Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան. «Եւրոպական Խորհուրդը Հայաստանի Մէջ Բարեփոխումներու Իրականացման Հարցով Կարեւոր Գործընկեր Է»

Նոյեմբեր 8, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) դիտարկումի  յանձնախումբի Հայաստանի վերաբերեալ համազեկուցողներ Ալան Միլը եւ Ճուզեփփէ Կալաթինը:

Ողջունելով հիւրերը` հանրապետութեան նախագահը Հայաստանի մէջ  ժողովրդավարութեան ամրապնդման տեսանկիւնէն կարեւոր նկատած է ԵԽԽՎ դիտարկումի հոլովոյթը եւ ընդգծած, որ Եւրոպական խորհուրդին հետ համագործակցութիւնը, որուն շնորհիւ վերջին տարիներուն բաւական յառաջընթաց արձանագրուած է մարդու իրաւունքներու, ժողովրդավարութեան եւ օրէնքի գերակայութեան մարզերուն մէջ, կը բխի Հայաստանի շահերէն: Նախագահը ընդգծած է, որ Հայաստանը եւս իր դրական նպաստը բերած է համաեւրոպական այդ կարեւոր կառոյցի զարգացման եւ ամրապնդման` միշտ հաւատարիմ մնալով Եւրոպական խորհուրդի անդամակցութեամբ ստանձնած յանձնառութիւններու պատշաճ իրականացման: ԵԽԽՎ համազեկուցողներուն հետ հանդիպումները, նախագահ Սարգսեանի գնահատումով, միշտ կ՛անցնին բաց եւ կառուցողական մթնոլորտի մէջ, որ օգտակար է աշխատանքները ճիշդ ուղղութեամբ տանելու եւ դրական արդիւնքներ ունենալու: Նախագահը նկատել տուած է, որ համազեկուցողներուն այցելութիւնը զուգադիպած է Հայաստանի մէջ  տեղի ունեցող համակարգային բարեփոխումներու կարեւոր շրջափուլի մը հետ, որ աննախադէպ է թէ՛ ընտրական հոլովոյթներուն նկատմամբ հանրութեան վստահութեան աճին եւ թէ՛ ընտրութիւններուն յաջորդած հասարակական փոխադարձ համաձայնութեան ձեւաւորման տեսանկիւնէն, ինչ որ արժանացած է միջազգային դիտորդական առաքելութիւններուն, որոնց շարքին` ԵԽԽՎ պատուիրակութեան դրական գնահատականին:

Նախագահ Սարգսեան անգամ մը եւս ընդգծած է, որ Եւրոպական խորհուրդը Հայաստանի մէջ բարեփոխումներու իրականացման հարցով կարեւոր գործընկեր է, որուն հետ մեր երկիրը շահագրգիռ է համագործակցութիւնը շարունակելու: Նկատի առնելով, որ համազեկուցողի պաշտօնին ասիկա Ալան Միլի վերջին այցելութիւնն է Հայաստան, նախագահ Սերժ Սարգսեան բարձր գնահատած է անոր  գործունէութիւնը, որ եղած է կառուցողական եւ ի նպաստ առկայ  խնդիրներու արդիւնաւէտ լուծման:

Համազեկուցողները գոհունակութեամբ արձանագրած են այն փոփոխութիւնները, զորս նկատած են Հայաստան իրենց հերթական այցելութեան ընթացքին: Անոնք դրուատանքով խօսած են սուրիահայ գաղթականները իրենց նախնիներու պատմական հայրենիքին` Հայաստանի մէջ ընդունելու եւ զգալի աջակցութիւն ցուցաբերելու մասին` նշելով, որ ատիկա լաւ օրինակ կրնայ հանդիսանալ նաեւ աշխարհի այլ պետութիւններու եւ ժողովուրդներու համար: Համազեկուցողները շնորհաւորած են հանրապետութեան նախագահը երկրին մէջ նկատելի յառաջընթացին առնչութեամբ եւ նշած, որ Եւրոպական խորհուրդին կողմէ  գնահատելի եղած է պետական կառավարման կիսանախագահական համակարգէն աւելի ժողովրդավարական` խորհրդարանական համակարգին անցնելու Հայաստանի քայլը, ինչպէս նաեւ այն հետեւողականութիւնը, որ երկիրը կը ցուցաբերէ սահմանադրական փոփոխութիւններէն բխող բարեփոխումներու իրականացման ուղղութեամբ: Համազեկուցողներ Ալան Միլը եւ Ճուզեփփէ Կալաթին յոյս յայտնած են, որ Հայաստանի մէջ այսուհետեւ լաւագոյն ջանքը պիտի ներդրուի ամրապնդելու ժողովրդավարութիւնը եւ Հայաստանի դիրքերը  աշխարհի մէջ:

Հանդիպումին անդրադարձ կատարուած է նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթին:

Հանդիպում` Վարչապետ Կարապետեանի Հետ

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան երէկ ընդունած է Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի դիտարկումի  յանձնախումբի անդամներ, ԵԽԽՎ համազեկուցողներ Ալան Միլը եւ Ճուզեփփէ Կալաթինը:

Վարչապետը կարեւոր նկատած է համազեկուցողներու Հայաստան տուած պարբերական այցելութիւնները, որոնք թոյլ կու տան քննարկելու մեր երկրին մէջ ընթացող բարեփոխումները եւ ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարման ընթացքը:

«Եւրոպական խորհուրդին անդամակցութենէն ի վեր Հայաստան աշխուժօրէն ներգրաւուած եղած է կառոյցի եւ անոր տարբեր մարմիններու աշխատանքներուն մէջ: Մենք բարձր կը գնահատենք մեր համագործակցութիւնը եւ շնորհակալ ենք Եւրոպական խորհուրդին` փորձագիտական աջակցութեան համար, այդ կարգին` նաեւ օրէնսդրական բարեփոխումներու ծրարներու մշակման գործին: Կը կարծեմ, որ Հայաստանը մեծ ճամբայ անցած է այդ պարտաւորութիւններու կատարման ուղղութեամբ, որուն մասին կը  վկայեն ԵԽԽՎ-ի եւ Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու կոմիտէին կողմէ իրականացուող դիտարկումի արդիւնքները», ըսած է Կարէն Կարապետեան:

ԵԽԽՎ համազեկուցողներ Ալան Միլը եւ Ճուզեփփէ Կալաթինը  համակարծիք եղած են, որ Հայաստանը բաւական կարճ ժամկէտի մը մէջ  բաւական երկար ուղի անցած է` նշելով, որ համապետական ընտրութիւններէն ետք երկիրը փոփոխութիւններու եւ զարգացումներու  յաջորդ փուլ թեւակոխած է:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են սահմանադրական բարեփոխումներով պայմանաւորուած հոլովոյթներուն, ընտրական բարեփոխումներուն եւ փտածութեան դէմ պայքարին վերաբերող հարցեր: Վարչապետ Կարէն Կարապետեան ներկայացուցած է այս ուղղութիւններով կատարուած եւ կատարուող աշխատանքները, որոնց նպատակը վերոնշեալ հոլովոյթներուն արդիւնաւէտ եւ սահուն կազմակերպումն է: Վարչապետը նշած է, որ հակափտածութիւն  պայքարը Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան մշտական ուշադրութեան կեդրոնն է, եւ բացի փտածութեան նուազեցման ուղղութեամբ յստակ քայլերէն, շարք մը ձեռքբերումներ արձանագրուած են նաեւ օրէնսդրական դաշտին մէջ:

Վարչապետը անդրադարձած է նաեւ համարկումի տարբեր միաւորումներու եւ առանձին երկիրներու հետ տնտեսական համագործակցութեան կարելիութիւններուն, խօսած գործարարական  միջավայրի բարելաւման, ներդրումային աշխուժութեան խթանման եւ ներդրումներու ներգրաւման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներու  մասին: «Մեր գլխաւոր նպատակը իւրաքանչիւր ներդրողին` թէ՛ տեղական, թէ՛ օտարերկրեայ, իր գործունէութեան համար անհրաժեշտ բոլոր պայմաններով ապահովելն է: Մենք յատուկ ուշադրութիւն կը  դարձնենք գործարարական միջավայրին, կ՛արձանագրենք, որ վերջին մէկ տարուան ընթացքին ունինք դրական արդիւնքներ, բայց գիտենք նաեւ թոյլ կէտերը եւ կ՛աշխատինք զանոնք վերացնելու ուղղութեամբ», նշած է վարչապետ Կարէն Կարապետեան:

ԵԽԽՎ համազեկուցողները ողջունած են Հայաստանի կառավարութեան կողմէ տարբեր մարզերու մէջ իրականացուող բարեփոխումները:

«Կարելի է երկու բանի համար շնորհակալութիւն յայտնել` նախ, այն արժանապատիւ եւ լուրջ մօտեցման համար, որ ձեր երկիրը կը ցուցաբերէ Սուրիայէն գաղթականներու, յատկապէս, սփիւռքահայերու հոսքին առումով: Մենք երախտապարտ ենք անոր համար: Երկրորդ` Եւրոպական  խորհուրդին անունով ալ շնորհակալ ենք այն աշխատանքին համար, որ Եւրոպայի մէջ կը կատարեն Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագէտներն ու ներկայացուցիչները, ԵԽԽՎ-ի  մէջ ձեր պատուիրակութիւնը: Մենք կրնանք վստահեցնել, որ պիտի շարունակենք օժանդակել ձեզի, որպէսզի ձեր երազած նոր Հայաստանը կառուցելու ճամբուն վրայ այդ աշխուժութիւնը պահպանէք», իր խօսքին մէջ ըսած է Ալան Միլը:

 

 

Նախորդը

Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակը Կը Դատապարտէ Օսման Քաւալայի Ձերբակալութիւնը

Յաջորդը

Ակնարկ. Տարածաշրջանյին Նորագոյն Զարգացումներ. Հայկական Դիտակէտեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը

Յուլիս 14, 2025
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն  Մարմինի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Յայտարարութիւն. Ահաբեկչութեան Կազմակերպման Մասին Պնդումները Ի Սկզբանէ Եղած Են Անհիմն

Յուլիս 14, 2025
Արցախահայերը Երկրորդ Օրն Ըլլալով  Կը Շարունակեն Նստացոյցը
Հայկական

Արցախահայերը Երկրորդ Օրն Ըլլալով Կը Շարունակեն Նստացոյցը

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?