Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան. «Մինչեւ 2040 Հայաստանի Հանրապետութեան Բնակչութիւնը 4 Միլիոնի Հասցնելու Համազգային Նպատակը Դժուար, Բայց Իրականանալի Խնդիր Է»

November 9, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ կազմակերպած էր հանրապետութեան ժողովրդագրական խնդիրներուն նուիրուած խորհրդակցութիւն, որուն մասնակցած են վարչապետը, փոխվարչապետը, նախագահի աշխատակազմի ղեկավարը, Ազգային ժողովի  առողջապահութեան եւ ընկերային հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահը, աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու, առողջապահութեան, տարածքային կառավարման եւ զարգացման, գիւղատնտեսութեան, ելեւմտական, տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու, սփիւռքի նախարարները, արտաքին գործոց նախարարի տեղակալը, նախագահի աշխատակազմի պաշտօնեաներ:

Խորհրդակցութեան ընթացքին ըստ բնագաւառներու ներկայացուած եւ քննարկուած են Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդագրական հիմնական խնդիրները եւ իրավիճակի բարելաւման կարելիութիւնները, անդրադարձ կատարուած է պետական քաղաքականութեան թիրախաւորման հիմքը կարեւորուող` երկրի ժողովրդագրական իրավիճակին վրայ ազդող հիմնական գործօններուն, առաջնահերթութիւններուն եւ անոնց հիման վրայ իրականացուելիք միջոցառումներուն, ինչպէս նաեւ թիրախային նպատակին հասնելու խթաններուն:

Խորհրդակցութեան սկիզբը հանրապետութեան նախագահը ընդգծած է, որ մինչեւ 2040 Հայաստանի բնակչութիւնը 4 միլիոնի հասցնելու համազգային նպատակը դժուար, բայց իրականանալի խնդիր է: Նախագահը յաղթահարելի նկատած է նաեւ ժողովրդագրական իրավիճակին վրայ այսօր բացասաբար ազդող` Հայաստանի հետ դրացիներուն ունեցած յարաբերութիւններուն պատճառով առկայ  անվտանգութեան խնդիրները:

Նախանշուած թիրախային նպատակին հասնիլը, նախագահ Սարգսեանի համոզումով, պէտք է ըլլայ Հայաստանի բոլոր իշխանութիւններուն խնդիրը, եւ 2040-էն ետք ալ ժողովրդագրական իրավիճակի շարունակական բարելաւումը պէտք է նոյնչափ կարեւոր նկատուի:

Խորհրդակցութեան հիման վրայ հանրապետութեան նախագահը տուած է շարք մը յանձնարարականներ. մասնաւորապէս` կառավարութեան յանձնարարուած է մշակել Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդագրական իրավիճակի (մինչեւ 2040) բարելաւման ռազմավարական հիմնադրոյթները, արտացոլել զանոնք մինչեւ 2030 Հայաստանի զարգացման ռազմավարութեան մէջ` սահմանելով համապատասխան բաղադրիչներ եւ 5-ամեայ թիրախներ հետագայ ծրագիրներու մշակման ու իրականացման համար: Ընդգծուած է, որ կառավարութեան կողմէ մշակուող բոլոր ռազմավարական ծրագիրները պէտք է անդրադառնան ժողովրդագրական իրավիճակին` հիմք ընդունելով կառավարութեան կողմէ հաստատուած ժողովրդագրական իրավիճակի բարելաւման մինչեւ 2040-ի  ռազմավարական հիմնադրոյթներն ու այդ պահուն գործող համապարփակ ռազմավարական ծրագիրի մօտեցումները:

Նախորդը

Լոս Անճելըսի Քաղաքապետը Կը Ծրագրէ Արցախ Եւ Հայաստան Այցելել

Յաջորդը

Տուայթ Հաուըրտ Տուգանքի Ենթարկուեցաւ

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.