5 նոյեմբերին Հայաստանի 69 համայնքներու մէջ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններ տեղի ունեցած են: Համայնքի ղեկավարի 135 թեկնածուներէն 56-ը անկուսակցական են, 67-ը` Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան, 6-ը` Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան, 4-ը` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, 1-ը` Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան եւ 1-ը Համերաշխութիւն կուսակցութեան անդամներ էին: Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի մամլոյ ծառայութեան համաձայն, հանրապետութեան 69 համայնքներուն մէջ տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններու քուէարկութեան մասնակիցներուն թիւը կազմած է 243.335 կամ 50,06 առ հարիւր:
Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն ՀՅԴ-ի յաղթած թեկնածուներ են.
Շիրակի մարզի Մարմաշէն համայնքին մէջ ղեկավար ընտրուած է ՀՅԴ կուսակցութենէն Կարէն Արշակեան (1.463 ձայն),
Ախուրեան համայնքը պիտի ղեկավարէ ՀՅԴ-էն Արծրունի Իգիթեան (2.393 ձայն),
Արագածոտնի մարզի Ծաղկահովիտ համայնքին մէջ յաղթած է ՀՅԴ թեկնածու Նորային Յակոբեան (2.467 ձայն),
Լոռիի մարզի Շիրակամուտ համայնքին մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն արդիւնքներով համայնքը պիտի ղեկավարէ ՀՅԴ-ի թեկնածու Աշոտ Երանոսեան (410 ձայն):
Աղուան Վարդանեան. «Ընտրութիւնները Տեղի Ունեցած Են Հանգիստ Մթնոլորտի Մէջ»
Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեանի բնորոշումով` Դաշնակցութիւնը 5 նոյեմբերին տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն համեստ ձեւով մասնակցած է:
«Մենք միայն 5 համայնքներու մէջ առաջադրած էինք համայնքի ղեկավարի թեկնածուներ, որոնցմէ երկուքին մէջ տեղի կ՛ունենային արտահերթ ընտրութիւններ: Այդ թեկնածուներէն չորսը ընտրուած են:
«34 համայնքներու մէջ ալ ունէինք աւագանի թեկնածուներ` մէկէն մինչեւ 6-7 հոգի: Աւագանիի թեկնածուներու մօտ 70 առ հարիւրը ընտրուած է: Շիրակի մարզին մէջ, օրինակ, կայ երեք խոշորացող համայնք, որոնցմէ երկուքին մէջ յաղթած են մեր թեկնածուները: Ախուրեանի եւ Մարմաշէնի մէջ յաղթած են դաշնակցական թեկնածուները, Շիրակամուտի մէջ ալ մեր թեկնածուն յաղթած է:
«Ամէնէն կարեւորը այն է, որ ընտրութիւնները անցած են հանգիստ մթնոլորտի մէջ, արտառոց բան տեղի չէ ունեցած», «Հրապարակ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է Աղուան Վարդանեան:


