան տրամադրումին մասին, ինչպէս նաեւ Պուտափեշթ-Պաքու արտայանձնման գործարքային գործողութիւնը իրականացնելու համար միլիոնաւոր տոլարներու յատկացման փաստի շրջանառութիւնը...

Վրաստանի Փոխվարչապետը  Երախտագիտութիւն Յայտնած Է  Նախագահ Սերժ Սարգսեանին

Վրաստանի Փոխվարչապետը Երախտագիտութիւն Յայտնած Է Նախագահ Սերժ Սարգսեանին

Երէկ նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունած է աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստանի Հանրապետութիւն գտնուող Վրաստանի փոխվարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Միխեիլ Ճանելիծէն: Զրուցակիցները անդրադարձած են տարբեր մարզերու մէջ հայ-վրացական փոխադարձ գործակցութեան եւ երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման ուղղուած ծրագիրներուն` այդ շրջագիծին մէջ քննարկելով բարձր մակարդակով ձեռքբերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ընթացքը: Հանրապետութեան նախագահը կարեւոր նկատած է յաճախակի փոխադարձ այցելութիւնները, որոնք, անոր համոզումով, լաւ առիթներ են  քննարկելու համագործակցութեան ընթացիկ...

ՀՅԴ-ն Դէմ Պիտի Քուէարկէ Եւրասիական  Տնտեսական Միութենէն  Դուրս Գալու «Ելք»-ի Առաջարկին

ՀՅԴ-ն Դէմ Պիտի Քուէարկէ Եւրասիական Տնտեսական Միութենէն Դուրս Գալու «Ելք»-ի Առաջարկին

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը դէմ պիտի քուէարկէ «Ելք»  խմբակցութեան կողմէ Ազգային ժողովին ներկայացուած Եւրասիական տնտեսական միութենէն դուրս գալու մասին նախագիծին, «Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան: «Խաղ ու պար չէ` այսօր մտնել վաղը դուրս գալ... Հայաստանը լուրջ քայլ կատարած է, Եւրասիական տնտեսական միութիւնը մեզի համար ապահոված է կայուն, խաղաղ զարգանալու...

Յաղթանակի Փառատօն`  Նահատակաց Հրապարակին Վրայ

Յաղթանակի Փառատօն` Նահատակաց Հրապարակին Վրայ

Պաշտպանութեան եւ զբօսաշրջութեան նախարարներ Եաագուպ Սարրաֆ եւ Աւետիս Կիտանեան երէկ պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ տուին միացեալ մամլոյ ասուլիս մը: Սարրաֆ յայտնեց, որ առանց բանակին շղթայազերծած «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութեան արձանագրած յաղթանակին եւ առեւանգուած բանակայիններու ճակատագիրին բացայայտումին, Լիբանան պիտի մնար ահաբեկչութեան եւ վտանգի օղակին մէջ: Ան նշեց, որ նահատակուած բանակայինները հերոսներ են, որոնց յիշատակը անթառամ պիտի մնայ մեր էութեան եւ զգացումներուն մէջ: «Անոնց...

Page 607 of 796 1 … 606 607 608 … 796

Արխիւներ