Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ «Շուշի» Կոմիտէ. Ընթրիք-Հանդիպում` Ռաուտայի Ժողովուրդին Հետ. «Երբ Կամքը Կայ, Հաւատքը Կայ, Ուժը Անպայման Տեղ Կը Գտնէ» Ըսաւ Յակոբ Բագրատունի

Նոյեմբեր 11, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէին, երէկ` ուրբաթ, 10 նոյեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-էն սկսեալ, Ռաուտայի մէջ տեղի ունեցաւ ընթրիք-հանդիպում մը` ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին եւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանին:

Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Վազգէն Յակոբեան: Ան դիտել տուաւ, որ հանդիպում-ընթրիքին նպատակն է մնայուն կապ հաստատել հայ ընտանիքներուն հետ, ապա ըսաւ, որ ՀՅԴ-ն ժողովուրդէն ծնած է ժողովուրդին համար, ծառայած եւ պայքարած է միշտ ժողովուրդին համար: Իսկ ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէն իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ կ՛աշխատի օգտակար դառնալ շրջանի հայ ընտանիքներուն:

Խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Ան իր խօսքին սկիզբը դիտել տուաւ, որ հայ ժողովուրդի աւանդութիւններուն մէջ ամէնէն կարեւոր աւանդութիւնը սեղանակից ըլլալն է, իրարու հետ աղ ու հաց ուտելն է, ապա ըսաւ, որ հանդիպումին բուն նպատակը նոյն սեղանին շուրջ իրարու հետ ըլլալն է եւ ըսելը, որ մենք ձեզի հետ ենք: Մենք մեր ժողովուրդէն ծնած ենք: Կուսակցութեան համար պաշտօնները հագուստի վրայ շքանշաններ չեն, ո՛չ ալ զինուորական աստիճաններ են, ինչքան շատ պատասխանատուութիւն կրենք, այդքան աւելի պարտաւորութիւնը կը կրենք ծառայելու մեր ժողովուրդին: Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ պաշտօն ստանալը իմաստ չունի, երբ ժողովուրդը քու հետդ չէ, պաշտօնի վրայ ըլլալը անիմաստ է, երբ ժողովուրդը դժգոհ է քեզմէ: «Կայ մէկ իրականութիւն` Լիբանանի հայութիւն, երբ Լիբանանի հայութիւն կ՛ըսեմ, ո՛չ կուսակցական, ո՛չ ալ համայնքային տարբերութիւն կը դնեմ, մեզի համար ամէն մէկ հայ արժէք է Լիբանանի մէջ, ամէն մէկ հայ, որ հայերէն կը խօսի, որ հայերէնով կ՛աղօթէ, որ հայկական դպրոց կը յաճախէ, որ հայկական բոյն կազմած է, արժէք է մեզի համար, եւ մենք այդ հայերուն հետ կ՛ուզենք ապրիլ», նշեց ան:

Յ. Բագրատունի անդրադառնալով լիբանանահայութեան անցնող տասնամեակներու պատմութեան, ըսաւ, որ միշտ ըսուած է, որ հայը պարկեշտ է, հայը արդար է, հայ չի խաբեր, հայը կը շինէ, հայը չի գողնար, չի քանդեր: Հիմնականը այն է, որ մենք կ՛ուզենք հպարտ հայ  եւ հպարտ լիբանանցիներ ըլլալ: Եթէ երբեք մենք բոլորս միասնաբար մէկ բռունցք ըլլանք, իրարու հետ ըլլանք, իրարու համար աշխատինք, հաւատացէք, որ մենք իսկապէս Լիբանանի մէջ եւ Լիբանանէն դուրս հզօր կ՛ըլլանք, եթէ Լիբանանի մէջ հզօր ըլլանք, մենք հզօր ենք նաեւ սփիւռքի մէջ, եթէ Լիբանանի մէջ հզօր ըլլալով զօրաւոր ենք սփիւռքի մէջ, մենք հզօր եւ զօրաւոր կը դարձնենք Հայաստանը եւ Արցախը, նման այն շղթային, որուն հիմնական կեդրոնը Հայաստանն ու Արցախն է, եւ այդ շղթային իւրաքանչիւր օղակը մեր սփիւռքեան գաղութներն են, այդ օղակներէն ամէնէն հաստատունը եւ պողպատեան Լիբանանի հայութիւնն է, որ գիշեր ու ցերեկ կ՛աշխատի, որպէսզի հայու պատիւը բարձր պահէ, իր զաւակները հայկական դպրոց ղրկէ, իր ընտանեկան բոյնը ամուր պահէ, ասոր դիմաց մենք իբրեւ պատասխանատուներ միայն կրնանք ըսել, որ պատրաստ ենք այդ ամրութիւնը աւելի ամրացնել, որպէսզի ամբողջութեամբ ամրանայ մեր ժողովուրդը:

Անդրադառնալով երեսփոխանական ընտրութիւններուն` Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ հիմնականը ընտրութիւններու ընթացքին առաւելագոյն թիւով հայերու քուէարկութեան մասնակցութիւնն է, որպէսզի ցոյց տանք, որ մենք իսկապէս թիւ եւ քաղաքական ուժ ենք, մեր ժողովուրդի ճակատագիրը, մեր ժողովուրդի ներկայացուցիչները հայերը կ՛որոշեն:

Իր խօսքի աւարտին Բագրատունի գոհունակութիւն յայտնեց հանդիպումին համար, որուն բարեբախտութիւնը մեծ թիւով երիտասարդներու ներկայութիւնն է, որ քաջալերող է, եւ ըսաւ.  «Երբ կամքը կայ, հաւատքը կայ, ուժը անպայման տեղ կը գտնէ»:

Այնուհետեւ երգիչ Վիգէն Տիշչեքենեան ճոխացուց մթնոլորտը` մեկնաբանելով ազգային-հայրենասիրական երգեր:

 

Նախորդը

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կազմակերպութեամբ. Պարգեւատրում Պրէօվէի Պետական Քննութեանց Բարձրագոյն Նիշ Ապահոված Աշակերտներու

Յաջորդը

Պուրճ Համուտի Բնակարանային Ծրագիրի Պաշտօնական Մեկնարկ Եւ 600 Ինքնաշարժ Պարփակող Կառատան Բացում

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջին Անմիջական Արձագանգին Ետին  Կանգնած Իրականութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջին Անմիջական Արձագանգին Ետին Կանգնած Իրականութիւնը

Նոյեմբեր 1, 2025
Այցելելով Պէյրութ`  «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը  Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ»  Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պէյրութ` «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ» Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

Նոյեմբեր 1, 2025
Պաքուի Մէջ Կը Շարունակուի  Հայ Գերիներու Դատավարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Աւարտած Է Արցախի Ռազմաքաղաքական Ղեկավարներու Եւ Միւս Գերիներու Դատավարութիւնը

Նոյեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?