Թուրքիա տեսադիտարկման սարքեր տեղադրած է Հայաստանի հետ սահմանին վրայ: Տեսախցիկները տեղադրած է Թուրքիոյ Կարսի շրջանի տեղական ինքնակառավարման մարմինը` սահմանին միշտ հսկելու նպատակով, կը հաղորդէ «Փանարմինիըն»-ը` վկայակոչելով «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:
«Սահմանագիծի երկայնքին տեսախցիկներու տեղադրման եւ ամրակայման աշխատանքները աւարտած են: Տեսախցիկներու փորձարկումները կը շարունակուին: 2.800 միլիոն թրքական լիրա արժողութեամբ տեսախցիկներու տեղադրման նախագիծը, որ ուղղուած է Կարսի մէջ սահմանագիծին հսկելուն, պիտի կասեցնէ որոշ բացասական երեւոյթներ ու աւելի մեծ անվտանգութիւն պիտի ապահովէ», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:
1993-ին Թուրքիա միակողմանիօրէն փակած է օդային եւ ցամաքային սահմանը Հայաստանի հետ: Միջազգային հանրութեան ճնշման տակ օդային սահմանը վերաբացուեցաւ 1995-ին, իսկ ցամաքային սահմանի վերաբացման եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու համար Թուրքիա առաջ կը քաշէր շարք մը նախապայմաններ, որոնցմէ հիմնականն են Լեռնային Ղարաբաղի վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջանները Ազրպէյճանին վերադարձնելը եւ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումէն հրաժարումը: 1991-էն ի վեր յարաբերութիւններու կարգաւորման բազմաթիւ փորձեր կատարուած են, որոնք անյաջողութեան մատնուած են Թուրքիոյ որդեգրած դիրքորոշումին պատճառով:


