Ուրբաթ, 10 նոյեմբեր 2017-ի երեկոյեան «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ հայկական վարժարաններու պրէօվէի պետական քննութեանց բարձրագոյն նիշ ապահոված աշակերտներու պարգեւատրման ձեռնարկ տեղի ունեցաւ` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի դաստիարակչական յանձնախումբին:
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան հայկական վարժարաններու տնօրէններ, ուսուցիչներ, ծնողներ եւ հոծ բազմութիւն մը:
Յայտագիրին մեկնարկը տրուեցաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի դաստիարակչական յանձնախումբի անդամ Նարօտ Քեչեպաշեան: Ան նշեց, որ յանձնախումբը այս ձեռնարկը կազմակերպած է 2016-2017 տարեշրջանի պրէօվէի պետական քննութեանց գերազանց արդիւնքներ ապահոված հայկական վարժարան յաճախող 88 աշակերտները գնահատելու նպատակով: Ան յայտնեց, որ համախմբուած են տարբեր շրջաններէ, միջավայրերէ եւ դպրոցներէ, բայց նպատակը նոյնն է` դաստիարակել հայ անհատը նախ իբրեւ լաւ մարդ` անոր փոխանցելով մարդկային բոլոր արժէքները, եւ ապա իբրեւ լաւ հայ, որ կը գիտակցի իր ինքնութեան կարեւորութեան եւ անոր պահպանման անհրաժեշտութեան:
Ան լուսարձակի տակ առնելով հայ դպրոցին առաքելութիւնը նշեց, որ հայ դպրոցը եղած է ու պիտի մնայ ո՛չ միայն բարձր մակարդակի ուսում ջամբող կառոյց, այլ նաեւ պահանջատէր եւ ազգային նկարագիր ունեցող հայ անհատներ կերտող դարբնոց մը:
ՀՅԴ ԼԵՄ-ը միշտ արժեւորած է հայ դպրոցին սրբազան առաքելութիւնը եւ միշտ պիտի մնայ անոր կողքին` դերակատար դառնալու համար հայ աշակերտին եւ երիտասարդին հայեցի դաստիարակութեան եւ հայ ինքնութեան հզօրացման աշխատանքին մէջ:
Ան ըսաւ, որ ինչպէս մեր նախնիները, այնպէս ալ այսօրուան երիտասարդները պիտի դառնան մեր ապագայ ղեկավարները, ուսուցիչները, գիտնականները եւ պիտի կերտեն նոր սերունդ մը` նոր արժէքներով կլանուած:
Իր խօսքի աւարտին ան շնորհաւորեց այն փայլուն աշակերտները, որոնք իրենց թափած ճիգին եւ աշխատանքին համար միշտ բարձր կը պահեն հայ ազգին անունը: Ան շնորհաւորեց նաեւ ծնողները իրենց անսահման խնամքին եւ քաջալերանքին համար: Հուսկ` շնորհաւորեց ուսուցիչները եւ տնօրէնները իրենց հետեւողական աշխատանքին եւ մեծ գուրգուրանքին համար:
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը: ԼԵՄ-ի «Շահէն Մեղրեան» մասնաճիւղէն Ռազմիկ Տէրունեան ներկայացուց «Մենք» բանաստեղծութիւնը, իսկ ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղէն մեներգով հանդէս եկաւ Սագօ Եագուպեան` կիթառի նուագակցութեամբ Սէրուժ Խանճիհանեանի:
Օրուան պատգամը ուղղեց Հայկազեան համալսարանի դասախօսներէն Շաղիկ Խիւտավէրտեան: Ան առիթը պատեհ նկատեց գնահատելու եւ գովելու գերազանց արդիւնքներ ձեռք ձգած աշակերտները` յայտնելով, որ ակադեմական յաջողութիւնը, բայց մանաւանդ յիշատակութեան արժանի յաջողութիւնը, ամբողջովին արդիւնք է յարատեւ եւ հաւատաւոր աշխատանքի, ինքնաթելադրուած կարգապահութեան, կազմակերպուած գործի, հաւասարակշռուած դրոյթի եւ անխոնջ ճիգ թափելու հոլովոյթի մը: Ասոնք բոլորը կ՛երաշխաւորեն մարդ անհատի կեանքին մէջ մեծ կարեւորութիւն ներկայացնող ուսումնական յաջողութիւնը: ՀՅԴ ԼԵՄ-ը, համահունչ իր հայեցի դաստիարակութեան սկզբունքներուն եւ իր դաւանած ազգային արժէքներուն, կու գայ գնահատելու լաւն ու լաւագոյնը, յաջող եւ արդար աշխատանքը` շեշտը դնելով այն խիստ կարեւոր եւ անժխտելի իրողութեան վրայ, որ կ՛ապացուցէ, թէ այս բոլորը իրագործուած են զուտ հայկական միջավայրի մէջ, մեր բոլորին համար հարազատ եւ բոլորիս կողմէ անսակարկօրէն յարգելի հայկական կրթական հաստատութիւններու մէջ:
Խիւտավէրտեան յայտնեց նաեւ, որ օտար դպրոցներ յաճախող հայ աշակերտներ եւս ձեռք կը ձգեն պետական քննութիւններու փայլուն արդիւնքներ, բայց ՀՅԴ ԼԵՄ-ը գիտակցաբար եւ արդարօրէն կը գնահատէ հա՛յ դպրոց յաճախողը, հա՛յ դպրոցին հաւատացողը, հա՛յ ուսուցիչի գուրգուրանքին եւ մասնագիտական օժանդակութեան հովանիին տակ կազմաւորուող եւ յաջողող հա՛յ աշակերտը:
Ան անդրադառնալով յաջողութեան երեւոյթին` կատարեց հետեւեալ հարցադրումները. «Ո՞վ է յաջողութիւնը սահմանողը»: «Ինչո՞վ կը սահմանուի ան»: «Ի՞նչ չափանիշներ կ՛որդեգրուին անոր սահմանումին ընթացքին»: «Իմացական կարողութեան առընթեր, ինչպիսի՞ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն անհատի մը ընկերային հմտութիւնները, անոր նկարագրային գիծերը, անհատականութեան եւ զգացումներու առողջ կազմաւորումը` զայն յաջողած անհատ նկատելու արժեւորման մէջ»: «Ակադեմական յաջողութիւնը ինչպէ՞ս կ՛առնչուի կեանքի յաջողութեան եւ լա՛ւ մարդ դառնալու ընթացքին հետ»: «Անհատական ակադեմական յաջողութիւնը ի՞նչ նպաստ կը բերէ հաւաքական կեանքին եւ այս պարագային մեր ազգային տեսլականներու իրագործման»:
Շաղիկ Խիւտավէրտեան հպանցիկ ակնարկ մը նետելէ ետք լիբանանեան պետական քննութիւններուն հոլովոյթին վրայ ըսաւ, թէ անհատապէս թէ հաւաքաբար հարկ է մտածել, թէ միա՛յն նման յաջողութիւններով խանդավառուիլը ի՛նչ տեսակի մարդ կը պատրաստէ, բայց մանաւանդ ի՛նչ որակի հայ կը կազմաւորէ:
Այսօր մեզի հպարտութիւն ներշնչող յաջողած աշակերտը անպայման պէտք է դառնայ վաղուան գիտակից եւ գործօն մասնակիցը մեր ազգային իրականութեան: Մտքի բարձր կարողութեամբ եւ տարբեր կարողականութիւններով օժտուած այսօրուան գերազանց աշակերտը պէտք է դառնայ մեր ազգային կեանքին մէջ գործող տարբեր միութիւններու տիպար եւ աշխուժ անդամը, որպէսզի այս ողջունելի յաջողութիւնը աւելի եւս իմաստաւորուի:
Խիւտավէրտեան իր խօսքին վերջին բաժինով մատնանշեց այն կարեւոր մարտահրաւէրները, որոնք մեր կեանքին մէջ զգալի դարձած են, ինչպէս` որակի բացակայութիւնը, արժէքներու անկումը եւ մակերեսային իրագործումներու սին քարոզչութիւնը: Ան կոչ ուղղեց գնահատելու հայ աշակերտին իրագործումը եւ գուրգուրալու անոր վրայ` ապահովելու համար անոր հայեցի ժառանգութեան եւ համամարդկային արժէքներու զուգահեռ պատրաստութիւնը: Շ. Խիւտավէրտեան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, որ երբ անհատական իրագործումները կ՛աղերսուին հաւաքական կեանքին եւ մասնագիտական մօտեցումով կը նպաստեն նոր յաւելեալ կազմակերպումին եւ յառաջընթացին, տեսիլքն ու տեսլականը կը վերածեն գործի, իրականութեան, անանձնական մօտեցումով օգտակար դառնալու այն կեանքին, որմէ բխած է եւ որուն վրայ խարսխուած մեզմէ իւրաքանչիւրին ինքնութիւնը:
Ապա տեղի ունեցաւ պրէօվէի պետական քննութեանց բարձրագոյն նիշ ապահոված 88 աշակերտներու պարգեւատրումը:
Առաջին հանդիսացաւ Վաչէ Չըլտըրեան` ՀԲԸՄ-ի Դարուհի-Յովակիմեան վարժարանէն:
Երկրորդ` Նարօտ Գառնէշեան` Ազգային Յառաջ- Գ. Կիւլպէնկեան քոլեճէն:
Երրորդ` Շուշի Գոճայեան` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճէն:


